Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան ԱՄՆ-ի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հանդիպումը
20 Փետրվար 2021
Հինգշաբթի’ Փետրուար 18, 2021-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացաւ տեսակապով հանդիպում մը, այժմէական նիւթերու շուրջ:
Այս հանդիպման ՀՅԴ-ի կողմէ կը մասնակցէին՝ Ռոստոմ Այնթէպլեան (Ատենապետ), Միքօ Մէլքոնեան եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան: ՌԱԿ-ի կողմէ՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (Ատենապետ), Գէորգ Գրիգորեան եւ Կարօ Գիւբէլեան: Բնականաբար նիւթ դարձան 2020-ին հայրենիքի եւ սփիւռքի դիմագրաւած ծանր պայմանները, 44-օրեայ Արցախեան պատերազմին ու անոր ցարդ պատճառած ծանր իրադրութիւնները և անոր յամեցող հետեւանքները: Արծարծուեցան նաեւ հայրենիքի ներքին քաղաքական իրավիճակը, Լիբանանահայութեան մարտահրաւէրները եւ Գորոնա ժահրի պատճառած ճգնաժամը։
Ընդհանուր քննարկումի առարկայ դարձան Գալիֆորնիոյ հայութեան դժուարութիւնները և արծարծուեցան ծրագրերը: Ժողովականները վերահատատեցին տասնամեակներէ ի վեր աշխատանքով հաստատուած գործակցութեան, փոխադարձ յարգանքի և վստահութեան արդիւնաւէտութիւնը: Աւելին, ժողովականները շեշտեցին յառաջընթաց արձանագրելու և ազգային բնագաւարէն ներս տեղատուութեանց առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնն ու հրամայականը:
Հանդիպման աւարտին համաձայնութիւն գոյացաւ առաւել եւս ամրապնդել միջ-կուսակցական համագործակցութիւնը՝ տեղական մակարդակներու վրայ: