Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան
31 Հունվար 2026
Հինգշաբթի, 29 Յունուարի, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, ուղեկցութեամբ Արժանապատիւ Քահանայ Հարեր Տէր Աւետիս Համբարձումեանի եւ Տէր Աշոտ Աբրահամեանի, Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեան հիւրընկալեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Պրն Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, որուն կ’ընկերակցէին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Վիգէն Քորթեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատւոյ Նախագահ Տիար Գրիգոր Սողոմոնեան:
Տէր Գէորգեան Ֆրանսայէն ժամանած է որպէս գլխաւոր բանախօս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 135-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան:
Սիրալիր հանդիպումին ընթացքին, Սրբազան Հայրն ու իր հիւրերը քննարկեցին Հայրենիքը, Սփիւռքն ու Աւստրալիոյ Հայ համայնքը յուզող հարցեր:
Նախքան մեկնում, հիւրերը այցելեցին Սուրբ Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցի:
