Ակնարկ. 10-րդ Կէտի Հարցականը
09 Ապրիլ 2026
Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ժամանակաւոր զինադուլ հաստատուած է: Ուաշինկթընի ճշդած պայմանաժամէն առաջ Թեհրան ներկայացուցած է 10 կէտնոց առաջարկներ, որոնք ըստ էութեան կարելի է նկատել պայմաններ պատերազմը դադրեցնելու: Այս հրադադարը սկզբունքով պէտք է առաջնորդէ համաձայնութեան համար բանակցութիւններու:
Մինչեւ 10 կէտերու հրապարակումը հռետորաբանական սպառնալիքները մէկ կողմէ եւ անոնց չենթարկուելու ու պատերազմը շարունակելու պատրաստակամութիւնը միւս կողմէ, այն համոզումը կը փոխանցէին հանրային կարծիքին, որ տարածաշրջանը կը թեւակոխէր աննախադէպ մագլցողականութեան եւ անկանխատեսելի հետեւանքներով լեցուն շրջափուլ, որուն ելքը ծայրայեղօրէն անորոշ էր ոչ միայն Իրանի, այլ նաեւ շատ մը երկիրներու համար:
Իրանի նախապայմանները կը կեդրոնանան հիմնականին մէջ բոլոր պատժամիջոցներու վերացման, Իրանի դէմ միջազգային բոլոր որոշումներու եւ բանաձեւերու դադրեցումին, հիւլէականի օգտագործման ինքնուրոյն որոշումի ճանաչումին, Հորմուզի վերահսկողութեան, վնասներու փոխհատուցումին եւ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու տարածաշրջանէն դուրսբերման վրայ: Լիբանանեան հայեցակէտով ամէնէն ուշագրաւ 10-րդ կէտն է` դադրեցնել պատերազմը բոլոր ճակատներուն վրայ, այդ շարքին` Լիբանանի մէջ:
Ամերիկեան արձագանգը եւ հիմնական նախապայմանը կը վերաբերէր Հորմուզի նեղուցի բացումին: Իրանեան երկրորդ կէտը կ՛ամրագրէ Իրանի վերահսկողութեան պահպանումը Հորմուզի նեղուցին: Մնացեալ կէտերը` հիւլէականէն մինչեւ պատժամիջոցներ եւ փրոքսիներ արդէն օրակարգի կէտեր էին նախորդ ընթացող – առկախուող – չեղարկուող բանակցութիւններուն: Անոնց մասին ակնարկ կայ արդէն Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին յայտարարութեան մէջ, թէ արդէն իսկ համաձայնեցուած են անցեալի վիճելի բոլոր կէտերը: Հիմա ուրեմն, ըստ Ուաշինկթընի, հիմնական հանգոյցը Հորմուզի վերաբացումն է, իսկ Իրան անոր համար գրաւոր կ՛ուզէ հաստատել իր կողմէ վերահսկողութեան պահպանման իրաւունքը:
Ժամանակաւոր հրադադարի շուրջ համաձայնութիւնը կայացած է Փաքիստանի միջնորդութեամբ: Անկախ աշխարհագրական դիրքէն, իսլամական աշխարհին մէջ իր ունեցած դերակատարութենէն, թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու հետ իր ունեցած յարաբերութիւններէն, պէտք է անպայման դիտարկել Փաքիստան – Չինաստան ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ այդպիսով Չինաստան – Արեւմուտք կապող օղակի հանգամանքը: Մնացեալը` թէ Փաքիստանի վարչապետին խնդրանքին ընդառաջելով Ուաշինկթըն համաձայնած է հիմք ընդունիլ Իրանի 10 կէտերը եւ հաստատեց երկշաբաթեայ զինադուլ, պարզապէս շղարշ է այս փակուղային վիճակէն ելք գտնելու:
Թել Աւիւի արձագանգը ուշագրաւ է. Իսրայէլ կ՛աջակցի երկշաբաթեայ զինադուլ հաստատելու ամերիկեան որոշումին, պայմանով որ Իրանը բանայ նեղուցները եւ դադրեցնէ Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ տարածաշրջանի երկիրներուն վրայ յարձակումները: Արձագանգը ներառած է նաեւ հիւլէական եւ հրթիռային սպառնալիքներու բաժինը եւ ամէնէն կարեւորը, հաստատած, որ հրադադարը չի տարածուիր Լիբանանի վրայ:
Հիմա կ՛ընդգծուի իրանեան 10-րդ կէտին եւ իսրայէլեանին արձագանգին հակասութիւնը: Իսրայէլեան արձագանգէն կը հասկցուի այն, որ հիմնական անհամաձայնութիւնը 10-րդ կէտն է: Պարզ է, որ Իսրայէլ կ՛առաջադրէ հարաւային շրջանին մէջ ամբողջացնել անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորումը, նախքան որեւէ պայմանաւորուածութիւն Ուաշինկթըն – Թեհրան գիծին վրայ:
Եթէ Միացեալ Նահանգներուն համար Հորմուզի վերաբացումը նոր կանոններով առաջնահերթ նպատակ է, ապա Իսրայէլի համար գէթ կարճատեւ դրուածքով, հարաւային շրջանին մէջ անվտանգութեան գօտիի հաստատումն է: Ահա այստեղ է փաստօրէն, որ Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի ռազմաքաղաքական ժամացոյցի սլաքները նոյն կշռոյթով եւ նոյն ուղղութեամբ չեն յառաջանար:
Երկշաբաթեայ հրադադարը սկզբունքով բանակցային ենթահողի հարթեցում է եւ դէպի համաձայնութիւն առաջնորդելու կոչուած նոր օրակարգ: Ժամանակաւոր հրադադարի հաստատումը սկզբունքով կ՛ընկալուի նաեւ Իրանի 10 կէտերու ընդունում բանակցութիւններու նոր մեկնարկի համար: Ընդ որում` 10-րդ կէտի:
Եթէ 10-րդ կէտը առարկայանայ, այդ կը նշանակէ այս անգամ Ուաշինկթընի կողմէ ճնշում Թել Աւիւի վրայ` Լիբանանի դէմ իր յարձակումները դադրեցնելու: Ա՛յս արդէն ինքնին կ՛ենթադրէ Իսրայէլի պատկերացուցած աշխարհագրութեամբ անվտանգութեան գօտիի չեղարկում: Այս հանգամանքներով ալ կը պարզաբանուի Թել Աւիւի աւելի նեղ սահմաններով յայտարարած արգելակիչ գօտիի ծրագիրը, փոխան նախկին ընդլայնուած սահմաններով իր կողմէ շրջանառութեան մէջ գրուած նախագիծին:
Յամենայն դէպս, եթէ ժամանակաւորը վերափոխուի երկարատեւի եւ աւելին` համաձայնագիրի, ապա տարածաշրջանին մէջ խաղաթուղթերու վերաբաշխում տեղի կ՛ունենայ, ուր Հորմուզը կը վերագործարկուի նոր կանոններով: Մինչ Իրանը կը ներկայանայ բանակցութիւններուն միեւնոյն վարչակարգով, առանց մասնատուած ըլլալու: Հաւանաբար պահպանած ըլլալով նաեւ խաղաղ նպատակներով հիւլէական իր ծրագիրը զարգացնելու իրաւունքը:
Այս գործընթացներով ալ կրնար ակնկալուիլ ամերիկեան ճնշումներ Իսրայէլի վրայ` դադրեցնելու իր յարձակումները Լիբանանի վրայ:
Մինչ այժմ սակայն ճնշում չ՛երեւիր. այս ուղղութեամբ իսրայէլեան յարձակումներու երէկուան սաստկացումները եւ նոր սպառնալիքները կը կապուին նոր համաձայնութիւններու հաւանականութեան եւ անոնց մէջ Թել Աւիւի շրջանցուած ըլլալուն հետ: Ուաշինկթընն է, որ երկընտրանքի առջեւ է, կա՛մ կը չեղարկուի հազիւ կայացած հրադադարի համաձայնութիւնը, կա՛մ ալ Ուաշինկթընը կը ճնշէ Թել Աւիւի վրայ դադրեցնելու իր յարձակումները Լիբանանի վրայ:
Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ ի վերջոյ Ուաշինկթընի համար Հորմուզը պիտի գերադասուի անվտանգութեան գօտիէն:
«Ա.»
«Ազդակ»
