Յայտարարութիւն ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի
23 Փետրվար 2026
Մթագնած է քաղաքական, ընկերային ու բարոյահոգեբանական կացութիւնը հայրենիքէն ներս:
Սկսած են ահաւոր ձեւով հարուածի ենթարկուիլ այն արժէքները, որոնցմով ապրած է հայ ազգը հազարամեակներ, կերտելով իր ապագան հակառակ իր շուրջը ստեղծուած դժնդակ պայմաններու:
20-րդ դարու ընթացքին, հայ ժողովուրդին վիճակուեցաւ երկու առիթներով հասնիլ անկախութեան, իրագործելով իր ազատ ապրելու կամքը:
Այսօր վտանգուած է այդ անկախութիւնը, մեր իսկ ձեռքերով, երբ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը, փոխարինուած է առանց հաշուարկներու ցնորամիտ քաղաքականութեամբ:
Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ձեռնարկուած հակաօրինական արշաւը կը ցնցէ մեր գոյութենական հիմքերը:
Անոր տուն տուող պատճառները ըլլան ճիշդ կամ սխալ, էապէս կը ցնցեն մեզ եւ հաւասարապէս կը հարուածեն, թէ՛ մեր պետութեան ու թէ՛ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյն: Այլ խօսքով հայ ազգին ու Հայաստանին:
Մենք կը հաւատանք թէ որեւէ կառոյց, ըլլայ ան հոգեւոր կամ աշխարհիկ միշտ կարիքը ունի բարեփոխումներու, որպէսզի քայլ պահէ արդի կեանքի պայմաններուն հետ, սակայն այդ բարեփոխումները պէտք է ըլլան քաղաքակիրթ եւ փոխադարձ յարգանքով, ուր կը հնչեցուին մտահոգութիւններ ու կ’առաջարկուին լուծումներ: Այսպիսի մօտեցումները կրնան ըլլալ տեղին ու շինիչ, սակայն ութ ամիսներէ ի վեր գործադրուող միջոցները, անընդունելի են, անտեղի եւ նոյնիսկ վնասակար, ըլլա՛յ իշխանութեան եւ ըլլա՛յ եկեղեցւոյ համար: Նման միջոցներու որդեգրումը, միայն վնաս կը հասցնէ ազգին ու հայրենիքին, որմէ անհրաժեշտ է խուսափիլ:
Շուրջ ութը ամիսներէ ետք ապրիլ այս մթնոլորտին մէջ ու չգիտակցիլ այս անբաղձալի երեւոյթի հետեւանքներուն, կը նշանակէ կտրուած ըլլալ իրականութիւններէ եւ իյնալ ցնորքի ու երազանքներու մէջ:
Եկած է պահը որ քաղաքական ղեկավարութիւնը, որուն ձեռքն են հարցերու լուծման շարք մը բանալիները, բարեկիրթ լուծման միջոցներու մասին մտածէ, փոխան հակաօրինական, հակաիրաւական ու հակաբարոյական լուծումներու որուն ձեռնարկած է:
Հայ ազգի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այս կը պահանջէ, ի սփիւռս ու Հայաստան աշխարհի, որուն պէտք է անսա՛, որեւէ հայրենասէր իշխանութիւն:
Մեր կոչն է, որ քաղաքական, հոգեւոր, հասարակական ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները անսան այս կոչին ու սթափին որովհետեւ ստեղծուած այս վիճակը մեզի կը տանի դէպի կործանում:
Պէտք է սթափիլ այսօր, որովհետեւ վաղը կրնայ ուշ ըլլալ:
Կեցցէ՛ հայ ազգը:
Կեցցէ՛ հայ եկեղեցին:
Կեցցէ՛ հայ պետականութիւնը:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կեդրոնական կոմիտէ
Սիտնի, Աւստրալիա – 20 Փետրուար 2026
