Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնը

01 Ապրիլ , 1904

-Առաջին կռիւները-1904 Յունուար, Փետրուար, Մարտ

Կովկասէն դէպի Մուշ-Սասուն ֆետայական խումբերու շարժումները՝ 1902-1903 տարիներուն, աննկատ չեն անցնիր թուրք իշխանութեանց ուշադրութենէն:

Հայկական հաւանական ապստամբութիւն մը իր սաղմին մէջ խեղդելու նպատակով, թուրք իշխանութիւնները, ոստիկանութեան եւ քիւրտերու միջոցով նախ կը սկսին ճշնումներ ի գործ դնել Սասնոյ գիւղերու հայ բնակչութեան վրայ: Ֆետայիները կը ստիպուին հակադարձել եւ կռիւներ տեղի կ’ունենան 1904 Յունուարէն մինչեւ Մարտի վերջը: Այդ կռիւները կ’ըլլան 1904-ի Սասնոյ ապստամբութեան ազդանշանը:

1-Հեղին գիւղի կռիւը կը վարէ Գէորգ Չաւուշ
Յունուար

2-Յունանի կռիւը կը վարէ Կայծակ Առաքել
Փետրուար

3-Տափըքի կռիւը կը վարեն Անդրանիկ, Սեպուհ, Սմբատ եւ Աստուր
Փետրուար

4-Տալւորիկի կռիւները կը վարեն Սպաղանաց Մակար եւ Գէորգ Չաւուշ
Փետրուար

5-Լաճկանի կռիւը կը վարեն Սեբաստացի Մուրատ, Կորիւն, Սեմալի Իշխան Մանուկ, Շէնիկի Ղազար եւ Լաճկանի Արթին
Մարտ

6-Իշխանձորի կռիւը կը վարեն Գէորգ Չաւուշ եւ Կոտոյի Հաճի Յակոբ
Ապրիլ

Ռազմական Գլխաւոր Դիրքեր

Թրքական բանակի եւ քիւրտ հրոսակներու կողմէ Սասունի վրայ հաւանական յարձակումները նախատեսելով, ֆետայիները կ’ընտրեն իրենց Զինուորական Խորհուրդը- Վահան ՄանուէլեանԱնդրանիկ, Հրայր, Գէորգ Չաւուշ, Քեռի: Կելիեկուզանը կ’ըլլայ վարչական կեդրոն: Կ’որոշուին ռազմական 5 դիրքեր եւ կը նշանակուին անոնց հրամանատարները հետեւեալ կարգով.-

Դիրք 1-Կելիեկուզան
Հրամանատար՝ Հրայր
Օգնականներ՝ Սեբաստացի Մուրատ, Սեպուհ, Կոտոյի Հաճի, Չոլօ, Ղազար, Փեթարի Մանուկ, Լաճկանի Արթին, Սեմալի Մանուկ, Կրպօ, Կորիւն, Մերկերցի Յովսէփ

Դիրք 2-Տալւորիկ
Հրամանտար՝ Գէորգ Չաւուշ
Օգնականներ՝ Սպաղանաց Մակար, Գալէ, Սմբատ

Դիրք 3-Իշխանձոր
Հրամանտար՝ Գէորգ Չաւուշ
Օգնականներ՝ Սպաղանաց Մակար, Գալէ, Սմբատ

Դիրք 4-Տափըք
Հրամանատար՝ Անդրանիկ

Դիրք 5-Շէնիկ
Հրամանատար՝ Հրայր
Հրայրի նահատակուելէն եւ Սեպուհի վիրաւորուելէն ետք, թիւ 1 եւ 5 դիրքերու հրամանատարութիւնը կը ստանձնեն միւս օգնականները

-Ապրիլեան Դիւցազնամարտերը

Հ.Յ. Դաշնակցութեան ամենէն սխրալի մարտական գործողութիւններէն մէկն է Սասնոյ երկրորդ ամպստամբութիւնը:

Երկու հարիւր ֆետայիներ, իրենց հետ ունենալով Տարօնի ժողովրդային խաւերէն 800 զինեալներ, երեք շաբաթ հերոսաբար կը կռուին 10 հազարէ աւելի թուրք կանոնաւոր զօրքին ու 7 հազար զինուած քիւրտերու դէմ: Կելիեկուզանի վերջին կռիւին (Ապրիլ 22), երբ կը պարզուի, որ հայոց զինամթերքն ու պաշարը սպառելու վրայ են եւ թշնամին արդէն իսկ գրաւած է Սասունի ռազմական կարեւոր դիրքերը եւ պաշարման շղթան ժամէ ժամ կը սեղմուի հայոց շուրջը, ֆետայիները, իրենց հետ առնելով ժողովուրդը, կը համախմբուին Ալուջակ գիւղը:

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Զինուորական Խորհուրդը Ալուջակի մէջ կը գումարէ եւ կացութիւնը քննելէ ետք՝ կռիւի շարունակութիւնը անօգուտ կը համարէ եւ կ’որոշէ թշնամիին շղթան պատռելով վերապրող ժողովուրդը տանիլ եւ Մշոյ դաշտի հայ գիւղերը տեղաւորել: Ծայր աստիճան պատասխանատու եւ վտանգաւոր այս գործողութիւնը կը յանձնուի 117 հոգի կազմուած զինեալ խումբի մը՝ ղեկավարուած Սեբաստացի Մուրատի կողմէ: Մուրատ յաջողութեամբ կը կատարէ իր առաքելութիւնը:

Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ընթացքին թրքական թնդանօթները քար ու քանդ կ’ընեն քանի մը տասնեակ հայկական գիւղեր. կը քանդուին մօտ 2 հազար հայ տուներ, կը զոհուին հազարաւոր անմեղ հայեր եւ իրենց բնօրրանէն կը հեռանան մօտ 8 հազար հայ գիւղացիներ: Բայց յեղափոխութիւնը չընկճուիր: Հ.Յ. Դաշնակցութեան մարտիկները կ’ապաստանին Սասունի բարձրունքներն ու Մշոյ դաշտի գիւղերը եւ հերոսաբար կը շարունակեն հայրենիքի եւ ժողովուրդի պաշտպանութեան սուրբ գործը:

1-Տալւորկ, Քորախու, Ընկուզնակ գիւղերու կռիւները կը վարեն Գէորգ Չաւուշ, Սմբատ, Սպաղանաց Մակար
Ապրիլ 1-4

2-Քիփի կռիւը կը վարէ Անդրանիկ
Ապրիլ 6

3-Շէնիկի կռիւը կը վարեն Սեպուհ, Չոլօ, Լաճկանցի Արթին, Փեթարի Մանուկ, Շէնիկի Մանուկ, Շէնիկի Ղազար
Ապրիլ 11

4-Սեմալի կռիւը կը վարեն Հրայր, Սեպուհ, Սեմալի Մանուկ. Կը նահատակուին Հրայր եւ Կրպօ
Ապրիլ 13

5-Ալիանքի կռիւը կը վարեն Կորիւն եւ Մեշէտի Աւետիս, Մրգէ, Յովսէփ, Սեբաստացի Մուրատ, Ղազար, Մանուկ, Կիրակոս
Ապրիլ 13

6-Չայի կռիւը կը վարեն Մակար, Գալէ, Կոտոյի Հաճի, Մօրուք Կարօ
Ապրիլ 13

7-Կելիեկուզանի կռիւը կը վարեն Կիւմիւշխանեցի Աւօ, Համզօ, Չոլօ
Ապրիլ 14

8- Մերկէրի կռիւը կը վարեն Գէորգ Չաւուշ, Տէր Փոթորիկ (Շահնազարեան)
Ապրիլ 15

9-Իշխանձորի կռիւը կը վարեն Մուշեղ, Արթին Լեւոն, Կարապետ Շահնազարեան, իշխաններ՝ Գեւօ, Փալօ, Օսման, Ապրօ
Ապրիլ 16

10-Կելի եւ Գեալլուի կռիւը կը վարեն Չաթօ, Գրգօ, Փուռթօ, Մօրուք Կարօ, Խէչօ
Ապրիլ 17

11-Մկրտագոմի կռիւը կը վարեն Սէյտօ Պօղոս, Կայծակ Առաքել
Ապրիլ 17

12-Կելիեկուզանի վերջին կռիւը կը վարեն Վահան Մանուէլեան, Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Սպաղանաց Մակար եւ Գալէ, Սեբաստացի Մուրատ, Մոկացի Գրիգոր, Աւրանայ Արամ, Քեաթիպ Մանուկ, Շէնիկի Մանուկ, Չոլօ, Սրապիոն, Թարփաթոզ Սարգիս, Կոտոյի Հաճի
Ապրիլ 22