Չեմպըրլէյնի Եւ Այլոց Օրինակին Հետեւէ՛ Եւ, Յանուն Աստուծոյ, Հեռացի՛ր
10 Դեկտեմբեր 2020 Կառավարման ժողովրդավարական համակարգի տէր պետութիւններու մէջ գայթակղութեան մը կամ ծանրակշիռ ձախողութեան մը պարագային երկրին ղեկավարը կը հրաժարի: Այսպէս` Արեւմտեան Գերմանիոյ ամէնէն ականաւոր վարչապետներէն Ուիլի Պրանտթ 1974-ին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, երբ պարզուեցաւ, թէ իր մտերիմ օգնականներէն մէկը Արեւելեան Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան` Սթազիի գործակալ մըն է: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն իր կարգին 9 օգոստոս 1974-ին հրաժարեցաւ «Ուոթըրկէյթ»-ի գայթակղութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ վարչապետ Նեւիլ Չեմպըրլէյն 10 մայիս 1940-ին հրաժարեցաւ` Նորվեկիոյ մէջ իր երկրին կրած վարկաբեկիչ պարտութեան պատճառով բրիտանական խորհրդարանին մէջ 7-9 մայիսին տեղի ունեցած քննարկումներէն անմիջապէս ետք: Անոր տեղ վարչապետ նշանակուեցաւ Ուինսթըն Չըրչիլ: Նոյն օրը երեսփոխաններէն մէկը յայտարարեց. «Ոչ մէկ կառավարութիւն կրնայ մարդոց հոգիները փոխել: Մարդոց հոգիներն են, որ կառավարութիւններ կը փոխեն»: Ճշմարտութիւն մը, որ ակներեւ արտացոլաց 5 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման համար «Առանց Նիկոլի Հայաստան» խորագիրով համաժողովրդային բազմամարդ հանրահաւաքի ու երթի ընթացքին:
Պարզ է, որ 9 նոյեմբերին անձնատուական համաձայնութիւնը ստորագրելով` Նիկոլ Փաշինեան իրողապէս վերջ դրաւ իր քաղաքական կեանքին եւ իր իսկ ձեռքով իր մրոտած անունը սեւ մելանով արձանագրեց հայոց պատմութեան մէջ` Պետրոս Գետադարձի եւ Վեստ Սարգիսի նզովեալ անուններուն կողքին: Ան ընդունեց այդ ստորագրութեան առաջնորդած աղէտին համար իր պատասխանատուութիւնը, մինչեւ իսկ ինքզինք իրաւամբ ատոր թիւ մէկ պատասխանատուն նկատեց, սակայն…:
9 նոյեմբերին մերկացած թագաւորը ահա ամիսէ մը ի վեր կը շարունակէ քաղաքական դաշտին վրայ սիրամարգի նման անամօթաբար շրջագայիլ ու իր բարոյահոգեբանական մերկութիւնը` մենատիրական ոգին ցուցադրել: Ան այդպիսով յաչս եւ ի գիտութիւն համայն հայ ժողովուրդին ու աշխարհին Լուտովիկոս ԺԶ.-ի նման կը յայտարարէ` «ես եմ պետութիւնը», եւ իր բացարձակապաշտութեամբ մեր հայրենիքը կը հեռացնէ ժողովրդավարական արժեհամակարգէն` զայն տանելով դէպի, հայու ոգիին համար անհանդուրժելի, բռնատիրութիւն` վկայ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխուժ ու անտեղի օգտագործումը:
7-9 մայիս 1940-ին, բրիտանական խորհրդարանին մէջ քննարկումներուն ընթացքին, Չեմպըրլէյնի կուսակից երեսփոխան Լէօ Ամըրի իր մեծ տպաւորութեան ձգած խօսքը` աւարտած է յիշեցնելով Օլիվըր Քրոմուելի խօսքը` ուղղուած «Երկարատեւ խորհրդարան»-ին (1640-1660), երբ զայն այլեւս անկարող նկատած է պետութիւնը կառավարելու, «Դուք այստեղ չափազանց երկար նստած էք ինչ լաւութեան համար ալ, որ ըրած էք: Հեռացէ՛ք կ՛ըսեմ ձեզի, եւ մեզ ձերբազատեցէ՛ք ձեզմէ: Յանուն Աստուծոյ` հեռացէ՛ք»:
Հայաստանի վարչապետութեան աթոռին կառչած Փաշինեան պէտք է Ուիլի Պրանտթի, Ռիչըրտ Նիքսընի եւ մանաւանդ Նեւիլ Չեմպըրլէյնի օրինակներուն հետեւի, մանաւանդ որ իր արձանագրած ձախողութիւնն ու ատոր հետեւանքը անհամեմատ աւելի մեծ ու ծանր են: 5 դեկտեմբերին աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը իր ձայնը միացուց Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին մէջ հաւաքուած բազմահազարներուն եւ Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրեց ճիշդ այդ մէկը կատարելու:
Յանուն Աստուծոյ, հեռացի՛ր. ինքնակամ, արժանապատիւ, խաղաղ ու անցնցում կերպով հեռացի՛ր եւ թոյլ տուր, որ մեր խոր վէրքը դարմանելով ոտքի կանգնինք` աւելի հզօր, քան երբեք:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ