Նիկոլ Փաշինեան տապալեց սահմանադրութիւնը
14 Նոյեմբեր 2020 Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ պնդել, թէ իր ստորագրութիւնը կրող «զինադադարի» փաստաթուղթը պարզապէս յայտարարութիւն մըն է։Նոյնիսկ հարեւանցի ընթերցանութեամբ ակնյայտ է, թէ այս փաստաթուղթը «յայտարարութիւն» չէ, այլ՝ «կապիտուլացիայի» (անձնատրութեան) համաձայնագիր է, ուր սեւով ճերմակի վրայ արձանագրուած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անձնատրութեան բաղադրիչ տարրերն ու պայմանները։
Իր էութեամբ եւ բովանդակութեամբ այս պայմանագիրը անյարիր է Հայաստանի Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն։

Սահմանադրութեան Յօդուած 2-ը կը հաստատէ, «Հայաստանի Հանրապետութիւնում իշխանութիւնը պատկանում է ժողովրդին»: Հետեւաբար, «Իշխանութեան իւրացումը որեւէ կազմակերպութեան կամ անհատի կողմից յանցագործութիւն է»:
Յօդուած 116(1)-ը կը տրամադրէ, «Ազգային ժողովը վաւերացնում, կասեցնում կամ չեղեալ է յայտարարում այն միջազգային պայմանագրերը… (2) որոնք ունեն քաղաքական կամ ռազմական բնոյթ»: Առ այդ, Յօդուած 116(1)(7)(2)-ի համաձայն «Սահմանադրութեանը հակասող միջազգային պայմանագրերը չեն կարող վաւերացուել»:
Յօդուած 118(1)-ը կը ճշդէ, «Ազգային ժողովը, Կառավարութեան առաջարկութեամբ, պատգամաւորների ընդհանուր թիւի ձայների մեծամասնութեամբ կարող է ընդունել … խաղաղութիւն հաստատելու մասին որոշում»:
Յօդուած 132(1)(1) կը տրամադրէ, Հանրապետութեան նախագահը «Կառավարութեան առաջարկութեամբ կնքում է միջազգային պայմանագրեր»:
Սահմանադրութիւնը յստակօրէն ոչ մէկ իրաւասութիւն կամ լիազօրութիւն կը տրամադրէ վարչապետին կամ կառավարութեան միակողմանի եւ ինքնագլուխ միջազգային պայմանագիր որդեգրելու եւ գործադրելու։
Յօդուած 168(3)-ի հիմամբ Սահմանադրական Դատարանը «մինչև միջազգային պայմանագրի վաւերացումը որոշում է դրանում ամրագրուած պարտաւորութիւնների համապատասխանութիւնը Սահմանադրութեանը»:
Սահմանադրութիւնը ամբողջ ընթացակարգ մը կը կանոնաւորէ միջազգային պայմանագրի մը ձեւաւորման, ստորագրման, վաւերացման եւ գործադրման համար։
Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած պայմանագիրը կը խախտէ Սահմանադրութեամբ ճշդուած ընթացակարգի բոլոր հանգրուաններն ու տրամադրութիւնները։
Պատերազմական պայմանները երբեմն կը պարտադրեն դիմելու քայլերու, որոնց անմիջական բանաձեւման եւ լուծման պարտաւորութիւն կը դնէ գործադիր իշխանութեան վրայ։ Սակայն նման պայմաններ լիազօրութիւններ չեն տար գործադիրին վերջնական պայմանագիր ընդունելու եւ կիրառման դնելու՝ առանց սահմանադրական տրամադրութիւններու հետեւողութեան։
Փաշինեանի ամօթալի ստորագրութիւնը ճիշդ այդ լիազօրութիւններու շրջանցումը կատարելով հակասահմանադրական կարգավիճակի մէջ կը դնէ ինքզինք։ Փաշինեանի ձեւականութեամբ յայտարարութիւն, բայց խորքով ու էութեամբ կապիտուլացիոն պայմանագիրը՝
ա) շրջանցեց Ազգային Ժողովի կողմէ խաղաղութեան հաստատման եւ միջազգային պայմանագրի քննարկման ու վաւերացման սահմանադրական իրաւասութիւնը,
բ) անտեսեց Հանրապետութեան Նախագահին կողմէ միջազգային պայմանագիր կնքելու իրաւասութիւնը,
գ) Խախտեց միջազգային պայմանագրի սահմանադրականութիւնը հաստատող Սահմանադրական Դատարանի իրաւասութիւնը։
Գաղտագողի, գիշերուան մթութեան մէջ, Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան անունով վարչապետը ստորագրեց աղետալի պայմանագիր մը, որ իր էութեան մէջ տապալումն է Հայաստանի եւ Արցախի անկախ պետութիւններու Սահմանադրութեանց։
Երկրորդ Աշխարհամարտին, Ֆրանսայի մէջ Մարաջախտ Ֆիլիփ Փէթէն նոյնանման ընթացքի մէջ գտնուեցաւ, երբ Ֆրանսայի անունով Յունիս 22, 1940-ին ստորագրեց անձնատրութեան պայմանագիրը, որ Ֆրանսայի հիւսիսի ու արեւմուտքի տարածքները յանձնեց Նացի Գերմանիային։ Փէթէնի այս արարքը որակուեցաւ հայրենիքի դէմ դաւաճանութիւն։ Պատերազմէն ետք ազատագրուած Ֆրանսան Փէթէնը դատեց ու դատապարտեց դաւաճանութեան յանցանքով։
Նիկոլ Փաշինեան իր անձնական պատասխանատուութեամբ, առանց որեւէ պետական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ խորհրդակցութեան եւ հաւանութեան, Հայաստանի ու Արցախի անձնատրութիւնը կատարեց Ատրպէյճանին։
Իր ընթացքով Փաշինեան զաւթեց Սահմանադրութեամբ հայ ժողովուրդին պատկանող իշխանութիւնը։ Ան այսօր կը ներկայանայ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը տապալող եւ հայ ժողովուրդի իշխանութիւն իւրացնող յանցագործ – յար ու նման Փէթէնի։
Սեդօ Պոյաճեան
Նոյեմբեր 14, 2020