«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Ունենայ Իր Նախարարը, Որ Իր Իրաւունքն Է Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Չափաբաժինին Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
18 Փետրվար 2021
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յատկապէս քաղաքական տագնապին եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումներուն:
Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 16-ամեակին առիթով նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ակնկալուած էր Սաատ Հարիրիի կողմէ, որ իր խօսքին առաստաղը բարձրացնէ:
«Սակայն այս յիշատակին առիթով կը փափաքէինք, որ արտասանուած խօսքերը ըլլային համախմբող եւ ոչ թէ գերեզմանները փորող: Բոլորս ալ գիտենք, որ ի վերջոյ լուծումներ պիտի գտնուին, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է հետեւաբար պէտք չէ խօսքերուն առաստաղը բարձրացնել: Անշուշտ ես ոչ ոք կ՛ամբաստանեմ, սակայն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաւատայ, որ եթէ հարցերուն աւելի հանդարտ եւ համոզումով մօտենանք, ապա կարելի է լիբանանեան ներքին լուծումներ գտնել:
Իւրաքանչիւրը պէտք է գիտնայ Լիբանանի սահմանները, երկրին դիմագրաւած աղէտալի պայմանները, լիբանանցիին տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային պայմաններն ու զարգացումները:
Այսօր քաջութիւնն ու հերոսութիւնը կառավարութիւնը կազմելու մէջ է, թէկուզ զիջումներով», յայտնեց ան:
Քրիստոնեաներուն հաշուարկը կասեցուցած ըլլալու իմաստով Սաատ Հարիրիի կողմէ իր հօր խօսքերը մէջբերելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ նախապէս կատարուած յայտարարութիւնները միշտ չէ, որ դրական տպաւորութիւն կը ձգեն: «Ի՞նչ շահեցանք այդ յայտարարութենէն: Հարիրի յայտարարեց, իսկ նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի պատասխանեց: Աւելի համոզուա՞ծ են: Քրիստոնեաներուն հաշուարկը կանգ առաւ Թաէֆի համաձայնագիրով: Այդ հաշուարկը պէտք է կասեցուի նախ` քրիստոնեաներուն համոզումով, եւ ապա իսլամներուն: Որոշումը մերն է` այս երկրին մէջ մնալու իմաստով: Ոչ ոք իրաւունք ունի լիբանանցիին ըսելու, թէ այս երկիրը ի՞րն է, թէ՞ ոչ:
Միտք բանին այն է, որ օրին կատարուած նման յայտարարութիւններու կրկնութիւնը կրնայ վատ ազդեցութիւն ձգել դիմացինին վրայ, իսկ այս օրերուն բոլորս գերզգայուն դարձած ենք տիրող քաղաքական եւ ընկերային պայմաններէն, «Քորոնա»-ի համաճարակէն, տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապէն: Պիտի հանդարտինք եւ բանականութեամբ ու հանդարտութեամբ փորձենք լուծել երկրին հարցերը», հաստատեց ան:
Հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը պահանջելու իմաստով սկսած արշաւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ այդ հաւանականութեան մասին պէտք է վերջնականապէս մոռնալ:
«Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին կարելի չէ հրաժարական պարտադրել, ինչպէս որ վարչապետը փողոցին մէջ կարելի չէ տապալել: Եթէ կառավարութիւնը պիտի լուծուի, ապա խորհրդարանին մէջ պէտք է լուծուի: Այս բոլորը լիբանանեան հաւասարակշռութիւններ են եւ կարելի չէ զանոնք հարուածել: Եթէ պիտի շարունակենք այս հաւասարակշռութիւնները խախտել, ծանօթ չէ, թէ Լիբանան ո՛ւր կրնայ հասնիլ: Բոլորս լաւ պէտք է իմանանք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը կ՛աւարտի 31 հոկտեմբեր 2022-ին», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ 2019-ի աւարտին Սաատ Հարիրի իր ուրոյն որոշումով հրաժարեցաւ կառավարութենէն, եւ ոչ թէ անոր կառավարութիւնը փողոցին ճնշումին տակ ինկաւ: «2005-ին նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի կառավարութիւնն էր, որ փողոցի ճնշումին իբրեւ հետեւանք հրաժարեցաւ, ինչ որ հասկնալի էր, երկիրը մեծ ցնցումի ենթարկուած էր` վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պատճառով», յայտնեց ան:
Թէ ի՞նչ փոխուեցաւ, որ Սաատ Հարիրի դարձեալ վարչապետ նշանակուեցաւ, եւ ինչո՞ւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն զօրակցեցաւ անոր թեկնածութեան, այս հարցումին պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Կեդրոնական կոմիտէն համաձայն գտնուեցաւ զօրակցիլ Հարիրիի թեկնածութեան եւ անոր անունը առաջադրել, որովհետեւ ան սիւննի համայնքին զօրակցութիւնը կը վայելէ: Մենք վկայեցինք, թէ հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ, հակառակ իր բոլոր կարողութիւններուն եւ դրական մօտեցումներուն, սիւննի համայնքին զօրակցութիւնը չի վայելեր: Սակայն Սաատ Հարիրի կը վայելէ այդ զօրակցութիւնը եւ յայտարարեց, որ ինք վարչապետի թեկնածու է: Մենք համոզուած ենք, որ Հարիրի կրնայ կազմել կառավարութիւն մը, որ նուազագոյնը կարենայ քանի մը քայլ առնել` յառաջիկայ երկու-երեք տարիներուն ընթացքին լուծելու համար Լիբանանի տագնապը: Ճիշդ է, որ երկիրը քաղաքական եւ տնտեսական ծանր տագնապ կը դիմագրաւէ, սակայն ինչ ալ ըլլայ` քաղաքականը կարելի է լուծել լիբանանեան ձեւով, հիմնականը երկրին տնտեսական-ելեւմտական տագնապի լուծումն է»:
Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները յետաձգելու մասին ՀՅ Դաշնակցութեան առաջարկին` հաստատելով, որ բնաւ չի զղջար նման բան առաջարկելուն համար` աւելցնելով, որ երանի խորհրդակցութիւնները միայն մէկ շաբաթով չյետաձգուէին: «Նախագահ Աունի հետ հեռաձայնային կապի մը ընթացքին անոր հարց տուի, թէ արդեօք կառավարութեան կազմութեան իմաստով սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացա՞ծ է: Ան ժխտեց, եւ անոր պատասխանին հիման վրայ առաջարկեցի խորհրդակցութիւնները յետաձգել: Նախագահ Աուն տեղեակ էր, որ մենք Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան պիտի զօրակցինք: Հաւանաբար այս կեցուածքը հակասահմանադրական նկատեն ոմանք, սակայն ի վերջոյ նպատակը կառավարութեան կազմութիւնն է, այլապէս` այս կ՛ըլլայ վիճակը. վարչապետի նշանակում եւ ամիսներ տեւող կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթ ու քաշքշուք», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ շատ կը խօսուի կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն մասին, սակայն հիմնական հարցումը կը մնայ այն, որ արտօնուա՞ծ է Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կազմել: «Եթէ իսկապէս ներքին լիբանանեան հարց է, ինչո՞ւ պէտք է վարչապետը Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ֆրանսա երթայ, Սէուտական Արաբիայէն ժամադրութիւն սպասէ, իսկ ուրիշը Մոսկուա ուղղուի: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իրաւացի է, երբ կ՛ըսէ, թէ ներքին լիբանանեան է հարցը, այն իմաստով, որ եթէ լիբանանցի ղեկավարները աշխատին եւ դիւրացնեն կառավարութեան կազմութիւնը, արտաքին ուժերուն առիթ չեն տար կառավարութեան կազմութեան հարցին միջամտելու»:
Երեսփոխան Բագրատունի ցաւով անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ լիբանանեան քաղաքական ուժեր միշտ առիթ կու տան մեծ պետութիւններուն` միջամուխ դառնալու լիբանանեան ներքին հարցերուն: «Մենք բաւարարաչափ ուշիմ ենք եւ ոչ ոքի խորհուրդներուն կարիք ունինք: Այս առիթով կ՛ուզեմ անդրադառնալ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպաններէն Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ փորձառութեան մը: Ան 2005-ին հանդիպումի մը ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը փորձէր համոզել երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու` երաշխիքներու մասին խօսելով եւ նշելով, որ Լիբանան առաջնահերթութիւն է: Այս հաստատումին լոյսին տակ հարց տուի իրեն, որ եթէ Ափրիկէ հարց մը պատահի, Լիբանան տակաւին առաջնահերթութիւն կ՛ըլլա՞յ ձեզի համար: Ան պատասխանեց հաստատելով, որ բնականաբար Ափրիկէն կ՛ըլլայ առաջնահերթութիւնը: Այս պատասխանին լոյսին տակ, շեշտեցի, որ լիբանանցիներս բաւարարաչափ հասուն ենք` մեր երկիրը ղեկավարելու: Այս հաստատումիս ան պատասխանեց ըսելով. «Դուք բաւարարաչափ հասուն էք դուք ձեզ քանդելու»: Կայ ալիք մը, որուն նպատակն է լիբանանցիներէն խլել ազգային ինքնուրոյնութեան իրաւունքը եւ հարուածել գերիշխանութիւնը», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք Ֆրանսայի եւ ֆրանսացիներուն դէմ ոչ մէկ հարց ունի` աւելցնելով սակայն, որ լիբանանցիներուն կողմէ Ֆրանսան գուրգուրոտ մայր նկատելու իրականութիւնը խորթ կը հնչէ: «Այնպէս ինչպէս մարդ արարածը մէկ հարազատ մայր կ՛ունենայ, Լիբանան ալ այդպէս պէտք է ըլլայ», ըսաւ ան:
«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն միակ նախագահն էր, որ այցելեց Լիբանան եւ զօրակցեցաւ լիբանանցիներուն», հաղորդավարին կատարած հաստատումէն ետք, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Նման աղէտէ ետք մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելն ու զօրակցիլը շատ բնական են, եւ Ֆրանսա իր շահերը ունի, ինչպէս Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Իրանը եւ Ռուսիան: Մենք պէտք է յստակ որոշում կայացնենք, որ մեր կեցուածքներն ու որոշումները պիտի ըլլան ինքնուրոյն, եւ վերջ պիտի տանք օտար երկիրներէն խորհուրդներ աղերսելու երեւոյթին», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ նաեւ, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կատարած այցելութիւնները կը նկատէ Լիբանանին օժանդակութիւն ապահովելու այցելութիւններ, «սակայն պէտք է լաւ իմանալ, որ երկիրներն ու պետութիւնները օժանդակութիւնները կը կատարեն, երբ կառավարութիւնը կազմուի: Հետեւաբար պէտք է կառավարութիւնը այսօր իսկ կազմել: Իսկ Հարիրիի Թուրքիա կատարած այցելութիւնը` մանաւանդ կառավարութեան կազմութեան հարցով, երբեք անհրաժեշտ չէ, որովհետեւ Թուրքիա ոչինչ ունի ներկայացնելիք Լիբանանին», հաստատեց ան:
Պահաէտտին Հարիրիի վարչապետի թեկնածու ըլլալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իւրաքանչիւր սիւննի ղեկավար, որ նման ձգտումներ ունի, կրնայ վարչապետի թեկնածու ըլլալ, «սակայն այն տրամաբանութիւնը, որ Լիբանանին օժանդակութիւններ կը մատուցեն` պաշտօն մը զբաղեցնելու համար, վատառողջ տրամաբանութիւն է», աւելցուց ան:
Թրիփոլիի դէպքերուն եւ անոնց մէջ թրքական մեղսակցութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Թրիփոլիի կացութեան պատասխանատուները նախորդ կառավարութիւններն են, որոնք իրենց քաղաքականութեամբ այդ վիճակին հասցուցած են շրջանը` առանց կատարելու բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործելու իրենց խոստումները:
«Թրիփոլիի մէջ ունինք հայորդիներ եւ լաւ ծանօթ ենք հոն տիրող ողբերգական վիճակին: Կարելի չէ ըսել, որ Թրիփոլիի դէպքերը ամբողջութեամբ արտաքին ուժերու կազմակերպած ծրագիրն է, որովհետեւ այդպիսով անիրաւած կ՛ըլլանք Թրիփոլիի բնակիչները, որոնք իսկական ողբերգութիւն կ՛ապրին: Թրիփոլիի մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք կը շահագործեն երիտասարդներուն տառապանքը: Մենք քաջ գիտենք, որ այդ դէպքերուն առումով օտար միջամտութիւններ կան: Ցաւալի է սակայն, որ ուրիշներ այդ մասին չեն գիտեր, յատկապէս ապահովական կառոյցները, որոնց մէկ մասը կը հաստատէ օտար միջամտութիւններու գոյութիւնը, իսկ ոմանք` կը ժխտեն: Այս ծիրին մէջ կ՛ուզեմ անդրադառնալ իրականութեան մը, որ խիստ կարեւոր է: Լիբանանի մէջ կան կարգ մը ընտանիքներ, որոնք թրքական ծագում ունին, այնպէս ինչպէս ուրիշներ հայկական ծագում ունին, ասորական, արաբական թերակղզիէն, եմէնեան եւ այլ, սակայն անոնք լիբանանցիներ են, ինչպէս բոլորս: Հազարերորդ անգամն ըլլալով կը հաստատեմ, որ մենք անոնց հետ ոչ մէկ հարց ունինք. բոլորս լիբանանցիներ ենք: Սակայն հիմնական հարցը մեզի համար թրքական դեսպանատան ուղղակի միջամտութիւնն է, թրքական գաղտնի սպասարկութեան աշխուժութիւնը, դեսպանատան ֆինանսաւորումները, ընտրութիւններուն միջամուխ դառնալը: Երբ Թուրքիոյ դեսպանը կը յայտարարէ, թէ քաղաքապետարաններուն մէջ հինգ անդամ ունեցած են եւ այդ իմաստով աշխատանք պիտի տանին, որ թրքական ծագումով քաղաքացիներուն թիւը աւելցնեն: Օր մը օրանց Հայաստանի դեսպանէն նման արտայայտութիւն լսա՞ծ էք: Ան ո՛չ մէկ իրաւունք ունի նման բանի մասին խօսելու. ըլլայ ան Հայաստանի դեսպանը, կամ ոեւէ այլ դեսպան: Լիբանանի մէջ կայ թրքական գաղտնի սպասարկութեան ուղղակի միջամտութիւն, եւ ոմանք տակաւին գրաւ կը դնեն Թուրքիոյ դերակատարութեան վրայ` առանց նկատի ունենալու թրքական գործօնին աւերիչ բնոյթը», ըսաւ ան:
Լիբանանի մէջ ֆրանսական-թրքական շահերու մրցակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ 1 սեպտեմբեր 2020-ին, նախագահ Մաքրոնի հետ լիբանանցի ղեկավարներու հանդիպումին ընթացքին, ինք եղած է միակը, որ շեշտած է, թէ Լիբանան թրքական վտանգի ենթակայ է: «Այս արտայայտութեան մասին Մաքրոն յայտնեց, որ ես միակն եմ անոր անդրադարձողը, եւ ինք համաձայն է իմ կարծիքիս», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու կողմէ Լիբանանի նպաստող դերակատարութիւնը Ֆրանսային զիջելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, թէ ի՞նչ է իմաստը այդ զիջումին: «Գնահատելով հանդերձ Լիբանանի մէջ ֆրանսական դերակատարութիւնը` բոլորիս համար յստակ է, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով բեկումը պիտի արձանագրուի Միացեալ Նահանգներ-Իրան երկխօսութենէն ետք: Դժբախտաբար իրականութիւնը ըսելը ցաւալի է եւ վիրաւորական», նշեց ան:
Սաատ Հարիրիի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն հեզասահ չըլլալուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած յայտարարութիւններուն ակնարկելով` երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ սէուտցի պատասխանատու մը հաստատած է, թէ Սէուտական Արաբիոյ համար Սաատ Հարիրի կարմիր գիծ է:
Խօսելով Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի այն յայտարարութեան մասին, թէ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութիւնը առեւանգուած է, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երկրին մէջ քաղաքական լուրջ տագնապ կայ, այն իմաստով, որ մէկը հանրապետութեան նախագահութիւնը առեւանգուած կը նկատէ, իսկ միւսը` նշանակուած վարչապետը կ՛ամբաստանէ սահմանադրութիւնն ու Լիբանանի Ազգային ուխտը խախտելու յանցանքով:
«Կը հաստատեմ, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը առեւանգուած չէ: Թերեւս Լիբանանի մէջ եղած են օրեր, երբ նախագահներ Սուրիոյ հաւանութեամբ վաւերացումներ կատարած են եւ վարչապետներ Սուրիոյ հետ համաձայնաբար գործած: Սակայն հիմա այդպիսի իրավիճակ չկայ երկրին մէջ: Աւելի՛ն. ներկայիս հանրապետութեան նախագահութեան առեւանգուած ըլլալուն մասին խօսելով ի՛նչ շահած կ՛ըլլանք: Կարելի՞ է այսօր հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը պահանջել եւ յաջողիլ այդ իմաստով: Կարելի՞ է այսօր հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարութիւնը կրճատել, հաստատ ո՛չ: Անկարելի է 31 հոկտեմբեր 2022-էն առաջ հանրապետութեան նախագահը Պաապտայի պալատէն դուրս բերել: Եթէ անկարելի է, ինչո՞ւ երկրին մէջ մթնոլորտ եւ լարուածութիւն ստեղծել, ամբոխավարական ու ժողովրդահաճոյ յայտարարութիւններով պատճառ դառնալ տագնապին ուռճացումին, անտանելի դարձնել լիբանանցիին տառապանքը, եւ յետոյ հրաժարիլ այդ յայտարարութիւններէն: Մինչդեռ աւերը գործուած կ՛ըլլայ, մարդիկ հուրին ու կրակին կը մօտենան, բախումներ կ՛ունենան, կը բանտարկուին, իսկ քաղաքական ղեկավարներ սիրալիր կերպով ու համբոյրներով կը լուծեն իրենց հարցը», ընդգծեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ իւրաքանչիւր ղեկավար պէտք է իմանայ եւ ըմբռնէ, որ պատասխանատու է իր կատարած յայտարարութիւններուն: «Ամէն մարդ պէտք է հասկնայ, թէ իր կատարած յայտարարութենէն հրաժարելու պարագային, ինք ժողովուրդին կողմէ հաշուետուութեան պիտի ենթարկուի: Այս մասին կը խօսիմ փորձառութեամբ, եւ դժբախտաբար Լիբանանի մէջ այս տեսակի օրինակներ շատ կան: Անկարելի է մոռնալ, օրինակ` Սուրիոյ դէմ, Սէուտական Արաբիոյ դէմ կատարուած յայտարարութիւնները, եւ ապա այդ յայտարարութիւններուն յաջորդած դամասկոսագնացութիւնները եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպումները, որոնց արդարացումները աւելի ցաւալի են: Անոնք մօտաւորապէս կը բանաձեւուին հետեւեալ կերպով. «Նկատի ունենալով երկրին գերագոյն շահերը, որոնք կը գերազանցեն մեր անձնական շահերը, ստիպուած ենք Դամասկոս այցելել»: Եթէ նախապէս քաղաքական անձնաւորութիւնները կը մտածեն եւ գիտեն, թէ նման այցելութեան մը հաւանականութիւն կրնայ զգացուիլ, ապա սկիզբէն թող փողոցներն ու ժողովուրդը իրարու դէմ չլարեն, որովհետեւ երկրին գերագոյն շահերը երէկ, այսօր եւ վաղը նոյնն են», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախորդ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին, վարչապետ Հասսան Տիապի 18 նախարարնոց կառավարութեան որոշումին անդրադառնալով հաստատած է, որ անկարելի է լիբանանահայ համայնքը, տիւրզիները եւ յոյն կաթողիկէները նախարարներու նոյն թիւով, այս պարագային մէկ նախարարով ներկայացուին կառավարութեան մէջ: «Երկիրը մէկուկէս ամիս սառեցնելէ ետք, Տիապ 20 նախարարով կազմեց կառավարութիւնը: Այսօր Սաատ Հարիրի դարձեալ նոյն թիւը կ՛առաջարկէ, եւ կացութիւնը նոյնն է: Կառավարութեան մէջ ընդհանրապէս երեսփոխանական պլոքները իբրեւ կուսակցութիւններ կը ներկայացուին, հետեւաբար եթէ միջտիւրզիական համախոհութիւն գոյանայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապի, նախկին նախարար Ֆայսալ Տաուտի եւ տիւրզի հոգեւորականներու ու հեղինակութիւններու միջեւ, ապա տիւրզի համայնքը որոշ օրինականութեամբ եւ հզօրութեամբ կը ներկայացուի կառավարութեան մէջ: Իսկ եթէ 20 նախարար հաշուող կառավարութիւն է, ապա տիւրզի համայնքը երկու նախարարով կը ներկայացուի, եւ գրեթէ վստահ եմ, որ Ուալիտ Ժոմպլաթ հարց չ՛ունենար, եթէ նախարարներէն մէկը ինք ճշդէ, իսկ միւսը` Արսլանը, որովհետեւ Ժոմպլաթ, մեկնելով Լիբանանի գերագոյն շահերէն, նախապէս կառավարութիւններու կազմութեան ընթացքին ան նման քայլերու դիմած է, եւ ի վերջոյ արդիւնքը այն է, որ տիւրզի համայնքը կառավարութեան մէջ երկու նախարարով պիտի ներկայացուի», ըսաւ ան:
Կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երեսփոխանական այլ պլոքներու պարագային երեսփոխաններու ներկայացուցչութիւնը խառն է` իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, ինչպէս է պարագան Մուսթաքպալ պլոքին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքին, սակայն Հայկական երեսփոխանական պլոքին պարագային բոլորը հայ են:
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը, անկախ իր երեսփոխաններուն ներկայացուցած թիւէն, ունի ժողովրդային ներկայացուցչութիւն, տէր կը կանգնի ազգային իր սկզբունքներուն եւ համայնքին իրաւունքներուն: Կարեւոր չէ, որ ես երեսփոխան ըլլամ կամ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօն ունենամ, որպէսզի համայնքին օժանդակեմ կամ անոր կարիքներուն հասնիմ: 5+1, 6+1, 7-2 այս տարազները կրնան մնալ, սակայն մեզի համար յստակ է, որ լիբանանահայութիւնը պիտի ներկայացուի մէկ նախարարով, որ իր իրաւունքն է եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան չափաբաժինին հետ ոչ մէկ կապ ունի: Ազգային ազատ հոսանքը կրնայ 7 նախարար ունենալ, կրնայ 5-ի շուրջ համաձայնիլ, սակայն անիկա մեր նախարարին հետ ոչ մէկ կապ ունի:
Գիտէք, մեզի միշտ կը մեղադրեն, եւ հաւանաբար իրաւունք կ՛ունենան մեղադրելու, եթէ համաձայնութիւնը ըլլայ այնպէս, որ միացեալ կեցուածք մը կայ, որ բոլորը պէտք է որդեգրեն: Այլ խօսքով` ըլլան կրկնօրինակ կեցուածքներ: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը հարց չունին մեր կեցուածքներուն հետ: 2005-էն ի վեր մեր միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են եւ կը շարունակեն հիմնուած մնալ փոխադարձ յարգանքի վրայ, ինչպէս նաեւ ուրիշին տեսակէտին տարբեր ըլլալու իրականութեան հանդէպ կայ յարգանք:
Շատ անգամ կը պատահի, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր կեցուածքը կ՛ունենայ, իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը` իր ուրոյն կեցուածքը: Այսօր նոյն կուսակցութեան մէջ տարբեր կարծիքներ կան, երեսփոխանական նոյն պլոքին մէջ տարբեր կարծիքներ կան, եւ այդ պատճառով ալ երբեմն պլոքներու նախագահներ կը յայտարարեն, թէ իրենց պլոքի անդամ երեսփոխանները ազատ են իրենց կատարելիք ընտրութեան մէջ», հաստատեց ան:
Կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդին մաս կազմելու մտավախութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահին, Լիբանանի հիմնադրութենէն ի վեր, ամբողջ պատմութեան ընթացքին այդպէս եղած է: «Եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան չափաբաժինը վեց նախարար է, ուրեմն ան այդպէս ալ կը ներկայացուի: Մեր նախարարը այս կամ այն քաղաքական կողմին վրայ աւելցող թիւ չէ: Մեր կեցուածքը եւ կառավարութեան մէջ քուէարկելու եղանակը հարիւր տոկոսով հիմնուած են մեր համոզումներուն վրայ: Թէ՛ նախորդ կառավարութիւններուն եւ թէ՛ խորհրդարանին մէջ, մենք ունեցած ենք մեր ուրոյն քուէները: Նոյնիսկ Հասսան Տիապի կառավարութեան մէջ նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ներկայացնող նախարարներէն տարբեր կերպով քուէարկած է: Ո՞ւր է հարցը: Պէտք է ընդունիլ եւ ընտելանալ այն միտքին, որ նախարարներ կան, որոնք իրենց համոզումին հիման վրայ կրնան քուէարկել: Կան կուսակցութիւններ, որոնք դաշնակից են, սակայն ազատ են իրենց դաշինքէն դուրս քուէարկելու: Մէկ երրորդով զբաղիլն ու հաշուարկներու մէջ ընկղմիլը անհրաժեշտ չէ, կարեւորը կառավարութեան անյապաղ կազմութիւնն է: Թող գտնեն ձեւը եւ կազմեն կառավարութիւնը», հաստատեց ան:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ նախագահ Աունին ներկայացուած կառավարութեան կազմին մէջ հայ նախարարին ինքնութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ վարչապետին ցոյց տուած ցանկին մէջ հայ նախարարի անուն չկար, որ անշուշտ չի նշանակեր, թէ կառավարութեան մէջ հայ նախարար պիտի չըլլայ:
«Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի ներկայացուցած է ցանկ մը` տարբեր նախարարութիւններու հաւանականութիւններով: Այդ ցանկին վրայ հայու անուն չկայ: Հետեւաբար անիկա կառավարութեան կազմի վերջնական ցանկ մը չէ, այլ` խորհրդակցութիւնը շարունակելու ցանկ: Ես մնայուն կերպով կ՛այցելեմ նախագահ Աունի, եւ երբեք չեմ հարցուցած անոր, թէ հայ նախարարի անուն կա՞յ, թէ՞ ոչ: Երբ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը լրջանայ, այն պահուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ խորհրդակցութիւն կը կատարուի` հայ նախարարի ինքնութեան շուրջ: Մենք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու մթնոլորտի մէջ չենք, սակայն մեր կարծիքը պէտք է հարցուի: Եթէ մեզի հակառակորդ նախարար մը նշանակուի, անշուշտ մեր վստահութեան քուէն չենք շնորհեր կառավարութեան: Վարչապետի նշանակումէն ետք, անոր հետ կատարուած ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին մենք Սաատ Հարիրիին ըսած ենք, որ հայ նախարարի նշանակումին պարագային մեզի հետ պէտք է խորհրդակցի եւ մեր կարծիքը առնէ: Եթէ Սաատ Հարիրիի հետ մեր յարաբերութիւնները մէկ բառով պիտի բնորոշենք, ապա կ՛ըսենք, որ անիկա բարեկամական է, եւ չեմ կարծեր, որ Լիբանանի մէջ հայ համայնքին կարողութիւններն ու համաշխարհային առումով ՀՅԴ-ի կարողութիւնները գիտնալով, ան պիտի ուզէ հայ նախարարի մը անունի հարցով նեղացնել մեզի», շեշտեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտուած է, եւ այդ խոչընդոտը հայ նախարարի նշանակումին հարցը չէ: «Այդ պատճառով ալ, կիրակի գիշեր իսկ հաստատեցի, որ հաւանաբար Հարիրիի յայտարարութիւնը այդ տպաւորութիւնը ձգեց, որ հայ նախարարին ներկայացուցչութեան հարցն է կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող ազդակը, եւ աւելցուցի, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատասխանատու չէ այդ խոչընդոտումին, լիբանանցիներն ալ չեն այդ հոլովոյթը արգելակողը, այլ` շրջանային պայմանները», ըսաւ ան:
Կառավարութիւնը 18 նախարարներով կազմելու վճռականութեան, 6+6+6-ի տարազին եւ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մենք մեր եւ Լիբանանի հետ ենք: Ոչ ոքի վրայ աւելցող թիւ ենք: Հանրապետութեան նախագահը եւ վարչապետը լաւ գիտեն այս կեցուածքին մասին եւ կը յարգեն զայն: Նախագահ Աունի հետ մեր յարաբերութիւնները անկեղծութեան վրայ հիմնուած են: Ամէն ինչ չէ, որ բառացիօրէն կ՛ըսենք իրարու, սակայն տողատակի կը հասկնանք զիրար: Այս կամ այն կողմին ապահովութիւններ տալու անհրաժեշտութեան մէջ չենք գտնուիր երբեք: Մեր քաղաքական պատմութիւնը ապահովութիւն կու տայ հանրապետութեան նախագահութեան, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին: Երանի անոնք վերյիշեն մեր կեցուածքները` 1975-էն առաջ, 1975-ին, քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, երբ պատերազմը կասեցնելու կոչեր կ՛ուղղէինք, երբ որդեգրեցինք յանձնառու չէզոքութեան կեցուածքը, որ կոչուեցաւ դրական չէզոքութիւն: Օրին, բոլորը կրակ բացին մեր վրայ` մեզի դաւաճանութեամբ ամբաստանելով, իսկ այսօր անոնք չէզոքութեան մասին կը խօսին: Գիտէք, երկրին մէջ կան ուշիմ մարդիկ, որոնք փորձառութիւն ունին եւ պատմութիւն գիտեն: Թող վերադառնան արխիւին եւ տեսնեն, թէ այս հարցերուն մէջ մենք խաղեր չենք կազմակերպեր, չենք սխալիր: Լիբանան մեզի համար հայրենիքէ աւելի է», ընդգծեց ան:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի տեւողութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետի նշանակման ընթացքին խօսուեցաւ փետրուար ամսուան մասին: «Այսօր կը խօսուի գարնան մասին: Գարունը մարտ ամսուան ընթացքին է. սկիզբը թէ վերջը կարելի չէ ըսել, սակայն իմ մտավախութիւնս գարնանային յեղափոխութիւններն են, որոնք կրնան Լիբանանի համար քանդիչ ըլլալ եւ ցուրտի վերածուիլ», ըսաւ ան:
Արդեօք «յեղափոխութիւնը» պիտի վերադառնա՞յ հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Երանի յեղափոխութիւն ըլլար: Շարժումը սկսաւ յեղափոխական միտքերով, վերածուեցաւ ցասումի եւ ընդվզումի, եւ ապա վերածուեցաւ անձեւ շարժումի մը»:
Կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին խօսելով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք համաձայն չէ այս գաղափարին` աւելցնելով, որ լիբանանցի ղեկավարներէն քանի մը հոգի այդ մասին առաջարկեց նախագահ Մաքրոնի հետ հանդիպումին ընթացքին, իսկ ուրիշներ Մաքրոնի յայտնեցին, թէ անոր շուրջ տարակարծութիւններ կան: «Մաքրոն անմիջապէս թելադրեց հարցը մէկդի դնել` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը անոր շուրջ տարակարծիք են: Ո՞վ կը հաւատայ, որ այս վիճակով կարելի է Լիբանանի մէջ կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպել: Արդեօք ի վիճակի՞ ենք երկու ամիս ետք մասնակի ընտրութիւններ կատարելու: Ո՛չ: Ուրեմն մտածենք այն ուղղութեամբ, որ 2022-ի մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններ պէտք է կատարուին», աւելցուց ան:
«Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ մնայուն կերպով կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու պահանջը խելացի քայլ կը նկատէ՞, թէ՞ ոչ» հարցումին մասին պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ժահժահ խելացի քայլ մը առաւ, երբ նախագահական ընտրութեան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրեց»:
aztagdaily.com