Ձախորդ յօդուածագրին ձաբռտուքները
08 Հունվար 2021
Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին, իր աթոռին կառչած մնացող Հ․Հ․ վարչապետը լոյս ընծայած է լայնածաւալ յօդուած մը, որ տօնական օրերուն զուգադիպելով՝ կոնդակի մը բնոյթը ստացած է։
Բնականաբար Քրիստոսի ծնունդին եւ անոր հետ առնչուող ոչ մէկ նիւթ ծեծած է վարչապետը, այլ անոր կիզակէտն է 44-օրեայ պատերազմին ծագումը եւ այլ մանրամասնութիւններ, կամ, աւելի ճիշդ բնորոշումով՝ «Ես չէի յանցաւորը» թեման։
Վարչապետը այս անգամ դիմած է իր հին մասնագիտութեան՝ լրագրութեան-յօդուածագրութեան, բացատրելու համար պատերազմին դրդապատճառներն ու ստեղծուած կացութիւնը։ Չմտնենք այն մանրամասնութեան մէջ, թէ անոր վաստակը կը վկայէ, թէ իր դիտանկիւնէն՝ լրագրութիւն կը նշանակէ խեղաթիւրում, անիմաստ աղմուկ բարձրացնել եւ նման «ստեղծագործութիւններ»:
Յօդուածագիրը, իր հաղորդած տեղեկութիւններով եւ վերլուծումներով, ո՛չ միայն ինքզինք կը հակասէ, այլ նաեւ շփոթի կը մատնէ (ըստ սովորութեան) արդէն իսկ շուարած եւ տուայտանքի կացութեան մէջ գտնուող հայորդին։
Ան կը խօսի իննիսունականներէն ասդին Արցախի հիմնահարցով զբաղուող խորհրդաժողովներու մասին, Քազանի համաձայնագրի պատրաստութեան վարկածէն մինչեւ Մատրիտեան սկզբունքներ։
Բաւական մը նիւթեր ծեծելով եւ երբեմն ալ անտեղիօրէն իրարու կապելով, վարչապետը կը փորձէ բացատրել, թէ իրարու յաջորդող դէպքեր, որոշումներ, տարածաշրջանէն ներս կացութիւններ՝ պատճառ հանդիսացած են, որ ստեղծուի 27 Սեպտեմբերին առաջնորդող կացութիւնը։
Շրջաններ յանձնելու առնչութեամբ, յօդուածը կարդացողը անգամ մը եւս կը հանդիպի թուաբանական պարզ հաշիւին՝ 5 + 2 հաւասար է 7-ի բանաձեւին, որուն կողքին կը նշուին բաւական մը «եթէ»-ներ։ Մինչդեռ, հարցը 5 + 2-ի թուաբանական գումարումը չէ, այլ ռազմաքաղաքական հասկացութիւն մը։
Ռազմական գետնի վրայ, 44 օրերուն մասին մանրամասն զեկուցումներ չկան։ Փաշինեան, հպանցիկ բաղդատականներ եւ մատնանշումներ կատարելով, կը նշէ, թէ «Հիմա, ի հարկէ, յետահայեաց կարելի է ասել՝ դա (այսինքն հողատարածք յանձնելը, խմբ․) աւելի լաւ է, քան այնինչ ունենք, առնուազն մարդկային հազարաւոր կեանքեր փրկած կը լինէինք»։ Եւ այս կացութիւնը, ան կը բաղդատէ նախապէս կատարուած համեմատաբար շատ աւելի փոքր տարողութեամբ մարտերու հետ, քառօրեայ պատերազմ՝ 2016-էն աւելի ետ 2011, 2004․․․։
Վարչապետին համար, դժբախտաբար դեռ յստակ չէ, թէ ամբոխավարութիւն, ամբոխահաճութիւն եւ նոյնիսկ յեղափոխութիւն (թաւշեայ, պողպատեայ թէ ոսկեայ – այս վերջինը ի յիշատակ… Սոթքի հանքին) բոլորովին տարբեր ոճ, գործընթաց եւ նիւթեր են, բաղդատած շատ աւելի թնճուկային եւ դժուարութիւն յարուցող փրոթոքոլային հարցերու եւ հիմնահարցերու քննարկումին։ Զարմանալի եւ անակնկալ չէ նաեւ վարչապետին մէկ այլ արտայայտութիւնը, թէ նախապէս քսան տարի շարունակ, բանակցութիւններուն նպատակը Ատրպէյճանին յոյս տալն է, մինչդեռ ինք յուսախաբեցնողը դարձած է։
Կարդացողը քանի մը անգամ ալ թղթատելով եւ կրկին պրպտելով տեղեկութիւններն ու յայտարարութիւնները, կրնայ նկատել, թէ ոչ մէկ խօսք կայ Շուշիի (թէ՛ պաշտպանութեան եւ թէ՛ անկումին) մասին։ Շուշիին՝ որուն տիրապետողը Արցախին տիրապետած կ՛ըլլար։ Ա՛յն Շուշին, որ իմաստուն եւ ամէնագէտ վարչապետին աչքով՝ տժգոյն, անփայլ, դժբախտ եւ երկրորդական էր, համեմատած Երեւանի Հիւսիսային պողոտային, որ մարմնաւորուեցաւ… «նախկիններուն ձեռամբ»։ Սա այն Շուշին է, որ Ալիեւի կողմէ հռչակուեցաւ Ատրպէյճանի մշակոյթի քաղաք։
Սիւնիքի սահմանային Շուռնուխի մասին խօսելով, Փաշինեան առանց տատամսելու կը յայտնէ, թէ պայքար մղուած է ամէն մէկ թիզ հողի համար․․․անշուշտ մետասաներորդ պահուն, քանի մը տուներ ալ յանձնելով։ Շրջանէն հասած տեղեկութիւնները այն են, որ միակ պայքար տանողը ազերիներն են, իրենց «Ճի. Փի. Էս.»-ներով, իսկ բնակարէնէ զրկուողներու վերջին քայլը կ’ըլլայ հրկիզել իրենց տուները…
Վարչապետը, կը թուի վերացած եւ խանդավառ ըլլալ իր յօդուածագրութեամբ, եզրակացնելով, թէ յառաջիկային պիտի շարունակէ յաւելեալ էջեր մրոտել, համոզուած ըլլալով, որ «Մօտիկ անցեալի մասին այսպիսի խօսակցութիւն կարեւոր է, ապագայի շուրջ լիաթոք խօսակցութիւն սկսելու համար»։
Պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ, թէ Արցախն ու Հայաստանը բոլորիս հետ պարտութեան տարած վարչապետը ահա իր արձանագրած ձաբռտուքներով նո՛յնքան ձախողակ յօդուածագիր մըն է։ Իսկ սեղանին վրայի երեք խնձորներն ալ․․․երկինքէն ինկած են կը բնութագրեն հեքիաթի մը աւարտը։ Գործ` կողքին մելան հոսեցնող հեքիաթագրին:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական