Խաչատուր Կարճիկեան
Ծնած՝ Վաղարշապատ: Փաստաբան Սբ. Փեթերպուրկ քաղաքէն: Պետական գործիչ, քաղաքագէտ:
Անդամ՝ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի, Ազգային Բիւրոյի, Կովկասեան Սէյմի:
1918ին, կամաւորական շարժման, Կարճիկեան կը տեղաւորուի ռազմաճակատի թիկունքը՝ Բասենի շրջանը, իբրեւ Քաղաքներու Միութեան ներկայացուցիչ, վերադարձող գաղթականներու տեղաւորման գործով, ապա՝ Արեւմտեան Հայաստանի ժամանակաւոր կառավարութեան, Զաւրեանի խորհրդատու ու գործակից:
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, Յ. Քաջազնունիի դահլիճին մէջ, պարենաւորման նախարար, ապա՝ Ելեւմտական:
Կը սպանուի աշխատած պահուն, Եգոր Տէր Մինասեանի կողմէ, քաղաքական բնոյթի հետեւանքով: Կարճիկեան 36 տարեկան էր:
-«Պետականութեան կերտիչի եւ անձնուէր յեղափոխականի դաշնակցական միաձուլումը»-Ն.
Գրիգոր Միրազբէգեան - Մածուն Խէչօ
Ծնած՝ Խոյի Սէյդավար գիւղը: Հայդուկ: 1894ին, Շուշիի մէջ կը մտնէ Հ.Յ.Դ. շարքերը. Նիկոլ Դումանի հետ կ’անցնի Պարսկաստան:
Կը պատրաստէ Խանասորի դաշտի յատակագիծը, Արաուլ լերան գագաթէն հեռադիտակով ուսումնասիրելէ ետք:
Բաքուի մէջ կը կատարէ բանուորական շարժման կազմակերպական աշխատանքներ:
Հայ-թաթարական կռիւներուն, Արամայիսի հետ կը ղեկավարէ Վարանդայի եւ Ասկերանի կռիւները:
Պարսկական ազատագրական շարժման, որպէս Եփրեմ Խանի օգնական, կը ստանձնէ Թեհրանի պաշտպանութեան պատասխանատւութիւնը:
Կը զոհուի Բաքուէն դէպի Շամախ ճանապարհին, թաթարներու դէմ կռիւի մը ընթացքին: Խէչօ 44 տարեկան էր:
Մուրատ Խրիմեան - Սեբաստացի Մուրատ
Ծնած՝ Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը: Ֆետայի, խմբապետ: Կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն վարժարանին մէջ, ապա՝ Պոլիս:
Թորգոմի «Մրրիկ» խումբին հետ կ’անցնի Սասուն. Հերոսամարտի ղեկավարներէն՝ ան կը կատարէ անկարելին-երբ ալ սպառած էին ուտեսեղէնն ու ռազմամթերքը, ճեղքելով պաշարման շղթան, ծերերոու, մանուկներու եւ վիրաւորներու բազմութիւն մը ապահով կը հասցնէ Մշոյ դաշտ ու ինք խումբ մը ֆետայիներով կ’երթայ Վան եւ զինամթերք կը բերէ Սասուն:
Հայ-Թաթարական կռիւներուն, կը կռուի Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի ճակատներուն վրայ ու կը վարէ Ղափանի (այժմ Կապան) 50 հայ գիւղերու ինքնապաշտպանութիւնը:
Կը մասնակցի 4րդ Ընդհանուր Ժողովին, Վիեննա:
Սահմանադրութենէն ետք կը հաստատւի Սեբաստիա ու կը կազմակերպէ շրջանը:
Ա. Աշխարհամարտի սկիզբը կ’անցնի Թիֆլիս, Անդրանիկի կամաւորական գունդին հետ կը մասնակցի Կարնոյ, Երզնկայի, Սարիղամիշի մարտերուն:
Մուրատի կը ապրտքին «մէկ հայ մէկ ոսկի» հայ բեկորներու (որբերու) փրկութեան գործը:
Ղեկավար մասնակցութիւն կ’ունենայ Բաքուի հերոսամարտին, ուր եւ կը զոհուի 44 տարեկանին:
-««Ես մահ չեմ ուզեր.. Ազատությունը կուզեմ տեսնել». Սեբաստացի Մուրադ»
Տիգրան Ապաճեան - Կայծակ Առաքել
Ծնած՝ Բաբերդ: Երզնկայի մէջ կը միանայ Տէրսիմի Քեռիի խումբին: Կարսի մէջ, իր անբաժան զինակից ընկեր Կիւմիւշխանեցի Աւոյի հետ, կը զբաղի զէնքի փոխադրութեան գործով. Ճարտարի հետ կը մասնակցի Խաթաւին լերան եւ աւերակ ջաղացի կռիւներուն:
Մաս կը կազմէ «Շանթ» խումբին:
Թորգոմի «Մրրիկ» խումբով կ’անցնի Սասուն ու կը մասնակցի բոլոր կռիւներուն. ապա՝ Կովկասի Հայ-թաթարական կռիւներուն, յետոյ՝ Պարսկաստանի ազատագրման կռիւներուն:
Վանի ինքնապաշտպանութեան՝ զինւորական մարմնի անդամ, 1915ին:
Կը մասնակցի կամաւորական Ա. Գունդին:
Երզնկայի մէջ, Մուրատի հետ կը զբաղի հայ բերկորներուն փրկութեան գործով:
Յանկարծամահ կ’ըլլայ Երզնկայի մէջ, 47 տարեկանին:
Աւետիս Բիզեան - Կիւմիշխանեցի Աւօ
Ծնած՝ Կիւմիշխանէ, Տրապիզոնի մօտ:
Երզնկայի մէջ կը միանայ Տէրսիմի Քեռիի խումբին. մտերիմ ու անբաժան զինակից ընկեր Կայծակ Առաքելի՝ միատեղ կը մասնակցին բազմաթիւ կռիւներուն – Երզնկա, Խաթաւին լեռ, Ախլաթ, Սասուն, Մուշ, Հայ-թաթարական եւ Պարսակստանի ազատագրական կռիւներուն:
Մաս կը կազմէ «Շանթ» խումբին:
Բաթումի մէջ, Աւօ կը մասնակցի Վանի նահանգապետի ահաբեկումին:
Կամաւորական կռիւներուն՝ գումարտակի պետ է:
Կոչուած է «Անաչառ Աւօ»:
Կը մահանայ Բաթում, 50 տարեկանին:
Արշակ Գաւաֆեան - Քեռի
Ծնած՝ Կարին: Արհեստով պայտառ, թամբագործ: Ֆետայի, խմբապետ: Յունոյի խումբէն:
Կը մասնակցի Կուկունեանի արշաւախումբին. Թորգոմի «Մրրիկ» խումբով կու գայ Սասուն, ուր կը նշանակուի պարենաւորման պահեստապետ:
Հայ-թաթարական կռիւներուն կը ղեկավարէ Սիսիան-Ղարաքիլիսէ շրջանի պաշտպանութիւնը:
Պարսկաստանի ազատագրական կռիւներուն, Քեռին աջ բազուկն է Եփրեմի ու անոր մահէն ետք՝ հրամանատարը հայ-պարսիկ ուժերու:
Կը նշանակուի կամաւորական 4րդ գունդի հրամանատար, կը մասնակցի Սարիղամիշի ռուս-թուրքական պատերազմին, ընդդէմ թուրք բանակին:
Մուսուլի արշաւանքին՝ կը փրկէ ռուս-հայ պաշարուած զօրաբանակը Ռեվանդուզի (Իրաք) մէջ, սակայն ինք ճակտէն զարնուելով կ’իյնայ:
Քեռի 53 տարեկան էր:
-«Հայ Հերոսի ալեհեր, բայց յաւերժ երիտասարդ դէմքը»-Ն.
-«Հայոց գաղափարի զինուոր առիւծը՝ քաջն ՔԵՌԻ ինկաւ Ռըւանտուզի ահեղ կռուին»-Ն.
Յարութիւն Շահրիկեան - Նիթրա, Ատոմ
Ծնած՝ Շապին Գարահիսար: Կը յաճախէ Պոլսոյ Կալաթա-Սէրիայ լիսէն: Իրաւաբան, Հ.Յ.Դ. գործիչ, Բիւրոյի անդամ:
Տրապիզոնի մէջ, որպէս փաստաբան, կը ստանձնէ հայ բանտարկեալներու պաշտպանութիւնը: Կովկասի վրայով կը մեկնի Սալմաստ, ուր յաջողութեամբ կը լուծէ կազմակերպութեան ներքին տարակարծութիւնները ու կը փութացնէ Խանասորի արշաւանքը:
Հայ-թաթարական կռիւներու օրերուն, «Փոթորիկ»ի կողմէ կը ղրկուի հիւսիսային Կովկաս, անհրաժեշտ գումարներ ապահովելու, զինամթերք գնելու համար:
Սահմանադրութեան տարիներուն, ջանք կը թափէ յաջողցնելու երկաթուղագծի շինութիւնը Թիւրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ, բայց ի զուր:
Պատերազմի սկզբին, Շահրիկեան կը մնայ Պոլիս ու կը զոհուի Եղեռնին, 55 տարեկանին:
Գարեգին Չաքալյան - Խաժակ
Ծնած՝ Ալեքսանդրապոլ: Կ’աւարտէ Ժընեւի համալսարանի ընկերաբանութեան ճիւղը:
Մտաւորական գործիչ: Կ’աշխատակցի «Դրօշակ»ի: Քարոզչական ու կազմակերպչական առաքելութիւններով կ’առաքուի Պալքաներ, ապա՝ Իզմիր եւ Եգիպտոս:
Թիֆլիսի մէջ, ուսուցիչ՝ Ներսիսեան դպրոցի ու խմբագիր «Մշակ» թերթի:
Ա. Ահարոնեանի եւ Ե. Թոփչեանի հետ կը հրատարակէ «Յառաջ» եւ «Ալիք» թերթերը:
Կ’անցնի Պոլիս ուր կը վարէ Սամաթիոյ ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը ու կ’աշխատակցի «Ազատամարտ»ին:
Զոհ եղեռնի, 48 տարեկանին:
Ատոմ Եարճանեան - Սիամանթօ
Ծնած՝ Ակն: Հայ բանաստեղծ, դաշնակցական գործիչ:
Վաճառական հօր հետ կը տեղափոխուին Պոլիս, ուր կը յաճախէ Գում Գափուի Միրիճանեան դպրոցը, ապա Սկիւտարի Պերպերեան վարժարանը:
Փարիզի մէջ կը հետեւի Սորպոնի համալսարանի գրականութեան ճիւղին, որպէս ազատ ունկնդիր: Կ’այցելէ Ամերիկա, Թիֆլիս, Բաքու, Էջմիածին:
Կ’աշխատակցի «Դրօշակ»ի եւ «Հայրենիք»ի՝ Պոսթոն, որուն խմբագրութիւնն ալ կը վարէ ժամանակ մը:
Զոհ եղեռնի՝ 37 տարեկանին:
Հայկ Թիրեաքեան - Հրաչ
Ծնած՝ Տրապիզոն: Ուսանող՝ Նանսիի (Ֆրանսա) գիւղատնտեսական վարժարանը, Արմեն Գարոյի հետ: Ժընեւի մէջ կը միանայ Հ.Յ. Դաշնակցութեան:
Ղեկավար դեր կ’ունենայ Պանք Օթթոմանի գրաւման մէջ:
Կազմակերպչական գործով կը գտնուի Կիպրոս, Պալքանեան երկիրներ, Ռուսաստան, Եգիպտոս:
Որպէս անդամ Կիլիկիոյ Պատասխանատու Մարմնին, Հրաչ կ’անցնի Իզմիր, բռնի հանգանակութիւն ձեռնարկելու:
Ահաբեկման մը հետեւանքով կը բանտարկուի. Սահմանադրութեան շրջանին ազատ կ’արձակուի, կը հաստատուի Պոլիս, ուր կը ստանձնէ «Ազատամարտ» թերթի վարչական պատասխանատւութիւնը:
Զոհ կ’երթայ Եղեռնին: Հրաչ 44 տարեկան էր: