Սողոմոն Թեհլիրեան
Ծնած՝ Կամախի Բագառիճ գիւղը: Կը յաճախէ Երզնկայի Բողոքականաց, Եզնիկեան, ապա Կեդրոնական վարժարանները:
1914ին, Կովկասի մէջ մաս կը կազմէ Սեպուհի վաշտին ու կը մասնակցի կամաւորական կռիւներուն:
1919ին կը մեկնի Պոլիս, որոնելու հետքը Եղեռնի պատասխանատու Թալէաթ փաշայի, որու նկարը տեսած էր Վանի մէջ: «Թալէաթի փքուն ու ինքնագոհ դէմքը կարծես ծաղրում էր ինձ» կ’ըսէ Սողոմոն:
Պոլսոյ մէջ ան կը սպաննէ Պէշիկթաշի Մուխթար, մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեան, որու կազմած ցանկը՝ 200 հայ մտաւորականներու, յանձնուած էր Թալէաթին:
Կը մեկնի Պերլին Թալէաթի հետքերով: 1921 Մարտ 18ին, Հարտենպերկ պողոտայ վրայ, ատրճանակի մէկ հարուածով կը սպաննէ հայութեան դահճապետ Թալէաթ Փաշան. «սեւ թանձր արիւնը լճացաւ Թալէաթի գլխին շուրջ, կարծես ջարդուած անօթից մազութ էր դուրս թափուում…», կը նկարագրէ Սողոմոն, իր յուշերուն՝ «Վերյիշումներ»ուն մէջ: Ան կը ձերբակալուի ու Պերլինի դատարանի կողմէ անպարտ կ’արձակուի:
Կը հաստատուի Պելկրատ, ապա Միացեալ նահանգներ. Կը մահանայ Սան Ֆրանսիսգօ՝ 64 տարեկանին:
-«Հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքը»-Ն.
Աւետիք Իսհակաեան - Հայ Գուսան
Ծնած Ալեքսանդրապոլ: Նախնական ուսումը կը ստանայ տեղւոյն վարժարանին մէջ, ապա՝ Հառիճի վանքի դպրոցը:
Կը յաճախէ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, Լայփցիկի (Գերմանիա) համալսարանը որպէս ազատ ունկնդիր, Զիւրիխի (Զուիցերիա) համալսարանը, ուր կը հետեւի գրականութեան ճիւղին:
Քնարերգակ բանաստեղծ, արձակագիր: Կ’անդամակցի Հ.Յ.Դ.ի. քերթուածներ կը ձօնէ յեղափոխականներուն:
Ցարական հալածանքներու շրջանին կը բանտարկուի, ազատուելով կ’անցնի արտասահման ու կը բնակի Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ:
1936ին կը վերադառնայ Խորհրդային Հայաստան, ուր կ’ապրի մինչեւ իր մահը, իբրեւ հայ բանաստեղծութեան վարպետ արժանանանալով ընդհանուրի յարգանքին: Իսահակեան 82 տարեկան էր:
Իր գործերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու:
Վահան Նաւասարդեան
Ծնած՝ Շուշի, Ղարաբաղ: Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Փեթերսպուրկ:
Բաքուի Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընտրուած՝ 19 տարեկանին:
Ուսուցիչ՝ Շուշի, ապա դասախօս՝ Գէորգեան ճեմարան: Քաքաղապետի օգնական՝ Ալեքսանդրապոլի:
Հայաստանի անկախութեան շրջանին՝ խորհրդարանի անդամ: 1919ին կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Թ. Ընդհանուր Ժողովին, կ’ընտրուի Բիւրոյի փոխ-անդամ: Յետագային, երկարամեայ անդամ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի:
Կը վարէ խմբագրութիւնը Թիֆլիսի՝ «Հորիզոն», Երեւանի «Յառաջ» ու յետագային Գահիրէի՝ «Յուսաբեր» թերթերուն:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, կը ձերբակալուի Վրաստանի ճամբին ու կը բանտարկուի Երեւան. Ազատ կ’արձակուի շնորհիւ Փետրուարեան ապստամբութեան:
1921ին, որպէս լիազօր Արտասահմանի Պատասխանատու Մարմնի, կը մասնակցի Ռիկայի բանակցութիւններուն:
Հեղինակն է «Նեղուցները եւ Հայ Դատը», «Բոլշեւիզմը եւ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը», «Գաղափարների Ոգին» եւ այլ գործերու:
Կը մահանայ Գահիրէ, 70 տարեկանին:
-«Հայկական Յեղափոխութեան եւ Դաշնակցութեան Անվեհեր Դրօշակիր»-Ն.
Մուշեղ Աւետիսեան - Սասունցի Մուշեղ
Սասնոյ Խիանք գաւառէն. Ֆետայի, խմբաոետ: Կը յաճախէ Ս. Կարապետ վանքի եւ Մշոյ վարժարանները:
Կը մասնակցի Սասնոյ կռիւներուն: Ռուբէնի կողմէ, կազմակերպչական գործով, կը ղրկուի Տիարպեքիր, «Բլբուլ» կեղծ անունով:
Սահմանադրութեան շրջանին Սիմոն Զաւարեանի կողմէ գործիչ կը նշանակուի Ս. Կարապետի շրջանը:
Զինուորական ղեկավարներէն Սասնոյ 7 ամսեայ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն:
1918ին, Փեթարայ Մանուկին հետ, Մուշեղ կը հանդիսանայ Հայաստանի Արարատեան դաշտի Սասնոյ ուժերու ղեկավար, կը գրաւեն Թալինի բերդը եւ բազմաթիւ շրջաններ, ուր կը տեղաւորուին Տարօն-Սասունի գաղթականները:
ՓԵտրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն:
Կը մահանայ Պէյրութ, Լիբանան, 69 տարեկանին:
«Սասնոյ ֆետայական սերունդին անկեղծ զինուորն ու քաջարի խմբապետը»-Ն.
Սմբատ Բորոյան - Մախլուտո
Ծնած՝ Մուշ: 15 տարեկանին կը միանայ Հ.Յ.Դ. «Վարդանանց» խումբին: Ֆետայի, խմբապետ, ահաբեկիչ:
Կը մասնակցի Սասնոյ ապստամբութեան կռիւներուն, կ’անցնի Կովկաս:
Հայ-թաթարական կռիւներուն կը մասնակցի Երեւանի եւ Ղամարլուի շրջաններուն մէջ:
Հայ կամաւորական շարժման ընթացքին, օգնական կը նշանակուի Զօր. Անդրանիկի ու իր ջանքերով տեղական զօրամասեր կը կազմուին Ալաշկերտի մէջ:
Կը մահանայ Երեւան, Խորհրդային Հայաստան, 81 տարեկանին:
Դրաստամատ Կանայեան - Դրօ
Ծնած՝ Իգդիր։ Դաշնակցական ահաբեկիչ և զինուորական ղեկավար։ Կը յաճախէ Երևանի ռուսական, ապա զինուորական վարժարանները։
Կ’ահաբեկէ Սուրմալուի գաւառապետ Գալանցը, ապա օր ցերեկով՝ Բաքուի նահանգապետ Նակաշիձէն, իսկ Ալեքսադրապոլի մէջ՝ Զօր․ Ալիխանով։ Դրոյի զինակից և գործակից ընկերն է Մարտիրոս Չարուխչեանը։
Որպես վաճառական կ’անցնի հին Բայազէտ, հսկելու զէնքի փոխադրութեան գործին։
Ա․ աշխարհամարտին կ’անցնի Իգդիր, կը նշանակուի կամաւորական Բ․ գունդի հրամանատար։
1918ին կ’ապահովէ Բաշ Ապարանի յաղթանակը, կը նշանակուի անկախ Հայաստանի զինուորական նախարար։
Խորհրդայնացումէն ետք կ’անցնի Մոսկուա, ապա՝ Ռումանիա, Լիբանան, Միացեալ նահանգներ, ուր և կը մահանայ, 73 տարեկանին։
-«Հայկական Յեղափոխութեան «հաստաբուն կաղնին»»-Ն.
https://www.youtube.com/watch?v=MK_j8GQ4-sg
Գարեգին Տէր Յարութիւնեան - Նժդեհ
Ծնած՝ Կզնութ, Նախիջեւան: Դաշնակցական զինւորական գործիչ: Կ’աւարտէ Սոֆիայի զինուորական վարժարանը, կ’անցնի Կովկաս ուր կը ձերբակալուի ցարական հալածանքներու ժամանակ, բանտէն փախչելով կը վերադառնայ Պուլկարիա ու մաս կը կազմէ Անդրանիկի զօրագունդին, որ պուլկարներու կողքին կը մասնակցի պալքանեան պատերազմին. կամաւորական գունդերուն՝ կ’ըլլայ օգնական Դրոյի: Կը մասնակցի Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին:
Հանրապետութեան շրջանին, Զանգեզուրի մէջ կը կռուի թաթարներուն, ապա՝ բոլշեւիկներուն դէմ ու խորհրդայնացումէն ետք շրջանը կը յայտարարէ անկախ Լեռնահայաստան. Կ’անցնի Պարսկաստան, Պուլկարիա, Ամերիկա ուր կը հիմնէ «Ցեղակրօն» շարժումը (որ յետոյ կը դառնայ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը):
Բ. Աշխարհամարտին, Պուլկարիոյ մէջ կը ձերբակալուի ու կ’աքսորուի Սիպերիա, ուր եւ կը մահանայ, 69 տարեկանին:
-«Գարեգին Նժդեհ. Հայու Կամքին եւ Գաղափարի Ուժին Դաշնակցական Մարմնաւորումը»-Ն.
-«12 Յուլիս 1921. Լեռնահայաստանի անկումը եւ Գարեգին Նժդեհի Պարսկաստան անցումը»-Ն.
-«Նշանաւոր Մարդկանց Կեանքից. Դրուագ, Որ Թաքցւում Է Գարեգին Նժդեհի Գործունէութիւնից»-Թաթուլ Յակոբեան
-«Գարեգին Նժդեհի մարգարէն»-Սեդօ Պոյաճեան
Լեւոն Սեղբոսեան - Լեւոն Շանթ
Ծնած՝ Պոլիս: Կ’աւարտէ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Գերմանիա եւ Զուիցերիա:
Բանաստեղծ, մանկավարժ, թատերագիր:
Երիտասարդ տարիքին կ’անդամակցի Հ.Յ. Դաշնակցութեան:
Հայաստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահ:
1920ին, որպէս արեւմտահայ, կը բանակցի Մոսկուայի մէջ բոլշեւիկ կառավարութեան հետ:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Վրաստան անցնելու ճամբուն, կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի Երեւան. Ազատ կ’արձակուի շնորհիւ Փետրուար 18ի ապստամբութեան:
Հիմնադիրներէն մին է Համազգային ընկերութեան, ապա՝ Պէյրութի Համազգայինի ճեմարանին::
Կը մահանայ Պէյրութ, Լիբանան, 82 տարեկանին
-«Հայ ժողովուրդի խոհուն, բանաստեղծ եւ վսեմաշուք ԵՍը»-Ն.
https://www.youtube.com/watch?v=XfUuH1Zs3aY
Մինաս Տէր Մինասեան - Ռուբէն
Ծնած՝ Ախալքալաք: Կը յաճախէ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ապա՝ Մոսկուայի Լազարեան վարժարանը, որպէս ազատ ունկնդիր:
Ռուս բանակի սպայ: Հ.Յ.Դ. գործիչ, կը թրծուի Կարսի մէջ, կ’անցնի Վան՝ Արամի մօտ, ապա Սասուն, օգնելու Գէորգ Չաւուշին, որու նահատակութենէն ետք, Ռուբէն կ’ըլլայ դաշնակցական ուժերու պետ:
Սահմանադրութեան շրջանին կ’անցնի Ժընեւ, ուսումը շարունակելու. Ռուբէն գիտական իր աւարտաճառը կը պատրաստէր երբ հեռագիրով մը կը կանչուի Երկիր:
Կը վերադառնայ Մուշ ու կը վարէ Սասնոյ 1915ի հերոսամարտը թուրք բանակին դէմ: Կը յաջողի ճեղքել թշնամի շղթան ու փոքր խումբով անցնիլ Կովկաս:
Անդամ հայոց Ազգային Խորհուրդին, ապա՝ Հայաստանի խորհրդարանին, Հայաստանի Հանրապետութեան օրով՝ զինուորական նախարար: Խորհրդայնացումէն ետք , Զանգեզուրի վրայով կ’անցնի Պարսկաստան:
Ռուբէնի յուշերու 7 հատորները պատմական արժեքներ են. ան մոռացումը կը փրկէ բազմաթիւ ֆետայիներու անունները ու գործերը:
Կը մահանայ Ֆրանսա, 69 տարեկանին:
Կարապետ Աւոյեան - Մօրուք Կարօ
Սասնոյ Կելիեկուզան գիւղէն. իշխան Աւէի որդին:
Վաստակաւոր ֆետայի ու անբաժան զինակից ընկեր Չոլոյի:
Ուսումը կը ստանայ Առաքելոց վանք, ապա՝ Մշոյ Կեդրոնական վարժարան:
Կը մասնակցի Սասնոյ բոլոր կռիւներուն 1893էն սկսեալ:
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կը մասնակցի Թալին բերդի գրաւման, Անդրանիկի հետ՝ Զանգեզուրի կռիւներուն, Հայ-թրքական պատերազմին եւ Փետրուարեան ապստամբութեան:
Կը մահանայ Համատան, Պարասկաստան, 74 տարեկանին: