
Արմենակ Ղազարեան - Հրայր Դժոխք, Ուրուական

Ծնած՝ Սասնոյ Խուլփ գաւառի Ահրօնք գիւղը: Հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, ղեկավար, ֆետայի, ուսուցիչ, քարոզիչ:
Կը յաճախէ Ղզըլղաճ գիւղի, Սրբ. Կարապետ վանքի եւ Միացեալ Ընկերութեան դպրոցները:
Կը մեկնի Կովկաս, կամաւորներ հաւաքելու ու զինամթերք հայթայթելու: 1895ին Կառնինու Մկրտիչի հետ կ’երթայ Ռումանիա, ուրկէ 50 հայ պանդուխտ երիտասարդներու հետ (որոնց մէջ Անդրանիկն ու Աղբիւր Սերոբը) կը վերադառնայ Երկիր:
Սասունի մէջ կը գործակցի Թաթուլի հետ:
Ջրհոր գիւղին մէջ կը կառուցանէ Արմենակի աղբիւրը, հայ գիւղացիները ազատելով ջուրի տագնապէ:
Կը զոհուի Սասնոյ հերոսամարտին, Շէնիքի բարձրունքին, 40 տարեկանին:
-13 Ապրիլ 1904-ին նահատակուեցաւ Հրայր Դժոխքը (Արմենակ Ղազարեան)-«ԴՐՕՇԱԿ»
Թուման Թումեանց - Թորգոմ

Ծնած՝ Շուշի: Կ’աւարտէ տեղւոյն թեմական դպրոցը. կը յաճախէ Մոսկուայի համալսարանը, որպէս ազատ ունկնդիր, կը հետեւի բնական գիտութեանց:
Ռուսական բանակի սպայ: Գործիչ Կարսի մէջ, ուր նաեւ կը գործեն իր երբեմնի ընկերները Արամ, Իսաջան, Մենակ, Նիկոլ:
Կը կազմէ «Մրրիկ» ձիաւոր խումբը՝ 30 փորձառու զինուորներէ եւ խմբապետներէ ու զայն Կարսէն ապահով կ’առաջնորդէ Սասուն, 15 օրէն, ցերեկները թաքնուելով եւ գիշերները ճամբորդելով:
Կը վերադառնայ Կարս ու երբ աւելի մեծ խումբով՝ «Որսկան», կը փորձէ օգնութեան հասնիլ ապստամբ Սասունին, Օլթիի մօտ կը սպանուի ռուս կոզակներու կողմէ: Խումբէն միայն քիչեր կ’ազատին: Թորգոմ 25 տարեկան էր:
Իսաջան Առաքելեան

Ծնած՝ Ղարաբաղ: Կ’աւարտէ Շուշիի թեմական դպրոցը, ուր իր ընկերներն են Թորգոմ, Մենակ, Իշխան:
Կամաւոր զինուորական ծառայութեան կը մտնէ, ապագայ գործունէութեանց համար պատրաստ ըլալլու. Կ’աւարտէ որպէս պահեստի սպայ:
Կ’անցնի Բաքու, ուր շուրջ մէկ տարի աշակերտական խումբերու հետ կը պարապի հայ գրականութեամբ, պատմութեամբ եւ ազգային ոգի ներշնչելով:
Կ’անցնի սահմանի միւս կողմը՝ Բասեն ու ամիսներ քարոզչական աշխատանք կը վարէ շրջակայ գիւղերուն մէջ, կը վերադառնայ Կարս:
Իսաջան ռումբ կը պատրաստէր ընկերոջ՝ Վարտան Տօնոյեանի բնակարանին մէջ, ուր զոհ կ’երթայ պայթումի՝ իր չորս երիտասարդ ընկերներուն հետ.- կարսեցի Վարդան Տօնոյեան, տրապիզոնցի Պօղոս Պօղոսեան, Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղացի, Ամերիկայէն վերադարձած՝ Յովհաննէս Նահիկեան, ռոստոսթոցի Սարգիս. կը զոհուի նաեւ պոլսեցի, Պուլկարիա ապաստանած Թագւոր Չաքըլճեան:
Իսաջան մօտ 23 տարեկան էր:
Եգոր Առստամյան - Մենակ

Ծնած՝ Ղարաբաղի Քռասնի գիւղը: Կ’աւարտէ Շուշիի թեմական դպրոցը ուր իր ընկերներն են Թորգոմ, Իսաջան, Նիկոլ. Մօտիկ բարեկամ Աւետիք Իսահակեանի, որ իրեն կը ձօնէ քերթուած մը:
Դաշնակցական քարոզիչ՝ Բաքուի բանուորական խումբերու մէջ:
Ան յանձն կ’առնէ վտանգաւոր գործ մը՝ ուսումնասիրել Բասեն-Սասուն 200-300 քիլոմեթր ճամբաները: Կը ծպտուի որպէս գիւղացի ու երկար ժամանակ կ’ապրի Բասենի գիւղացիներուն հետ եւ քանի մը անգամ կը հասնի Սասուն:
Իր ճամբու ցուցմունքով է, որ Թորգոմի «Մրրիկ» խումբը ապահով կը հասնի Սասուն: Մաս առ մաս Կարսէն Բասեն փոխադրել կու տայ ռազմամթերքը, զոր պատրաստ էին Իսաջանը, Արամը եւ Յակոբ Չիլինկարեանը:
Գիւղացի Մենակի մէկ ոտքը Բասեն էր, միւսը՝ Կարս, երբ մի քանի զինուած գիւղացիներով, Նեւրուզի խումբին օգնութեան կը հասնի ու կը սպաննուի 21 տարեկանին:
Սերոբ Վարդանեան - Սերոբ Աղբիւր

Ծնած՝ Ախլաթի Սոխորդ գիւղը: Ֆետայի:
Հետապնդւելով թուրք իշխանութենէն, կ’անցնի Պոլիս ապա՝ Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր կը դառնայ սրճեփ:
Շնորհիւ Հրայրի ու Կառնինու Մկրտիչի Երկիրի մասին տուած տեղեկութիւններուն, պանդուխտ Սերոբ Կովկասի վրայով, 27 հոգինոց զինուած խումբով կը փութայ իր ծննդավայրը ու կը լծուի մարտական աշխատանքի:
Կռիւներ կը վարէ թուրք կանոնաւոր զօրքի դէմ, Բաղէշի մօտ: Կը փրկէ բազմաթիւ հայ գիւղեր կոտորածէ ու թալանէ:
Դաւադրաբար կը թունաւորուի, ծխախոտի միջոցաւ, Սասնոյ Կելիեկիւզան գիւղին մէջ, կը սպանուի իր երկու եղբայրներուն ու 16 տարեկան զաւկին՝ Յակոբին հետ միասին. Կը վիրաւորուի ու գերի կը տարուի իր կինը ու զէնքի ընկերը՝ Սօսէ: Սերոբ 35 տարեկանէր:
Արամ Արամեան - Աշոտ, Թաթուլ

Ծնած՝ Կարին: Յովասափեան ընտանիքի զաւակ: Կը յաճախէ Արծնեան վարժարան, ապա՝ Սանասարեան:
Հ.Յ.Դ. գործիչ, ահաբեկիչ:
Հրայրի հետ կը գործէ Կարսի եւ Բասենի շրջանները, ժողովուրդը զինելով եւ յեղափոխական խումբերու համար Կարս-Սասուն անցման կայաններ հաստատելով: Թաթուլ կ’ըլլայ Սասնոյ առաջին դաշնակցական գործիչը:
Որպէս յեղափոխական կը ձերբակալուի Բասենի Քէօփրի-քէօյ գիւղին մէջ:
Կախաղան կը բարձրանայ Կարնոյ մէջ: Արամեան 28 տարեկան էր:
Պաղտասար Մալյեան - Գուրգէն

Ծնած՝ Ագուլիս, Զոկ, Ռոստոմի հայրենակից։ Ռուսական բանակի զինուոր։
Կը մեկնի Պարսկաստան, Երկիր անցնելու համար։
Պուլկարացի Պետոյի խումբին հետ կուգայ Վան․ կը մասնակցի «Պստիկ» կռիւներուն։
Բաղէշի մէջ կ’ահաբեկէ հայատեաց ոստիկանապետ Հիլմի։
Ախլաթ կ’անցնի օժանդակելու Աղբիւր Սերոբին․ կը հիմնէ Սալնոյ-Ձորի Կեդրոնական Կոմիտէն, ու կը կազմակերպէ կուսակցական Կարմիր Խաչի կանանց խումբերը։
Կազմակերպչական գործով կ’երթայ Սասուն․ Ցրօնք գիւղին մէջ, երբ սպիտակ վառօդ պատրաստել կու տար, Սասուն փոխադրելու համար, կը մատնուի, կը պաշարուի իր խումբով ու կը զոհուի։ Գուրգէն 26 տարեկան էր։
Արիստակէս Զօրեան - Կարօ

Ծնած՝ Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղը. կրտսեր եղբայրը Ռոստոմի:
Երկրորդական ուսումը կը ստանայ Թիֆլիս, ուր նաեւ կը սորվի զինագործութիւն, Գալուստ Ալոյեանի «Կովկաս» արհեստանոցին մէջ:
Թաւրիզի «Խարիսխ» զինգործարանի հիմնողներէն մին, ան յաճախ կը ճամբորդէ ու հրացանի մասեր կը գնէ ռուս պետական զինանոցի բանուորներէն:
Իբրեւ օգնական հարիւրապէտ Ախպէրի, կը մասնակցի Խանասորի արշաւանքին, ուր եւ կը նահատկուի: Կարօ 26 տտարեկան էր:
-«Արիստակէս Զօրեան (Կարօ) 1871-1897. Խանասորի արշաւանքի նահատակը»-«ԴՐՕՇԱԿ»
Մարիամ Մակարեան - Մարօ

Ծնած՝ Դերբենտ, Տաղստան:
Որբացած փոքր տարիքին. Եղբայրներուն խնամքով կը մեծնայ եւ ուսում կը ստանայ տեղւոն վարժարանին մէջ:
Կ’անցնի Թաւրիզ, ապա Սալմաստ, ուր կը վարէ ուսուցչական պաշտօններ. Կ’անդամակցի Հ.Յ. Դաշնակցութեան. Կը մասնակցի սահմանագլուխէն զէնք փոխադրելու գործին:
1896ին երբ Թիֆլիսի Ռայոնական ժողովը կ’որոշէ կազմակերպել Խանասորի արշաւանքը, շատերու կարգին Կարոն ալ կը հակառակի այդ ձեռնարկին, ինչ որ Մարոյին մտածել կու տայ, թէ իր եւ Կարոյի փոխադարձ սիրոյ զգացումն է պատճառը:
Անձնասպան կ’ըլլայ արշաւանքի նախօրեակին՝ որպէսզի կաշկանդուած չըլլայ Կարոն:
Պետրոս Փարեան - Բաբգէն Սիւնի

Ծնած՝ Ակնի Բինկեան գիւղը: Կ’աւարտէ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը. մէկ տարի կը ծառայէ որպէս նաւաստի:
Յ. Եուսուֆեանի դաստիարակած դաշնակցական սերունդէն: Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ:
Կը նախաձեռնէ ու կը կազմակերպէ Պոլսոյ Պանք Օթոմանի գրաւումը. Իրեն կը վստահուի ձեռնարկի ընդհանուր ղեկավարութիւնը: Կը զոհուի դրամատան մուտքին, սանդուխներուն վրայ, 24 տարեկան հասակին: