Արեւմտամէտ Քաղաքականութեան «Ձեռքբերում»-ներէն Մէկը
11 Դեկտեմբեր 2020 Հայկական երկու հանրապետութիւններուն սահմանին վրայ` Լաչինի անցքին մօտ օրերէ ի վեր հաւաքուած ու պատրաստ վիճակի մէջ «զերօ ժամ»-ին սպասող ռուսական ուժերը 9 նոյեմբերին Հայաստանի, Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ փաստաթուղթի կնքման յայտարարութենէն հազիւ 5 վայրկեան ետք սկսան մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ:Ռուսական ուժերը պաշտօնապէս կը կոչուին խաղաղապահ, սակայն զանոնք պէտք չէ շփոթել ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հետ: Խաղաղապահ զօրքերը ընդհանրապէս թեթեւ զէնքերով զինուած կ՛ըլլան եւ կը տեղակայուին երկու զօրքերու միջեւ: Ռուսական զօրակազմը, սակայն, տեղակայուած չէ երկու զօրքերու միջեւ, այլ բռնագրաւուած եւ ազատ, մեծ մասամբ ապազինեալ երկու տարածքներու միջեւ, որովհետեւ հայկական ուժերը եռակողմ յայտարարութեան 4-րդ կէտի հիմամբ ռուսական զօրակազմի տեղակայման զուգահեռ դուրս բերուած են Արցախի տարածքէն:

Ի տարբերութիւն ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի, ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորումը բաղկացած է մասնայատուկ ուժերէ եւ զինուած է հրետանիով, բազմափող հրթիռային համակարգերով եւ ելեկտրոնային պատերազմի սարքերով: Այսինքն անոր առաքելութիւնը յայտարարուած խաղաղապահութենէն աւելին է: Կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն, անոնց թիւն ալ իրողապէս աւելին է, քան` յայտարարութեամբ նախատեսուած 1960-ը:
Ըստ ստորագրուած փաստաթուղթի 4-րդ կէտին, այդ ուժերու «մնալու տեւողութիւնը 5 տարի է` յաջորդ 5-ամեայ ժամանակահատուածներու համար ինքնաբերաբար երկարաձգմամբ, եթէ կողմերէն ոչ մէկը չի յայտարարեր այս կէտի կիրարկումը դադրեցնելու մտադրութեան մասին, ժամկէտի ամբողջանալէն 6 ամիս առաջ»: Ռուսական «խաղաղապահ» ուժերը, սակայն, երբեք ալ չեն հեռացած այն շրջաններէն, ուր տեղակայուած են. վկայ` Մերձտնեսթրի, Աբխազիոյ եւ Հիւսիսային Օսեթիոյ օրինակները: Աւելի՛ն. ռուսական խաղաղապահ ուժի հրամանատարը` Ռուսթամ Մուրատովը մասնակցած է ոչ խաղաղապահական առաքելութիւններու` Չեչենիոյ պատերազմին եւ 2017-ին եղած է հրամանատարը Տէր Զօրի մէջ ռուսական ուժերուն: 28 դեկտեմբեր 2017-ին Սուրիոյ մէջ իր ծառայութեան համար Փութինի կողմէ ստացած է «Ռուսիոյ հերոս» կոչումը:
Յստակ է, որ ռուսական ուժերուն առաքելութիւնը խաղաղապահութենէն աւելին է: Սակայն տակաւին անյայտ է, թէ «առաջին քայլ»-ի տպաւորութիւն ձգող այդ տեղակայումին ի՛նչ քայլեր պիտի յաջորդեն ու յստակացնեն այդ մարտական ուժին «խաղաղապահական» առաքելութիւնը: Թերեւս անիկա եռակողմ համաձայնութեան, Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի, իմա՛ Թուրքիոյ միջեւ «փոխադրական կապեր»-ու, ուստի եւ մինչեւ Կեդրոնական Ասիա երկարող թուրանական անխափան տարածքի ստեղծման ծառայող 9-րդ կէտի տապալումն է: Այդպիսի պատուար-տարածքի մը գոյացումը կը խաթարէ Ռուսիոյ շահերն ու ազգային անվտանգութիւնը:
Ռուսիա արդէն հսկողութեան կէտեր հաստատած է Նախիջեւանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի երկայնքին ու Մեղրիի մէջ կարեւոր 5 կէտերու վրայ: Այս կէտերուն եւ արցախեան տարածքին վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ Գիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանի գոյութիւնը, արդէն մեր դիմաց կ՛ուրուագծուի Քալինինկրատը յիշեցնող պատկեր մը:
Այդ տպաւորութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի այն իրողութեամբ, որ Արցախի մէջ արձանագրուած աղէտալի զարգացումներէն, անձնատուական ամօթալի փաստաթուղթի ստորագրումէն ու իբրեւ բնական հետեւանք` Հայաստանի վարչապետին քաղաքական ամբողջական սնանկացումէն ու իրողապէս Քրեմլինի քաղաքական պատանդին վերածուելէն ետք, Հայաստանի ու Արցախի մէջ ռուսական ազդեցութիւնը մեծապէս կ՛աճի: Իրողութիւն մը, որուն ցուցական արտայայտութիւններէն էր Ստեփանակերտի մէջ դպրոցական վերամուտի ընթացքին բարձրացուած Փութինի լուսանկարներու եւ փրկարար Ռուսիոյ շնորհակալութիւն յայտնող պաստառներու պարզումը, ինչպէս նաեւ` Արցախի Ազգային ժողովի կողմէ ռուսերէնը իբրեւ հանրապետութեան երկրորդ լեզու որդեգրման ուղղութեամբ քայլն ու վերջերս շրջանառուող Պիելոռուսիոյ նման Ռուսիոյ հետ միասնական պետութիւն կազմելու գաղափարը: Ահա այս է Ռուսիոյ դէմ սուր ճօճելով զուարճացող արեւմտամէտներուն 2,5 ամեայ իշխանութեան փայլուն «ձեռքբերում»-ներէն մէկը:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com