Կառավարութեան Կազմութեան Մէջ Հայութեան Կնճիռ Չկայ
20 Դեկտեմբեր 2018
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:
Նկատի ունենալով, որ Իպրահիմ նշանակուած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու յատուկ պատուիրակ, քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի լրատուական միջոցներուն կատարած տարբեր յայտարարութիւններով շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան կապակցութեամբ հայկական կնճիռ գոյութիւն չունի: «Հայ համայնքի իրաւունքն է երկու նախարար ունենալ, իսկ ՀՅ Դաշնակցութեան իրաւունքն է ստանձնել թղթապանակով նախարարութիւն մը: Դաշնակցութիւնը պիտի պահէ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը եւ պիտի ներկայացուի Աւետիս Կիտանեանով», նշեց Յակոբ Բագրատունի:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանեան ուժերուն հետ այս նիւթով տարակարծութեան, Բագրատունի ըսաւ, որ խնդիրը ՀՅԴ-ի եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ չէ, այլ համայնքներու եւ պաշտօններու միջեւ հաւասարակշռութիւն հաստատելու հարց է, որուն լուծման պատասխանատուութիւնը հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին մօտ կը գտնուի:
«Մենք ոչ ոքէ աթոռ կը խլենք եւ ոչ ոքի կը հակադրուինք, այլ` պարզապէս ճիշդ ներկայացուցչութեան սկզբունքով ճշդուած չափանիշներով, եւ տրամաբանականօրէն մեր իրաւունքն է թղթապանակով նախարարութիւնը: Կը հաւատամ, որ Լիբանանեան ուժերը տարբեր բան չեն մտածեր», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Միւս կողմէ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Նաշրա» կայքի պատկերասփիւռի բաժինին կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան հարց գոյութիւն չունի:
«Մեկնելով այն իրականութենէն, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է երեք երեսփոխանով եւ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ, թղթապանակով նախարարութիւնը անոր իրաւունքն է եւ պիտի յանձնուի Դաշնակցութեան», ըսաւ նախարար Կիտանեան:
aztagdaily.com