Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեանը եւ անոր ընկերակցողները
31 Հունվար 2026
Չորեքշաբթի, 28 Յունուարի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեանի, որուն կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան եւ անդամներու:
Հանդիպումին ներկայ եղան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ առաջնորդարանի դիւանապետուհի Քնար Գորթոշեան:
Սրբազան հայրը ողջունեց այցելու հիւրը, անոր ընկերակցողները եւ ներկաները, ապա մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց թեմի վերջին տարիներու իրագործումներուն մասին՝ շեշտելով, որ համայնքային կեանքի գործունէութեան դաշտերու ընդարձակման զուգահեռ, աւելցած են նաեւ կարիքները, որոնց բաւարարման համար Ազգային առաջնորդարանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատու մարմինները, անձնակազմը եւ մարդուժը ներկայիս լծուած են տքնաջան աշխատանքի:
Զրոյցին ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վարչական երկու նուիրապետական կեդրոններով գործող Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան, գոյութենական իմաստին եւ ազգային-հայրենասիրական նկարագիրին, ընդգծելով անոր դերն ու տեղը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

