Թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններուն ապագան փայլուն չէ
18 Հունվար 2021
Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ նախագահ Ճօ Պայտըն ատենէ մը ի վեր կ՛ընտրէ իր վարչակազմին մէջ բանալի պաշտօններու վրայ նշանակելիք պաշտօնատարները եւ վերջին ընտրութիւնը, որ կը վերաբերի Ազգային Ապահովութեան խորհուրդի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի բաժանմունքին տնօրէնի պաշտօնին, բաւական զայրացուցած է Թուրքիոյ վարիչները, որովհետեւ թեկնածուն Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ կը համարուի այն պաշտօնատարը, որ կազմակերպեց Սուրիոյ քիւրտերուն զինումը, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած ճակատը կարենայ Սուրիոյ մէջ ջախջախել Տահէշը ։
Պայտըն Պրեթ ՄըքԿրուքը ընտրեց այս պաշտօնին համար։ ՄըքԿրուք 2018ին հրաժարած էր Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած՝ Միջազգային Ուժերու դաշինքին մէջ նախագահական բանագնացի պաշտօնէն՝ բողոքելով Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը քաշելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին դէմ։ Յատկանշականը այն էր, որ ՄըքԿրուք այս պաշտօնին նշանակուած էր նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ եւ պաշտօնը շարունակած Թրամփի իշխանութեան օրերուն, որովհետեւ յաջողած էր Սուրիոյ մէջ Տահէշի դէմ պայքարը լաւապէս կազմակերպել։ Թուրքերը ՄըքԿրուքի գործունէութենէն չափազանց դժգոհ էին եւ զանազան առիթներով ալ իրենց դժգոհութիւնը փոխանցեցին Ուաշինկթընի իշխանութիւններուն։ Ան կը համարուի նախաձեռնողն ու կազմակերպիչը Սուրիոյ քիւրտերուն զինման՝ զանոնք Տահէշի դէմ ազդու ուժի մը վերածելով։ Մինչ Թուրքիա Սուրիական Քրտական Ժողովրդավար Ուժերը կը համարէ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան սուրիական թեւին՝ Քիւրտերու Պաշտպանութեան Ուժերուն զինուորական բաժանմունքը, ամերիկացիները՝ հակառակ Անգարայի բուռն ընդդիմութեան, զինեցին զանոնք եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ունեցան իրենց հաւատարիմ այն մարտունակ ուժը, որ մեծապէս նպաստեց Տահէշի դէմ պատերազմին, որովհետեւ գետնի վրայ իսկական կռուողները հայթայթեց, մինչ ամերիկացի զինուորները մնացին իրենց կեդրոններուն մէջ։
Թուրքիա կը խորհի, որ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը կը ջանայ Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային եւ Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանները իրարու կցելով՝ անկախ Քիւրտիստան մը հռչակել եւ այս մտավախութիւնը թուրքերը մղած է բոլոր ճակատներուն վրայ պայքար մղելու՝ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան եւ անոր շրջանային թեւերուն դէմ։ ՄըքԿրուքի կողմէ Սուրիոյ քիւրտերուն զինումն ալ այս ծիրին մէջ համարուեցաւ բաւական լուրջ վտանգ մը՝ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան դէմ։
Երբ Հոկտեմբեր 2019-ին, ամերիկեան ուժերուն Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն հեռանալէն ետք, թրքական բանակը թափանցում կատարեց եւ Սուրիոյ սահմանները կտրելով՝ Իտլիպ եւ այլ շրջաններ մտաւ, ՄըքԿրուք բուռն կերպով քննադատեց Անգարան։ Աւելի՛ն։ Ան թրքական ուժերը ամբաստանեց ամերիկացի զինուորներու վրայ ծրագրուած կերպով կրակ բանալու յանցանքով։ ՄըքԿրուքի կատարած նշումներուն եւ քննադատութիւններուն պատճառով՝ թուրքերը առաւել զայրացան եւ ամերիկացի պաշտօնատարը համարեցին Թուրքիա – Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները վատթարացնող թիւ մէկ պատասխանատուն։
Ամերիկացի պաշտօնատարը Տահէշի ղեկավար Ապու Պաքըր Պաղտատիի սպանութիւնն ալ օգտագործեց եւ անգամ մը եւս ջանաց ցոյց տալ Թուրքիա – Տահէշ կապ մը, երբ յայտարարեց, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Հոկտեմբեր 2019-ին ամերիկեան ուժերու կողմէ սպաննուած Պաղտատի թաքնուած էր թրքական ուժերու կեդրոնին շատ մօտիկ վայր մը, ինչ որ ըստ ՄըքԿրուքի, պատահականութեան մը արդիւնքը չէր։ Այս նշումը առաւել զայրացուց Թուրքիոյ իշխանութիւնները։
Անգարա – Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները ներկայիս առաւելագոյն լարուածութեան հանգրուանի մը մէջ կը գտնուին։ Ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք հաստատուեցան Թուրքիոյ զէնքի արդիւնաբերութեան ճարտարարուեստի տնօրէնին եւ մարզին մէջ գործող բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ, Անգարայի իշխանութիւնները մղեցին յայտարարելու, որ պատժամիջոցներուն նպատակն է արգելակել թրքական զէնքի ճարտարարուեստին ընդարձակումը, առանց իսկ մատնանշելու իսկական պատճառը, որ կը վերաբերի ռուսական Էս – 400 տիպի հակահրթիռային համակարգերու գնման։ Սակայն թուրքերուն մտահոգութիւնը յստակ էր։ Ամերիկեան պատժամիջոցները կը ջնջեն այն բոլոր լիազօրութիւնները եւ արտօնագրերը, որոնք տրուած են ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ, որպէսզի թրքական զէնքի արտադրութիւնները արտածուին։ Նաեւ արգիլուած է արտածումը այն զէնքերուն եւ զինական սարքերուն, որոնք ամերիկեան արտադրութիւններու տարրեր կը պարունակեն։ Սահմանափակումներ հաստատուած են նաեւ Թուրքիոյ զէնքի արդիւնաբերութեան ճարտարարուեստի մարզի տնօրէն Իսմայիլ Տեմիրի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ։
Նման կացութեան մէջ բաւական պատասխանատու պաշտօնի մը Պրեթ ՄըքԿրուքի նշանակումը, թրքական իշխանութիւնները կը համարեն Անգարա – Ուաշինկթըն լարուած յարաբերութիւնները առաւել վատթարացնող գործօն մը, որովհետեւ կը խորհին, որ ամերիկեան օրակարգի վրայ դարձեալ կրնայ դրուիլ Սուրիոյ քիւրտերու զինման, կամ անոնց հետ գործակցութեան ծրագրեր։ Ամենայնդէպս, քրտական հարցը Թուրքիոյ համար կը շարունակէ գլխացաւ մը ըլլալ, յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ քրտական բաւական ազդեցիկ ներկայութեան պատճառով։ Իրողութիւն մը, որ կրնայ Թուրքիոյ քիւրտերը մղել, որպէսզի շարունակեն Անգարայի իշխանութիւններուն դէմ իրենց գործունէութիւնը՝ յատկապէս անկախ Քիւրտիստանի մը ստեղծման ծրագրերով։
Ա.Ա.
hairenikweekly.com