Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի հանդիպումները Աուստրալիոյ մէջ
06 Փետրվար 2026
29 Յունուարի, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, ուղեկցութեամբ Արժանապատիւ Քահանայ Հարեր Տէր Աւետիս Համբարձումեանի եւ Տէր Աշոտ Աբրահամեանի, Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեան հիւրընկալեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, որուն կ’ընկերակցէին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Քորթեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատւոյ Նախագահ Տիար Գրիգոր Սողոմոնեան:
Տէր Գէորգեան Ֆրանսայէն ժամանած է Աուստրալիա որպէս գլխաւոր բանախօս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 135-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան (Փետրուար 1, Սիտնեյ):
Սիրալիր հանդիպումին ընթացքին, Սրբազան Հայրն ու իր հիւրերը քննարկեցին Հայրենիքը, Սփիւռքն ու Աւստրալիոյ Հայ համայնքը յուզող հարցեր:
Նախքան մեկնումը, հիւրերը այցելեցին Սուրբ Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցի:
Յովսէփ Տէր Գէորգեան նաեւ այցելած է Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան:
30 Յունուարի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամներու հետ։
Հանդիպումին ընթացքին ան ներկայացուց Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի ռազմավարութիւնն ու քաղաքականութիւնը, եւ քննարկուեցան Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեան յառաջիկայ աշխատանքներու առաջնահերթութիւնները՝ յատկապէս Արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու համար պայքար, Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ երիտասարդութեան նորարար եւ ստեղծագործ ներուժի ներդնում եւ առհասարակ հայութեան ապահովութեան եւ իրաւունքներուն սպառնացող բոլոր ուժերուն դէմ անդուլ դիմադրութիւն։
Երիտասարդներուն հետ հանդիպումը դրական աւարտին հասաւ Հ.Յ.Դ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ընթացքի մէջ եղող եւ գալիք ծրագիրներու մասին զրոյցով:






