Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի
27 Սեպտեմբեր 2020 Թուրքիոյ բարոյական, ֆիզիքական եւ զինուորական ուղղակի զօրակցութեամբ, Ազրպէյճանը այսօր առաւօտեան անգամ մը եւս լայնածաւալ օդային եւ հրթիռային յարձակում կատարեց արցախեան ամբողջ սահմանագիծին վրայ: Աւելի ուշ, ազերիական հրետանին թիրախ դարձուց նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը, ռմբակոծելով մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Թէժ մարտեր կը ծաւալին մինչեւ պահս: Ազերիական վարձկանները ետ շպրտուած են ու նահանջած, ստանալով ծանր հարուածներ եւ կրելով լուրջ վնասներ:Պաքու յայտնապէս չէ համոզուած տակաւին, որ ուժի կիրարկումով պիտի չյաջողի պարտադրել իր կամքը, եւ ինչպէս նախորդ իր բազմաթիւ փորձերուն, այս անգամ եւս պիտի կրէ ջախջախիչ պարտութիւն:

Հայոց մարտունակ բանակի կորովը բարձր է, առնական հայ զինուորը տէրն է իր կոչումին, ժողովրդային կամաւորական խումբերը, որոնց շարքին` ՀՅԴ պահեստազօրքի գումարտակը արդէն հասած են ճակատ ու կանգնած` փառապանծ մեր բանակի կողքին ու թիկունքին, իսկ համայն հայութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կուռ միասնականութեամբ զօրավիգ է անպարտելի Արցախին, բանիւ եւ գործով:
Կեդրոնական Կոմիտէս իր բոլոր միջոցներով եւ Հայ Դատի Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մարմիններուն ու ՖՀԿԽ-ի հետ համադրաբար ու գործակցաբար արդէն իսկ սկսած է տուեալ երկիրներու քաղաքական բարձրագոյն շրջանակներու մօտ յարաբերական աշխուժ աշխատանք, պահանջելով, որ խստիւ դատապարտեն եւ ամէն գնով զսպեն Ազրպէյճանի սանձարձակութիւնը:
Կոչ կʻուղղենք Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մեր համայնքներու բոլոր զաւակներուն, որ խիտ շարքերով իրենց մասնակցութիւնը բերեն յառաջիկայ օրերուն կազմակերպուող բողոքի հաւաքներուն եւ ելոյթներուն, ի զօրակցութիւն հայոց յաղթական բանակին եւ պինդ ու խրոխտ ժողովուրդին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
27 Սեպտեմբեր 2020 Փարիզ