Յուշագիր` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն
21 Նոյեմբեր 2020
Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի ճամբով Հայաստանի վարչապետին ուղղուած յուշագիրը, որ կը պահանջէ պարտուողական եւ անձնատուութեան համաձայնագիր ստորագրած Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը (դեսպանին յանձնուեցան 19 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ):
10 նոյեմբեր 2020-ին Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի դադրեցման համար Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրեց յանձնուողական ու պարտուողական եռակողմանի համաձայնագիր մը` դուռը լայն բանալով Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու մեծամասնութեան զիջումին եւ կորուստին դիմաց: 44 օրերու վրայ երկարած, հայութեան պարտադրուած այս պատերազմին ընթացքին հայութիւնը սուղ գին վճարեց` կորսնցնելով երիտասարդ խոստմնալից սերունդ, իսկ հայոց քաջարի բանակը` քաղաքական մութ ու դաւադրական մօտեցումներով, ինք եւս ստացաւ մեծ հարուած:
Այս բոլոր կորուստները իրականութիւններ են, եւ անոնք Հայաստանը կը դնեն անորոշ ապագայի մը դէմ յանդիման:
Այս իրավիճակէն խոր ընդվզած` կու գանք հաստատելու թէ ՀՄԸՄ-ը իր հիմնադրութեան օրէն ձեռնարկած է հայրենի ժողովուրդին, պետականութեան եւ բանակին օժանդակութեան գործին, Արցախի ազատագրման ընթացքին, ինչպէս նաեւ այս օրերուն Արցախի պաշտպանութեան համար տուած է բազմաթիւ նահատակներ, հաւատարիմ իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»-ին եւ սկաուտական խոստումին` ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պարտաւորութեան: 102-ամեայ գործունէութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ը չէ շեղած իր սկզբունքներէն եւ առանց տատամսելու Հայաստանին ներկայացուցած է իր լաւագոյն տարրերը` փորձառու խմբապետներն ու սկաուտները` որպէս «Կամաւոր բանակ»-ը հայրենի ժողովուրդին:
Այսօր նոյնն էր պարագան, ՀՄԸՄ-ի «Կամաւոր բանակ»-ը դարձեա՛լ պատնէշի վրայ էր: ՀՄԸՄ-ը` իր Հայաստանի կառոյցով` ՀՄԸՄ- ՀԱՍԿ եւ աշխարհասփիւռ 111 մասնաճիւղերով, որոնց հիմնադրութեան կարգով վերջինն էր Արցախի մասնաճիւղը, 27 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զօրաշարժի մէջ էր եւ կը մնայ, իր բովանդակ կարողականութիւնները ի սպաս դնելու ու օժանդակելու` մասնակցութիւն բերելով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի օժանդակութեան համար կատարուող դրամահաւաքներուն, օժանդակութիւններ հաւաքելով եւ հասնելով գաղթականներու օգնութեան աշխատանքներուն, մասնակցութիւն բերելով քարոզչական եւ թուրք-ազրպէյճանական պատերազմը դատապարտող ցոյցերուն, ինչպէս նաեւ տասնեակ ՀՄԸՄ-ականներու նահատակութեամբ թանկագինը տալով Արցախին: Բոլորը եւ տարբեր ձեւերով անխտի՛ր աշխատելով` յանուն Արցախին եւ հայութեան:
Այսօր մեր ձայնը կը միացնենք համայն հայութեան ապրած խոր ու աննախընթաց ընդվզումին, նախանձախնդիր ըլլալով ներքին կայունութեան եւ հայրենիքը անսասան պահելու առաջադրանքին` կը պահանջենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր քաղաքական խումբին հրաժարականը, քաջ համոզուած, որ այս քայլը միակ լուծումն է դարմանումի եւ նոր մեկնարկ մը ապահովելու` յանուն մեր պետականութեան եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին:
19 նոյեմբեր 2020