Երուանդ Թամարեան - Եղիշէ Թոփճեան
Կարինէն Կովկաս գաղթած ընտանիքի զաւակ: Համալսարանաւարտ գործիչ, հրապարակագիր, բանախօս:
Երիտասարդ տարիքին ուսուցիչ եւ կուսակցական գործիչ՝ Շիրակի շրջանին մէջ: 1898էն սկսեալ կը յաճախէ Սբ. Փեթերպուրկի ապա Պերլինի համալսարանները, ուր կը հետեւի ընկերային գիտութեանց ճիւղին:
Թիֆլիսի մէջ՝ խմբագիրներէն «Յառաջ» թերթի:
Կը մասնակցի Վիեննայի 4րդ Ընդհանուր Ժողովին:
Ցարական հալածանքներու օրերուն Կովկասէն կ’անցնի Կարին, ուր կը հիմնէ Կարնոյ «Յառաջ» թերթը:
Բաբերդի մօտ կը սպանուի խմբապետ Միհրանի եղբօր՝ Յաբէթի կողմէ: Թոփճեան 37 տարեկան էր:
Սարգիս Ծովանեան - Սեւ Քարեցի Սաքօ
Ծնած՝ Ղազախի (այժմ Իջեւան) ՍեւՔար գիւղը: Ֆետայի, խմբապետ:
Զինատար խումբերու հետ կ’անցնի Վան: Կը զբաղի զէնքի փոխադրութեամբ, Արաքս գետի ռուսական ափէն, դէպի միւս՝ պարսկական ափը: Կը մասնակցի Դերիկի վանքի կռիւներուն, Խանասորի արշաւանքին՝ որպէս ձիաւոր գունդի առաջնորդ:
Անդամ Կարսի Հ.Յ.Դ. զինուորական խորհուրդին. կ’անցնի Տարօն, ուր կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի նախ Մուշ, յետոյ Կարին:
Հայ-թաթարական կռիւներուն կը վարէ Ղազախի եւ Շամշադինի ինքնապաշտպանութիւնը:
Կը մահանայ Ժանտատենդէ, Երեւան: Սաքօ 38 տարեկան էր:
Սէյտօ Պօղոս
Ծնած՝ Մշոյ Ալվառինջ գիւղը: Ֆետայի, խմբապետ:
Պատանի տարիքին չախմախլի հրացան մը ձեռք ձգելով կ’ահաբեկէ քիւրտ աւազակ մը, կը դառնայ փախստական, կը միանայ ֆետայիներուն: Կը մասնակցի սասնոյ բազմաթիւ կռիւներուն. Գէորգ Չաւուշի եւ Անդրանիկի հետ կ’անցնի Աղթամար կղզին:
Հայ-թաթարական կռիւներուն, Սէյտօն իր խումբով ստոյգ ջարդէ կը փրկէ Հին Նախիջեւանի Խանըխլար շրջանը, ժողովուրդի պաշտամունքի առարկայ դառնալով: Ռուբէնի պահանջքով Սէյտօ կը վերադառնայ Մուշ: Կը մասնակցի Սուլուխի կռիւին:
Սէյտօ եւ ֆետայի Ջնդօ կ’ընկերանան Գանձակեցի Զաւէնի՝ հանդիպում մը ունենալու համար «բարեկամ» քիւրտ Ղասըմ Պէկի հետ, Արտօնք գիւղը խրճիթի մը մէջ: Քնացած պահուն երեքն ալ դաւադրաբար կը սպանուին:
Սէյտօ շուրջ 33 տարեկան էր:
Սպաղանաց Մակար
Սասնոյ ամենահին ֆետայիներէն. Սպաղանքի իշխաններու տոհմէն:
Մասնակցած է Սասնոյ բոլոր կռիւներուն ու գործած Արաբոյի, հնչակեան Մուրատ Պոյաճեանի, Աղբիւր Սերոբի, Գուրգէնի, Գէորգ Չաւուշի, Անդրանիկի, Հրայրի եւ Ռուբէնի հետ:
Մակար կը սպանուի Փեթարի կռուի ընթացքին, երբ Շէնիկի Մանուկին եւ Փեթարայ Պետիկին հետ, օգնութեան կ’երթային Գէորգ Չաւուշի այրին՝ Եղսոն եւ 1 տարեկան զաւակը Վարդգէսը ազատելու ու ապահով տեղ փոխդրելու:
Գէորգ Ադամեան - Գէորգ Չաւուշ
Ծնած՝ Սասնոյ Բսանաց գաւառի Մկթինք գիւղը: Կը յաճախէ Մշոյ Առաքելոց վանքի դպրոցը, կը ծանօթանայ Արաբոյին:
Ֆետայի, ահաբեկիչ ապա զինուորական ղեկավար Տարօն-Սասունի: Կը վարէ շուրջ 40 կռիւներ:
ՀՅԴ 4րդ Ընդհանուր Ժողովի նախօրեակին, Սուլուխի մէջ կը պաշարուի թուրք զօրքերէ ու կը զոհուի անհաւասար մարտի ընթացքին, 37 տարեկանին:
Գալէ
Ծնած՝ Տալւորիկի Սպաղանք գիւղը, որ բաղկացած էր 24 տունէ: Գէորգ Չաւուշի եւ Մակարի աջակից ու անբաժան զինակից՝ 25 տարեիներ: Մանուկ հասակէն կը սորվի դաշոյն կապել եւ հրացան գործածել:
1893ին կը մասնակցի Սասնոյ ապստամբութեան կռիւներուն, ապա՝ երկրորդ ապստամբութեան, իբրեւ գլխաւոր զինակից Գէորգ Չաւուշի:
Սասունը ճշնուելէ ետք, Գալէ կը մերժէ հեռանալ Տարօնէն եւ Մակարի հետ կ’ապաստանի լեռներուն վրայ ու ինքզինք ժայռի կը շղթայէ, օրինակ դառնալու համար ժողովուրդին:
Սուլուխի կռիւին կը վիրաւորուի քունքէն ու կը մահանայ: Ֆետայիներ զինք կը թաղեն Քիւրտմէյեան գիւղին մօտ:
Մարտիրոս Մարգարեան - Սաֆօ
Գործիչ: 1885ին, կ’անցնի Տարօն, ուր կը ծանօթանայ Արաբոյի եւ Երկրի վիճակին մասին տեղեկութիւններ կը բերէ Թիֆլիս: Ապա՝ նոյն նպատակով Յովսէփ Արղութեանի հետ «Երիտասարդ Հայաստան» կազմակերպութեան կողմէ կ’անցնի Արեւմտահայաստան:
Քրիստափորի մահէն ետք, զայն կը փոխարինէ՝ Սուլթան Համիտը մահափորձի ենթարկելու գործին մէջ, որու ձախողութիւնը կը վերագրուի իր գործած սխալներուն ու 1907ին կը հեռացուի Դաշնակցութենէն: 1919ի Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին կը վերընդունուի շարքերը, սակայն կը մերժէ:
Կը մահանայ Ռումանիա:
Քրիստափոր Միքայէլեան - Էլլէն, Թոփալ, Էդուարդ
Ծնած՝ Գողթնի Վերին Ագուլիս գիւղը: Կ’աւարտէ Թիֆլիսի Ուսուցչական ճեմարանը, կը յաճախէ Մոսկուայի համալսարանը, ուր եւ կը ծանօթանայ Սիմոն Զաւարեանին: Վերադառնալով Թիֆլիս, կը պարապի բանուորական խմբակներու զինամարզութեամբ, գրաճանաչմամբ եւ յեղափոխականցմամբ:
Կը հիմնէ «Երիտասարդ Հայաստան» կազմակերպութիւնը, անջատ հայ խմբակները միացնելու համար:
Կը դառնայ հիմնադիրներէն մին Հ.Յ. Դաշնակցութեան եւ անոր Բիւրոյի անդամը մինչեւ իր եղերական մահը: Կ’աքսորուի Բեսարաբիա, Ռումանիոյ Կալաց քաղաքին մէջ կը հրատարակէ «Դրօշակ» թերթի 3րդ համարը, ապա կը դառնայ «Դրօշակ»ի երկարամեայ խմբագիրը: Կը գլխաւորէ «Փոթորիկ» ձեռնարկը (բռնի դրամահաւաք):
Քրիստափոր կը յղանայ Սուլթան Համիտը մահափորձի ենթարկելու գաղափարը:
Կը զոհուի ռումբի փորձի պահուն, Վիտոշ Լերան վրայ, Պուլկարիա: Քրիստափոր 46 տարեկան էր:
-«Քրիստափոր Միքայէլեան. Հայու յեղափոխական ԿԱՄՔի անսպառ ներուժին ոգեշնչող աղբիւրը»-Ն.
-«Քրիստափոր Միքայէլեան. Հայկական Յեղափոխութեան առաքելատիպ առաջնորդը»-Ն.
https://www.youtube.com/watch?v=Fg-aH6-BaNc
Արմենակ Լեւոնեան - Աշոտ Երկաթ
Ծնվել է Բաղեշի Ծղակ գյուղում: Ավարտել է Բաղեշի ամերիկյան վարժարանը, եւ ուսուցչական պաշտոն վարել Սասունի մեջ:
Մեկնել է Ամերիկա, որտեղ սովորել եւ աշխատել է. այդտեղ միացել է Հ.Յ.Դ. շարքերին ու աշխատակցել է «Հայրենիք» թերթին:
Վերադարձել է Կովկաս. Ատրպատականով գնացել է Վան, Ախլաթ, ապա Սասուն, որտեղ գործակցել է Վահանի ու Հրայրի հետ: Որպես Սասունի Պատասխանատու Մարմինի ներկայացուցիչ, Բուլղարիայի մայրաքաղաք Սոֆիայում մասնակցել է Հ.Յ.Դ. Գ. (3-րդ) Ընդհանուր Ժողովին, ապա շտապել է վերադառնալ Սասուն:
Իգդիրից ճանապարհվեց, Պողոսի (Թոխմախ) ու 35 ֆեդայիների հետ, իրենց հետ վերցրած զինամթերքով ու փողով։ Արճեշի մոտ, մինչ ցերեկով թաքնված են եղել քարայրում, քուրդերի կողմից ենթարկվել են հարձակման, ու խմբի մեծ մասի հետ սպանվել է նաև Երկաթը՝ 34 տարեկան հասակում:
-«Դաշնակցական ֆետային եւ գաղափարի մարտիկը, որ Խոջալլու ձորակի կռուին զոհուեցաւ»-Ն.
Կարապետ Տողրամաճեան - Վահան Մանուելեան
Ծնած՝ Մեծ Նորգիւղ, Իզմիրի մօտ: Պոսլոյ մէջ գործակից՝ Ա. Վռամեանի եւ Բաբգէն Սիւնիի:
1896էն սկսեալ ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Պուլկարիա (Վառնա, Ֆիլիպէ), նոյն ատեն կը զբաղի կուսակցական գործերով, կ’շխատակցի «Շարժում» թերթին:
Ռոստոմի թելադրանքով կ’անցնի Կովկաս:
Հ.Յ.Դ. լիզաօրի պաշտօնով Ատրպատականի վրայով կ’անցնի Վան՝ Վարդգէսի մօտ, ապա՝ Սասուն: Կը ղեկավարէ Սասնոյ Բ. Ապստամբութիւնը. կռիւներէն ետք, քալելու անվարժ, չի կրնար գիշերով ընկերանալ ֆետայիներուն, ու երբ Տալւորիկի ձորի մէջ իր թաքնուած քարայրէն դուրս կու գայ ցերեկով, մօտակայ լեռը բարձրանալու, թուրք զինուորներէն կը նկատուի ու գնդահակար կ’ըլլայ, իր հետ կը սպանուի տիարպաքիրցի Հաճին: Վահան մօտ 34 տարեկան էր: