Արցախեան շարժման 38-ամեակ. արցախահայութեան տունդարձը… Քեսապի պրիսմակէն
25 Փետրվար 2026
Արցախի հայաթափումը եւ անոր բռնագաղթը բնականաբար իրենց ծանր անդրադարձը ունեցան նաեւ քեսապահայութեան հոգեվիճակին վրայ, որովհետեւ քեսապահայութիւնը իր մորթին վրայ զգացած էր բռնագաղթն ու «վայելած»` տեղահանութիւնն ու տարագրութիւնը, 21 մարտ 2014-ին:
Քեսապահայութիւնը մեծամասնութեամբ ապաստան գտած էր Լաթաքիա քաղաքը (Քեսապէն 60 քմ հեռու)` հարազատներու, բարեկամներու, ծանօթներու (հայ թէ արաբ ու իսլամ) մօտ, մինչ փոքր թիւ մը անցած էր Լիբանան, իսկ քանի մը ընտանիքներ հասած էին Երեւան:
Սակայն շօշափելի թիւ մը` մօտ 150 անձեր, հնարաւորութիւններէ զուրկ, ապաստանած էին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին (ինչպէս` 1909-ին)` տեղաւորուելով անոր 2 սրահներուն մէջ. անոնց կը տրամադրուէր օրական սնունդ` 3 անգամ:
Հարկ է նշել, որ եկեղեցին կը գտնուէր օրուան իշխանութեան հանդէպ համարեա ընդդիմադիր` իսլամ-արաբներով բնակուած թաղի մը մէջ: Սակայն քեսապահայութեան հոն կեցութեան երեք ամիսներուն ընթացքին անոնք միայն բարեացակամ վերաբերում ունեցան եկեղեցի ապաստանողներուն ու հոն մուտք ու ելք կատարողներուն հանդէպ:
Նշեմ, որ քեսապահայութեան նիւթական նպաստ տրամադրող առաջին անհատը (անկախ` բարեսիրական կողմերէն) եղաւ իսլամ-արաբ անձ մը, որ սէր ունէր քեսապահայութեան հանդէպ:
Բնականաբար բարեսիրական կողմեր, ինչպէս` Սուրիական կարմիր մահիկը, Սուրիոյ Յոյն ուղղափառ եկեղեցին (որպէս անդամ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին) եւ ուրիշ կազմակերպութիւններ, հայկական կառոյցներուն կողքին, փութացին իրենց նպաստները տրամադրել տեղահանուած ժողովուրդին:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ փոքր բակը հանդիսացած էր քեսապահայութեան հանդիպման ժամադրավայրը, մանաւանդ` երեկոները, բան մը, որ յաճախ կը խանգարէր պաշտօնական անձնաւորութիւններուն այցելութիւնները (ինչպէս` Լաթաքիոյ նահանգապետին, Սուրիոյ վարչապետին կամ Սուրիոյ մուֆթիին…) տեղի նեղութեան պատճառով:
Պատասխանատու կողմերը հարկադրուեցան ժողովուրդին այցելութեան ժամերը սահմանափակել` ժամը 4:00- 7:00:
Սակայն անոնք` պատասխանատուները, վերահասու եղան, որ թէկուզ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերուն տեղի ունեցող հանդիպում-այցելութիւնները առիթ էին տեղահանուած հայորդիներուն տարբեր լուրեր, ցաւալի կամ ուրախալի անցուդարձներու մասին փոխանակելու, նաեւ դժուարութիւնները արծարծելու… Մէկ խօսքով, զիրար մխիթարելու, քաջալերելու, վերադարձի յոյսը փայփայելու ու զօրացնելու առիթ մըն է ատիկա հոգեպէս խորտակուած ժողովուրդին:
Այդ հանդիպումները նաեւ առիթ էին իրարու փոխանցելու Քեսապը ազատագրելու պայքարին լուրերը:
Մանուկներուն եւ փոքրերուն հոգեվիճակը ամուր ու կանգուն պահելու նպատակներով խումբ մը երիտասարդներ նախաձեռնեցին անոնց հետ պարապիլ` անոնց երգ, ասմունք, պար ու թատերախաղեր սորվեցնելով, ապա նաեւ փոքրիկ ներկայացում մը տուին «Արարատ» սրահին մէջ, որ կացարանն էր ժողովուրդին:
Տարագրեալ ժողովուրդը ոգեկոչեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ տօնախմբեց մայիս 28-ը` յատուկ նախաձեռնութիւններով:
Ու յանկարծ, արեւշող յունիսեան օր մը (յունիս 14 2014) լուր տարածուեցաւ, որ Քեսապը ազատագրուած է, ու ժողովուրդին, նախ` տղամարդոց, ապա ընտանիքներուն թոյլատրուեցաւ Քեսապ վերադառնալ:
Այսօր, երբ անցած են 12 տարիներ այդ մութ օրերէն, կ’անդրադառնամ ու կը վերյիշեմ, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի ծննդավայր, բնակավայր վերադառնալու, տունդարձի յոյսն ու կամքը ամուր ու վառ պահելը:
Բնականաբար տուն վերադարձած քեսապահայութիւնը անմիջապէս լծուեցաւ վերաշինութեան աշխատանքին` սկսելով եկեղեցիէն, դպրոցէն, տունէն ու այգիէն: Անշուշտ անոր նպաստեցին նիւթաբարոյական օժանդակութիւնները, ու այսպէս կասեցաւ գիւղը լքելու պատրուակը:
***
Անընդմէջ Քեսապ բնակելով եւ զաւակներուս այցելութեան համար Հայաստան գտնուելուս կարճ ժամկէտները ինծի բաւարար հնարաւորութիւններ չեն ընծայած իր իսկ հայրենիքին մէջ տարագիր դարձած արցախահայութեան հետ մնայուն կապ հաստատելու, անոր տարագիրի իրավիճակը խորապէս քննութեան ենթարկելու:
Լրատուական միջոցներով հասած ժլատ տեղեկութիւնները ինծի այնքան ալ դրական տպաւորութիւններ չեն տուած զանոնք պինդ ու յուսալի պահելու գծով: Նոյնիսկ անոնց տրուած օրինաչափ, կենցաղային եւ այլ տեսակի նպաստները չեն համոզած զիս, որ այդ յոյսն ու կամքը ամուր պահելու համար անհրաժեշտը կը կատարուի: Բացի այն իրողութենէն, որ արցախահայութիւնը ինքը կամքի տէր ու յամառ է` տունդարձի տեսանկիւնէ դիտուած:
Սակայն այցելութիւններուս ընթացքին իմ հայեացքիս առջեւ պարզուեցան երկու պարագաներ, որոնք եկան զիս համոզելու, որ մասամբ սխալած եմ: Արցախահայութիւնը իր յոյսը չէ կորսնցուցած ու իսկապէս կամքի տէր է:
Այսպէս, առիթով մը, երբ Երեւան էի եւ կը սպասէի զաւակներուս, որպէսզի իրենց օրուան աշխատանքը աւարտելով հաւաքուինք, նաեւ հոն հասաւ տղաս` Վահանը, որուն դէմքին վրայ կարդացի, որ հոգին վրդոված է, ու դէմքը մռայլ:
Ան մեզի ուզած էր հիւրասիրել արցախցիներու նշանաւոր «Ժենգեալի հացով». ան ճամբուն վրայ հանդիպած էր նորաբաց թոնրատան մը, զոր կը բանեցնէին արցախցի կիներ, որոնք Երեւան հասած էին Շուշիի անկումէն ետք: Շուշեցիներ էին:
Վահանը անոնց հետ զրոյցի բռնուած էր, հարցուփորձ կատարելով անոնց իրավիճակին մասին: Չէ՞ որ ինքն ալ ապրած էր տեղահանութեան դառն «վայելքը»:
Զրոյցին ընդմէջէն ի յայտ կու գայ, որ կիներէն Շուշիի մէկ վարժարանին տնօրէնուհին է:
Ու երբ տղաս, անոնց մխիթարական կամ քաջալերական խօսքեր կ՛արտայայտէր ըսելով`
– Մօրաքոյր, յուսամ շուտով կը վերադառնաք, Արցախ, Շուշի, տուն:
Արցախուհին նախ այնպիսի սուր ու կայծակնային նայուածք մը կը նետէ, որ իր մէջ ունի հետեւեալ հաստատումը. «Անշուշտ, ի՛նչ խօսք, որ պիտի վերադառնանք»: Ապա բացագանչած էր մտածումներուն խորը ու նայուածքին ետին թաքնուած հաւատամքը.
– Պիտի՛ վերադառնանք:
Կարճ ու յստակ:
Տղաս հոգեպէս սարսուռ մը անցուցած էր:
(Օրին այդ մասին անդրադարձած էր «Ազդակ»-ի էջերով https://www.aztagdaily.com/archives/589192 ):
***
Երկրորդ օրինակը, զոր պիտի արձանագրեմ. Շուշիի տարագիր, վիրաւոր, «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբին կը վերաբերի: Առիթը ունեցայ եւ ներկայ գտնուեցայ (2024-ի ամառը) այնտեղ իմ առջեւս պարզուած պատկերին:
Ասոր մասին, անցեալին «Ազդակ» օրաթերթին յօդուածով մը (https://www.aztagdaily.com/archives/659400) տուած եմ մտածումներս ու ապրումներս, զորս կրկնելը անտեղի կը նկատեմ, ուստի կը խուսափիմ:
Սակայն ընդգծեմ, որ 1994-էն ի վեր «Վարանդա»-ն հիմնադրած ու ցայսօր ղեկավարող խմբավարը վարչական ընկերս էր` Զաքար Քեշիշեանը (Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը), որ երկրորդ տարին ըլլալով` տարագիր ու կոտորակուած երգչախումբը կը համախմբէ, կը ղեկավարէ Երեւանի մէջ` իր սաները հաւաքելով մայրաքաղաքէն, Աբովեանէն, Մասիսէն, նոյնիսկ Էջմիածինէն, որոնք երգչախումբի փորձերուն կու գան իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ: Այս նախաձեռնութիւնը կը յաջողի Կիլիկեան աթոռին Ամերիկայի Արեւելեան թեմին եւ անոր բարեջան առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանին ներդրումով:
Ես այդ երգչախումբին փորձերուն ընթացքին ապրեցայ իր տուն ու տեղէն, գիւղէն, քաղաքէն, հայրենիքէն բռնի կերպով տեղահանուած ողջ արցախահայութեան տունդարձի յոյսն ու կամքը, ապրումը, որոնք կը պոռթկային այդ մանուկ-պատանիներուն շրթերէն արձակուած երգերուն ընդմէջէն:
Վերոյիշեալ նախաձեռնութեան մէջ նաեւ անթեղուած էր հայկական, սփիւռքեան, թէեւ` համեստ, բայց շատ խորիմաստ իրողութիւն. արցախահայութեան տունդարձի կամքը, յոյսը, ձգտումը:
Հայութեան, մանաւանդ սփիւռքահայութեան համոզումի ու հաւատքի արտայայտութիւնն էին «Վարանդա» երգչախումբի մեկնաբանութեամբ հնչած երգերը` ըսելու համար, որ Արցախի հարցը չէ փակուած, չի կրնար փակուած սեպուիլ, քանի դեռ արցախահայութիւնը զայն չէ փակած, ու չ՛ուզեր փակել, որքան որ շատ ըլլան ճիւաղներ, դաւաճաններ, բռնապետներ, ըլլան անոնք հայեր (անուամբ` ցաւօք), ապիկարներ կամ մեծապետական շահեր հետապնդողներ:
Հայկական քաղաքական (հայրենիքի թէ արտերկրի մէջ) երկնակամարին տակ հաստատապէս կան կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, կառոյցներ եւ անհատներ, որոնց սեփականութիւնն է անշուշտ տունդարձի համոզումը, գաղափարն ու կամքը… եւ կը շարունակեն այդ ուղղութեամբ գործել ու պայքարիլ: Սակայն ժամն է արդէն, եւ վաղը շատ ուշ կ՛ըլլայ, եթէ վերոյիշեալ համոզումն ու գաղափարախօսութիւնը, այդ անժամանակավրէպ գաղափարը կամ քաղաքական ուղեգիծը իսկապէս համազգային եւ համահայկական ուղեգիծ դարձնելը ուշանայ:
Արցախահայութեան հարցը հաստատ փակուած չէ:
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
