Հաղորդակցութիւն. Սուրիա ՀՅԴ կազմակերպութիւն
20 Մայիս 2019 Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի վաստակաշատ անդամ եւ Արցախեան ազատամարտի ռահվիրայ՝ ընկ.Հրանդ Մարգարեանի դէմ՝ 18 Մայիս 2019 ին գործուած արարքը, ողջ հայութեան քաղաքակրթուածութեան անյարիր վերաբերմունք է, որուն համար պէտք է մտահոգուի ամէն հայ՝ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ։Հայ հասարակութեան մէջ ատելավառ տրամադրութիւններ հրահրող մթնոլորտի շիկացման ծառայող եւ փոխադարձ անհանդուրժողականութիւն ստեղծելու ձգտող այս երեւոյթէն, հարկ է օրուայ իշխանութիւնը հեռու մնայ եւ սատարէ հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ հայրենիքի յառաջընթացին:

Սուրիական տագնապի տարիներուն սուրիահայութեան իր կեցուածքներով ծանօթ Դաշնակցական վաստակաշատ ազատամարտիկի դէմ կանխամտածուած այս արարքը, ոչ միայն նսեմացում է անհատին, այլ նպատակաուղղուած վիրաւորանք է կուսակցութեան համահայկական կառոյցին ու անոր տեսլականով հայրենիքին ու հայութեան ծառայելու կոչուած իւրաքանչիւր հայու:
Հայրենի իշխանութիւնը կոչուած է լրջօրէն գնահատել պահը եւ անկէ բխող հայ ժողովուրդի կեանքը ապակայունացնող կործանարար հետեւանքները եւ անյապաղօրէն օրէնքի տրամադրութեանց հիմունքներով խստագոյնս պատժել դաւադիրները:
Լիայոյս ենք, որ իշխանութիւնը կ՛ունենայ զգօնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը շրջանցելու այս բարդացող տագնապը:
Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ – ՍՈՒՐԻԱ
19 Մայիս 2019