Հայ Դատը Քոնկրեսական Վալատաոյի Հետ Քննարկեց Արցախի Հայութեան Վերադարձի Եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցերը
21 Փետրվար 2026
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան եւ գործադիր վարիչ Ռուբէն Կարապետեան վերջերս Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ հայութեան իրաւանց ջատագովներ՝ Փօլ Ճամուշեանի եւ Վարուժան Տէր Սիմոնեանի հետ, հանդիպում մը ունեցան Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Տէյվիտ Վալատաոյի հետ, քննարկելով հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս՝ Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորում, Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու որդեգրում, Արցախի հայութեան ապահով վերադարձի երաշխաւորում եւ Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներու ազատ արձակում։
Այս առիթով, Յարութիւնեան եւ Ճամուշեան դրուատեցին Վալատաոյի երկար տարիներու ցուցաբերած սկզբունքային զօրակցութիւնը հայութիւնը յուզող հարցերուն, նշելով, որ ան ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործնականապէս նպաստած է հայութեան շահերը պաշտպանելու ջանքերուն։

Քննարկուած կէտերէն մէկն էր Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած ARMENIA Security Partnership Act (H.R.6840) բանաձեւը, որուն նպատակն է սերտացնել Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմական յարաբերութիւնները եւ սահմանափակել Պաքուին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը, մինչեւ այն ատեն, որ Ալիեւի վարչակարգը շօշափելի քայլերու չէ դիմած Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Անիկա նաեւ կը պահանջէ հայ գերիներուն ազատ արձակումը եւ Արցախի հայութեան ապահով վերադարձը։
Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ դիմելով իրենց քոնկրեսականներուն, պահանջեն անոնցմէ, որ զօրակցին թիւ 6840 բանաձեւին, այցելելով կայքէջը։
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շարունակաբար A+ վարկանիշ տուած է քոնկրեսական Վալատաոյին, իր հայանպաստ կեցուածքներուն համար։
