Ցոյց-քայլարշաւ եւ նստացոյցեր Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Օթթաուայի մէջ` ի զօրակցութիւն Արցախի եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ
10 Հոկտեմբեր 2020 Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբը՝ կուսակցական, միութենական, եկեղեցական եւ յարանուանակն, կազմակերպեցին ցոյց-քայլարշաւ մը, ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու բռնարարքներուն: Ցոյցը, որ կը կրէր «ATSAKH STRONG, CALL TO ACTION» լոզունքը, որ սկիսբ առաւ Փոխ Վարչապետի գրասենեակէն եւ ապա, ուղղուեցաւ դէպի թրքական հիւպատոսարան:Աւելի քան 2000 մասնակից ունեցող ցոյցին ներկայ էին եկեղեցականներ, կուսակցական ու միութենական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանն ու Թորոնթոյի ՀՀ հիւպատոս տիար Վարուժան Լափոյեանը:

Քայլարշաւը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին նահատակ հայ զինուորներուն: Հանդիսավարներն էին Հուրիկ Եղիազարեանն ու Վարագ Պապեանը:
Ելոյթ ունեցան՝ Արմինիա Սարգիսեանը, Ատոմ Էկոյեանն ու Արսինէ Խանճեանը, Հայր Եղիա Քիրէճեանը (Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ), Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեանը, Տ. Զարեհ Ա. Քահանայ Զարկարեանը (Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի), Գնատայի երիտասարդական Միութեան կողմէ Սագօ Գըլպոզեանն եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանը, որոնք դատապարտեցին ատրպէյճանական զինեալ յարձակումներն ու բռնութիւնները, յանուն թորոնթոհայութեան իրենց ամբողջական զորակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն, եւ կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան ու միջազգային հանրութեան, որպէզի սատար կանգնին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու աշտպանութեան ու դատապարտեն թուր-ատրպէյճանական բռնարարքները:
Այնուհետեւ, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Գեղարդ Ծ. Վրդ Քիւսպէկեան կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն:
Քայլարշաւը յագեցած էր հայրենասիրական երգերով ու ասմունքներով:
Յանուն Թորոնթոյի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբին, փակման խօսքը կատարեց Ռուբէն Ճամպազեան, որ խրախուսեց ներկաները բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսանալու Արցախի ու հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ միասնական ոգիով աշխատելու ի խնդիր հայութեան գերագոյն շահերուն:
Գանատահայ երիտասարդները կը շարունակեն նստացոյցերը Մոնթրէալի մէջ
ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնն ու Մոնթրէալի հայ համալսարանական ուսանողական միութիւնները Հոկտեմբեր 9-ին շարունակեցին բողոքի նստացոյցերը Գանատական հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու առջև, նստացոյց կատարելով Global News եւ Montreal Gazette լրատուամիջոցներու գրասենեակներուն դիմաց։ Երիտասարդները պահանջեցին դատապարտել թուրք-ատրպէյճանական նախայարձակումը Արցախի վրայ եւ ճանչնալ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը։
ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւնը նստացոյց կատարեց վարչապետ Թրուտոյի գերատեսչական գրասենեակին առջեւ
Հոկտեմբեր 9ին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան անդամները Օթթաուայի մէջ նստացոյց կատարեցին Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի գերատեսչական գրասենեակին առջեւ, պահանջելով, որ Գանատայի կառավարութիւնը յստակօրէն կ՚ողմնորոշուի Արցախի վրայ կատարուող ռազմական գործողութիւննփրուն առնչութեամբ եւ դատապարտէ Անգարայի ու Պաքուի յարձակողապաշտ վարքագիծը։
Նստացոյցի մասնակիցները վարչապետին ուղղուած նամակ մը հրապարակեցին, որուն մէջ յատկապէս կը շեշտուի, որ Գանատայի կառավարութիւնը զերծ մնայ չէզոք դիրքորոշումէ եւ պաշտօնապէս կասեցնէ Թուրքիոյ գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը եւ միաժամանակ Անգարայէն պահանջէ թրքական ռազմական սարքերու հակամարտութեան տարածքէն դուրսբերումը։
Ինքնաշարժներու շարասիւնով բողոքի ցոյց Մոնթրէալի մէջ
Հոկտեմբեր 10-ի յետմիջօրէին, Մոնթրէալի հայ համայնքը աւելի քան հազար ինքնաշարժներու եւ ճեպանիւներու շարասիւնով մը բողոքի արշաւ մը կազմակերտպեց ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ բռնարարքներուն: Ցուցարարներու շարասիւնը յաջորդաբար փակեց Մոնթրէալի թրքական հիւպատոսարանի եւ CTV ու LCN հեռուստաընկերութիւններու ճանապարհները։
horizonweekly.ca