ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը
29 Հոկտեմբեր 2020 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի գործուղած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Էտի Ապի Լամաա եւ Իմատ Ուաքիմ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Մըլհեմ Ռիաշի եւ Ռիշար Գույումճեան:Հանդիպումին ներկայ էին ընկերներ Յակոբ Հաւաթեան, տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ Աւետիս Կիտանեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի դէմ սանձազերծուած ազրպէյճանական-թրքական պատերազմին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն առաջին անգամը չէ, որ հանդիպում կ՛ունենայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ` Պուրճ Համուտի թէ Մեհրապի մէջ:
«Այսօր բարեկամներու այս պատուիրակութեան այցելութիւնը զօրակցական այցելութիւն է այնպիսի դատի համար, որ ամբողջ հայութեան դատն է` ամբողջ աշխարհի տարածքին, որովհետեւ պատերազմ կայ ամբողջ հայութեան դէմ: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած եւ Իսրայէլի օժանդակութիւնը վայելող պատերազմը ընթացքի մէջ է Արցախի մէջ: Արցախի դէմ պատերազմը հայութեան դէմ պատերազմ է, իսկ հայութեան դիմադրութիւնը ազրպէյճանական – թրքական յարձակողապաշտութեան հայութեան համար ազգային գոյամարտ է», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն կողքին քննարկուած է Արցախի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը եւ շեշտուած ազատ ու քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, կամ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններուն եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքին հաւատացողներու մնացորդացին կողմէ իրաւունքին եւ արդարութեան ի նպաստ շարժում մը սկսելու կամ միջազգային նախաձեռնութիւն մը ներկայացնելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Մըլհեմ Ռիաշի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ժահժահի անունով ողջոյններ փոխանցելէ ետք հաստատեց, որ իրենց պատուիրակութիւնը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին այցելած է զօրակցութիւն յայտնելու հայ ժողովուրդին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ հայութիւնը լիբանանեան ազգային հիւսուածքին մէկ կարեւոր շերտն է եւ այսօր մտահոգ է իր հայրենիքով ու նախնիներուն հողերով:
«Հայութիւնը այսօր կ՛ապրի դար մը առաջ իր դէմ գործուած Ցեղասպանութեան կրկնութեան մտահոգութիւնը, որ կը սպառնայ իր գոյութեան: Մենք կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին եւ կը շեշտենք, որ Արցախ ազգային ինքնորոշման իրաւունք ունի: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը հաւատայ մարդու իրաւունքին եւ կոչ կ՛ուղղէ նեցուկ կանգնելու իրաւունքին` Արցախի ազգային ինքնորոշման իրաւունքին, եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ ՄԱԿ-ը եւ Հայաստանի ու Արցախի դրացի երկիրները ըմբռնեն, որ իւրաքանչիւր պատերազմ պիտի աւարտի խաղաղութեամբ, երկխօսութեամբ եւ քաղաքական բանակցութիւններով», ըսաւ ան:
Ռիաշի կարեւոր նկատեց, որ պատերազմող կողմերը վերադառնան բանակցութեան սեղան եւ խորհրդակցին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ մեզի ծանօթ է հայոց մասին` իբրեւ քաղաքակիրթ, գիտակից, զարգացած ու իր գտնուած միջավայրը հարստացնող եւ ոչ թէ անոր վնաս հասցնող ժողովուրդ:
«Խաղաղութիւն կը մաղթենք Արցախին եւ Հայաստանին ու անոր շրջակայքին` յոյս ունենալով, որ անոնք վերադառնան երկխօսութեան, եւ իրաւունքները տրուին իրաւատիրոջ», եզրափակեց ան:
aztagdaily.com