Ակնարկ. Քոսովօ, Խրիմ` Կարգավիճակի Գերադասումի Միտումներ
28 Հոկտեմբեր 2020 Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կը յորդորէր հայերուն պատերազմիլ եւ յաջողութեամբ պաշտպանուիլ: Նախագահ Թրամփն էր, որ ընտրական արշաւներու ընթացքին յատուկ կեդրոնացաւ արցախեան պատերազմին վրայ: Պահ մը շրջանցելով զուտ ընտրական նպատակով կատարուած յայտարարութիւններու բաժինը, նկատենք քանի մը արտայայտութիւն, որ այս առիթով կատարեց նախագահ Թրամփը:Հայկական զանգուածային քուէին տիրանալու նպատակով յայտարարութիւն կատարող Միացեալ Նահանգներու նախագահը ակնարկութիւն ըրաւ ծրագիրի մը, որուն ուղղութեամբ կ՛աշխատի իր վարչակարգը: Աւելցուց, որ դիւրին լուծելի խնդիր է կարգաւորումը եւ զուգահեռ գծեց Սերպիոյ եւ Քոսովոյի պարագաներուն հետ:

Համեմատութիւն կատարելու այս երեւոյթը անմիջապէս մտաբերել կու տայ այս անգամ նախագահ Փութինի արցախեան պատերազմի բնութագրման ընթացքին յայտարարած «Թուրքիան չի ճանչնար Խրիմը, չի ճանչնար Արցախը» նախադասութիւնը: Արցախը կը համեմատուի Քոսովոյի եւ Խրիմի հետ: Առանց խորանալու Խրիմի եւ Քոսովոյի կարգավիճակներու տարբերութիւնները վերլուծելու փորձին մէջ, արագ նկատենք, որ երկու պարագաներուն ալ ըստ էութեան Արցախի կարգավիճակի հարցն է, որ կը գերադասուի: Կարգավիճակի գերադասման հիմնաւորումները Փութինի պարագային աւելի յստակ են: Արցախը ենթարկուած է ցեղային զտման Ազրպէյճանի կողմէ. աւելի հեռու անցեալին, ենթարկուած է Ցեղասպանութեան` պատերազմը հրահրած Թուրքիոյ կողմէ: Ռուսիան բոլորէն աւելի շահագրգռուած է խնդիրի լուծումով, հետեւաբար ըսել կ՛ուզուի բոլորէն առաջ պատրաստ է երաշխաւորելու Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը: Թէ Արցախին ի՞նչ կարգավիճակով, պարզ չէ. բայց Խրիմի օրինակը տալը որոշ պատկերացումի ուղղորդում կրնայ ենթադրել:
Մինչդեռ Թրամփի թէկուզ ընտրական, այնուամենայնիւ ենթադրաբար ներվարչակարգային քննարկումներու իբրեւ արդիւնք` ծրագիրն ու Քոսովոյի յիշեցումը կրնան այլ պատկերացումներ հրապարակելու մեկնակէտ հանդիսանալ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իրազեկ ըլլալով, որ Արցախը կը պատերազմի թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ կողմէ այս պատերազմին ներմուծուած ահաբեկիչներու դէմ, հայկական կողմին կը յորդորէր լաւ կռուիլ, ակնկալելով նաեւ` լաւ պաշտպանական մարտեր կիրարկել:
Արդիւնքը այն էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը հայկական կողմին արդիւնաւէտ պատերազմ կը մաղթէր, մինչ նոյն երկրի նախագահին անվտանգութեան հարցերու խորհրդականը հրադադարի նախաձեռնութիւն կը կատարէր: Զուտ քաղաքագիտական ակնոցով Փոմփէոն ի վերջոյ համանախագահող միջնորդ երկրի ներկայացուցիչ է, եւ փոխան զինադուլի յաջող մարտերու մաղթանք կը կատարէ կողմերէն մէկուն: Այս բոլորի արանքներուն մէջ պատժամիջոցներու սպառնալիքով վերստին կը լարուին Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները, եւ Թրամփ ընտրական կէտեր արձանագրելու համար կը խոստանայ շատ արագ, դիւրութեամբ լուծել արցախեան հակամարտութիւնը, յիշելով Քոսովոն:
Քոսովոյի յուշումը ընտրական խոստում է` Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու: Խրիմի օրինակին զուգակցումը Արցախին, սկսելու համար Արցախը Ազրպէյճանի տարածքէն դուրս ընկալելու մօտեցում է: Ի՛նչ ալ ըլլան շարժառիթները, համանախագահող երկու գերտէրութիւնները սկսած են գերադասել Արցախի կարգավիճակի խնդիրը: Երրորդ համանախագահող երկրի խորհրդարանը, ուր ներկայացուած բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները արդէն մեկնած են Արցախ, կը պատրաստուի քննարկելու Արցախի ճանաչման օրինագիծը:
Քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ, որ այս փուլին` անմիջական առումով ո՛չ Քոսովոյի օրինակը կ՛աշխատի, ո՛չ Խրիմի կարգավիճակին կը հետեւի Արցախը, ո՛չ ալ Ֆրանսայի խորհրդարանը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Բայց որ Արցախի կարգավիճակի քննարկումները կը տեղափոխուին միջազգային հարթութիւն, արդէն ո՛չ միայն համոզում է կամ գաղափարական առաջադրանք, այլեւ գործնական նախադրեալ պարզող իրականութիւն:
«Ա.»
aztagdaily.com