Որոշուած Է Իրանը Քանդել. Յետո՞յ
09 Ապրիլ 2026
Իրանին շնորհուած տասնօրեայ պայմանաժամի աւարտին միօրեայ երկարաձգում մը յայտարարուեցաւ: Անցնող տասնմէկ օրերու ընթացքին, ռմբակոծումներու տարափին ուղեկցութեամբ տեղի ունեցան անուղղակի բանակցութիւններ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ, զինադադար մը հաստատելու համար: Նախորդ բանակցութիւններէն թելադրուած, Իրան չէր գոհանար առաջարկուած քառասունհինգ օր տեւողութեամբ զինադադարով, այլ կ՛ուզէր վերջնական զինադուլ, այսինքն` աւարտ պատերազմին: Չինադադարի կամ զինադուլի համար երկու կողմերուն պայմանները գաղտնի պահուեցան, մեկնաբաններուն թոյլ տալով կատարելու ենթադրութիւններ ու տարատեսակ մեկնաբանութիւններ: Կը թուի, որ Հորմուզի նեղուցին փակումը թշնամական նկատուող նաւերու համար սկսաւ ունենալ նշանակալից կարեւորութիւն բանակցութիւններու ընթացքին: Նեղուցին փակումը պատճառեց ուժանիւթի գիներու մեծ բարձրացում եւ յարակցաբար` համաշխարհային տնտեսութեան դանդաղեցում, ապրանքներու գիներու բարձրացում եւ համատարած տագնապ: Քաղաքացիներու դժգոհութեան դիմաց, նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ շահագրգռուած չէ Հորմուզի նեղուցի բացումով, այդ հոգը արտածելով դէպի Եւրոպա եւ այլ շրջաններ, ապա յանկարծ զայն դարձուց գլխաւոր պահանջ եւ սպառնաց քանդել Իրանի ենթակառոյցները` ելեկտրականութիւն, ջուր, փոխադրամիջոցներ, կամուրջներ եւ այլն: Թրամփ կը խոստանայ, եթէ Իրան չբանայ Հորմուզի ջրանցքը, բանալ դժոխքի դռները եւ երկիրը վերադարձնել քարէ դար: Ըստ Թրամփի, քաղաքակրթութիւն մը պիտի կործանի եւ Իրան պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ: «Խաղաղասէր» Թրամփ կ՛ըսէ, որ չի փափաքիր գործադրել իր իսկ հրապարակած վերջնագիրը, սակայն… Ամերիկայի շահերը, որոնք նախապատիւ հռչակած է, կը պարտաւորեցնեն:
Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներ ակամայ մխրճուած են պատերազմի մը մէջ, ուրկէ յաղթական դուրս գալու կարելիութիւն չունին: Սակայն, Թրամփի համար պարտութիւնը բացառուած է, ուստի թշնամիին անձնատուութիւն պարտադրելու համար, պարտաւոր է ճնշումը բազմապատկելու: Իրան թէեւ տկարացած է, սակայն տրամադիր չէ զիջելու իրաւունքներէ, որոնք միջազգային օրէնքներով վայելելու վեհապետութիւն ունի: Ստեղծուած անելէն դուրս գալու համար, կողմերը բանակցութեան կը դիմեն: Բանակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար պահանջներու թելադրանք է, սպառնալիքի տակ ստիպողութիւն, որ բնականաբար անընդունելի է Իրանի համար: Բանակցութիւններու ձախողումը աներկբայ է, ուրեմն բախումներուն սաստկացումը եւս աներկբայ:
Ինչպէ՞ս դուրս գալ դժոխային այս անելէն: Իրան հազարամեակներու Պետութիւն է, եղած է կայսրութիւն, կառավարած է բազում երկիրներ եւ ժողովուրդներ: Իրանի որդեգրած վարչաձեւը, որ կրօնապետական է, վստահաբար փոփոխելի է եւ խաղաղ հոլովոյթով աւելի ժամանակակից դառնալու անհրաժեշտութիւնը ունի: Սակայն այդ փոփոխութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ չի կրնար կատարուիլ. Իրանի ժողովուրդն է, որ դարերու ընթացքին կատարած բազմաթիւ փոփոխութիւններէն ետք, իր մշակութային աւանդին ու իր քաղաքակրթական սկզբունքներուն հետեւողութեամբ պէտք է որոշէ կառավարման եղանակը:
Ամերիկացիները կը կարծեն, որ ամերիկեան արժէքներն ու մշակոյթը ունին բաւարար ներուժ դառնալու համընդհանուր եւ տիրապետող` համաշխարհային ընդգրկումով: Ամերիկայի ուժը միայն Միացեալ Նահանգներու շահերը պաշտպանելու համար չէ, այլ նաեւ ամերիկեան սկզբունքները տարածելու եւ հանրայնացնելու համար է: Այդ շահերը պաշտպանելու եւ այդ արժէքները տարածելու նպատակով: Ամերիկան ունի իրաւունք միջամտելու ամէնուրեք: Այդ ինքնահաստատ լիազօրութիւնը Միացեալ Նահանգները կը մղէ արամահարելու միջազգային օրէնքներն ու կազմակերպութիւնները, պարտադրելու իրենց կամքը, ու ամէն տեղ այլազան միջոցներով ստեղծելու տագնապներ ու անկայուն վիճակներ: Միջոցներէն ամէնէն ցցունը, երբ խաղաղ հոլովոյթները կը ձախողին, մարտական միջամտութիւնն է, որ անկայունութեան հետ կը յառաջացնէ վարչաձեւերու քանդում: Նորը, աւելի լաւը, աւելի կայունը, աւելի ժողովրդավարը դժբախտաբար չի կառուցուիր, քանի որ չի բխիր տուեալ ժողովուրդի կենսափորձէն:
Իրանի պետական վարչաձեւը բռնութեամբ քանդելու փորձ կը կատարուի, առանց գիտնալու, թէ ինչո՛վ պիտի փոխարինուի: Ամերիկան կ՛ուզէ, որ այս Իրանը դադրի գոյութիւն ունենալէ: Յաջորդելիք Իրանի նախատեսութիւնը կա՞յ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Ազդակ»
