Խմբագրական. Հայոց Հանրապետութեան Վերակայացման Համար
23 Փետրվար 2021
20 փետրուարի հանրահաւաքը, անկախ վայրի եւ թուականի հետ կապուած խորհուրդներէն, հայրենիքի եւ պետականութեան փրկութեան ուղղութեամբ առնուող քայլերու նոր ելակէտ կ՛ենթադրէ: Կը համոզէ, նախ եւ առաջ, որ արձանագրուածը սոսկ իշխանափոխութեան առաջադրանք չէ, այլ պետականութեան երթը վերադարձնել ազգային հուն: Փրկութեան գործողութիւն:
Դրսեւորուած վճռակամութիւնը` հակառակ եղանակային խստագոյն պայմաններուն, սկսուած երթի անտեղիտալիութեան մասին կը վկայէ: Երթ, որ կ՛առաջադրէ գերխանդավառ մթնոլորտի մէջ ընտրուած խորհրդարանի վերաձեւաւորումը, վերակայացումը: Եւ այդ ճամբով ազգային իշխանութիւններու հաստատումը` փրկելու համար հայոց պետականութիւնը:
20 փետրուարը նոր ելակէտ կրնայ ըլլալ նաեւ այն առումով, որ շարժումի համաժողովրդայնացման նախադրեալները հաղորդեց: Անկախ փրկելու առաջադրանքին շուրջ համախմբուած քաղաքական բոլոր ուժերէն, ժողովրդային զանգուածն էր, որ երաշխաւորեց նոր երթի մեկնարկը` շարժումին ապահովելով նոր թափ, տարողութիւն եւ հեռանկարայնութիւն:
Ժողովրդային այս յենարանին վրայ պիտի կայանայ ամբողջ շարժումին յաջողութեան գրաւականը: Ժողովուրդն է, որ իր հետագայ գործողութիւններով պիտի հունաւորէ, ուղղորդէ եւ յաջողութեան հասցնէ ամբողջ համակարգի առողջացումը:
Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուած ժողովուրդը ոչ թէ այս կամ այն պետական անձնաւորութիւն, կուսակցութիւն մերժելու գաղափարախօսութեամբ ոտքի ելած է, այլ փրկելու: Իսկ փրկելու համար գաղափարախօսութիւն պէտք է եւ ոչ թէ միայն մերժելու կարգախօս. այդ գաղափարախօսութիւնը կորսուած տարածքներու վերականգնումն է, ազգային պետականութեան վերադիմագծումը, բանակի հեղինակութեան վերականգնումը, բանակցային դիրքերու ամրացումը, ինքնիշխանութեան վերակայացումը:
Համախմբուած ժողովուրդն է, որ կը մղէ բողոքի գործողութիւնները համակարգողները նոր մարտավարութեան դիմելու, շարժումին անդադարութիւնը ծրագրելու, նոր զանգուածներով երթին համալրումը ապահովելու:
Միայն համապետական, համաժողովրդային պարտադրանքն է, որ կրնայ ստիպել անձնատուական իշխանութիւնները հեռանալու որոշում կայացնելու: Հանրապետութիւնը հանրութեա՛ն պետութիւնն է եւ հանրութիւնն է որոշումին տէրը: Այս հանրութիւնը որեւէ լիազօրութիւն չէր տուած գործող իշխանութիւններուն զիջելու ո՛չ միայն անվտանգութեան գօտիներ, այլ նոյնինքն արցախեան տարածքներ. որեւէ իրաւասութիւն չէր վստահած` Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքային կարգավիճակներ փոփոխութեան ենթարկելու, հայկական գիւղեր ազրպէյճանական տարածք համարելու, նոր սահմանագծումներ եւ սահմանազատումներ իրականացնելու:
Հանրութեան կամարտայայտութեամբ չեն իրականացած այս բոլորը: Սահմանադրութեան առընթեր խախտած են նաեւ հանրապետութեան կայացման սկզբունքները: Միայն հանրութիւնն է, ժողովուրդը, ազգը, որ իրաւասու է վերջ տալու այս գործընթացներուն: Ժողովրդային շարժումի զանգուածայնացումը, որուն մեկնարկը ազդարարեց 20 փետրուարի հանրահաւաքը, կը յաջողի կասեցնել այս կործանարար ընթացքը:
Ժողովրդավար կարգերը հանրութեան կամքը կը չափորոշեն ընտրութիւններու արդիւնքներով: Նոյն ժողովրդավար կարգերը, նման իրավիճակներու համար կը սահմանեն ինքնակամ հրաժարման, ինքնալուծարման, անցումի կառավարութիւններու փոխանցման դրութիւններ: Այս բոլորի բացառումը կ՛ենթադրէ իշխանութեան կառչածութիւն` հակառակ ամէնէն դժուար ու ծանր կացութիւններուն եւ տակաւին անորոշ գործընթացներուն:
Երբ չեն կատարուիր այդ բոլորը, կը մնայ հանրութեան պարտադրանքի եղանակը: Հանրութեան պետութիւնը` Հանրապետութիւնը անհրաժեշտ է որ վերակայանայ: Իսկ վերակայացման համար հանրապետական մակարդակով ժողովուրդը պիտի առարկայացնէ այդ կամքը:
20 փետրուարը համոզեց, որ կրնայ դրսեւորուիլ այդ կամքը եւ ատով իսկ վերակայանալ Հայոց Հանրապետութիւնը:
aztagdaily.com