Օրուան հետքերով- Յիշելով Սումկայիթը, քանդել լռութեան պատը
02 Մարտ 2026
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Խոջալուի յուշարձանի բացումն ու Հայաստանի դէմ մեղադրական ելոյթները կը շարունակեն այն քաղաքական վարքագիծը, որով Ատրպէյճան կը փորձէ միջազգային իրականութեան մէջ ամրագրել իր միակողմանի պատմապատումը։
Պաքուն կը փորձէ Խոջալուի հարցը դուրս բերել յիշատակի արարողութիւններու շրջագիծէն եւ զայն վերածել դիւանագիտական ու քարոզչական գործիքի, որուն միջոցով կը հետապնդուի ձեւաւորել «հաւասար մեղաւորներու» նկարագրում, ինչպէս նաեւ կը նսեմացուի հայ ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ գործուած պետական բռնութիւններուն փաստը։
Պաքուի բռնապետի կիրարկած ռազմավարութեան նպատակը յստակ է. միջազգային հարթակներուն վրայ ստեղծել այնպիսի հակակշիռ, որպէսզի հայութեան դէմ իրականացած ոճիրները ներկայացուին իբրեւ հակամարտութեան «փոխադարձ հետեւանք»։ Այս ձեւով կը փորձուի մոռացութեան մատնել պետական ծրագիրով կազմակերպուած բռնութիւններու պատասխանատուութիւնը եւ ապագայ բանակցութիւններուն մէջ ձեռք բերել քաղաքական առաւելութիւն։
Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնական Երեւանը իր դիրքորոշումը սահմանափակած է խաղաղութեան օրակարգով։ Խաղաղութիւն նուաճելու ձգտումը անհրաժեշտ է, սակայն ան չի կրնար արդարանալ պատմական հարցերու շրջանցումով։ Նոյն պահուն, երբ Ատրպէյճան բարձրաձայն կը խօսի Խոջալուի մասին, պաշտօնական Երեւանը զուսպ կերպով՝ գրեթէ լուռ, կը յիշատակէ Սումկայիթի, Պաքուի եւ Գանձակի ջարդերը, ստեղծելով այնպիսի իրավիճակ, որ կը թուլացնէ հայկական դիրքերը միջազգային քաղաքական բեմին մէջ։
Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւնը կը վկայէ շարունակական ցեղային զտումներու մռայլ էջերը՝ սկսեալ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ Արցախի ժողովուրդին վրայ գործուած ոճիրները, մշակութային ոչնչացումը եւ վերջապէս՝ Արցախի հայաթափումը։ Այս իրադարձութիւնները առանձին դէպքեր չեն, այլ մէկ ու ամբողջական շղթայի մը երկար մասնիկը, որ կը մատնանշէ հայութեան բնաջնջման հետեւողական քաղաքականութիւնը եւ անոր վերացումը իր պատմական ակունքներէն։
Հայկական կողմը պէտք է այլեւս յստակ ու համակարգուած միջոցներով արտայայտէ պատմական եւ իրաւական յստակ դիրքորոշում։ Միջազգային իրաւունքի լեզուով, փաստերու հիման վրայ եւ հետեւողական ձեւով պէտք է ներկայացնել հայութեան դէմ իրականացուած բռնութիւնները եւ անոնց անպատժելիութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, ողջունելի եւ կարեւոր եղաւ վերջերս Հայ Դատի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբի զեկոյցը Արցախի հարցով, որ ներկայացուեցաւ Բրիտանիոյ Խորհրդարանական հետաքննութեան հարթակին։
Հայրենի իշխանաւորներուն կողմէ այսպէս ընկալուած «իրապաշտ» քաղաքականութիւնը չի ենթադրեր պատմական փաստերու եւ իրաւունքներու ինքնամերժում։ Պետութեան մը ազգային արժանապատուութիւնը կը թելադրէ տեւաբար եւ համակարգուած ընթացքով պաշտպանել ազգային իրաւունքները։
Իրական եւ կայուն խաղաղութիւնը կարելի է հաստատել միայն այն պարագային, երբ Ատրպէյճան յարգէ հայ ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքները, ապահովէ արցախահայութեան անվտանգութեան եւ վերադարձի պայմանները, դադրեցնէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ հրաժարի պետական մակարդակով ատելութեան քաղաքականութենէն։ Առանց այս հիմքերուն, խաղաղութեան որեւէ համաձայնութիւն կը մնայ ժամանակաւոր ու խոցելի։
Տէր կանգնիլ պատմութեան կը նշանակէ պաշտպանել պետականութիւնը եւ ապահովել արժանապատիւ ապագայ, քանդելով լռութեան պատը, որ արհեստականօրէն կը փորձուի կանգնեցնել հայ ժողովուրդի գոյութենական իրաւունքին առջեւ։ Միայն այս պայմանով կարելի է կառուցել արդար եւ տեւական խաղաղութիւն։
Ազատ օր
