Աւետիս Ահարոնեան. «Ազատութեան ճանապարհին» վիշտի ու արցունքի, ցասումի եւ պայքարի երգիչը
11 Փետրվար 2014
Փետրուար 11ին Մարսէյլի մէջ «Համազգային»ի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, օրուան պատգամաբերը բեմին վրայ չկրցաւ աւարտել իր խօսքը.- Ուղեղի կաթուածը յաւիտենական լռութեան մատնեց Աւետիս Ահարոնեանին՝ Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան մեծ երգիչին։
Համակերպումի եւ պարտուողականութեան լռութիւնը մերժող, այլեւ ու մանաւանդ ստրկամիտ լռութեան դէմ ամբողջ կեանք մը պայքարած Մեծ Հայը, որ քառասուն տարի իր գրիչով ու խօսքով սերունդներ ոտքի հանեց եւ ըմբոստացման մղեց յանուն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան սրբազան կռուին, այդպէ՛ս յանկարծ… լռեց եւ անկողնին գամուած մնաց մինչեւ մահ (20 Ապրիլ 1948)։
Բեմի վրայ Ահարոնեանի արտասանած վերջին բառերը եղան «Հայ բա…նա…կ…ը», որուն ազգային նշանակութեան ու առթած հպարտութեան անդրադարձող իր խօսքն ու պատգամը Մեծն Հայը չկրցաւ ամբողջացնել.-
Ժողովուրդ Հայոց, գիտցի՛ր, որ սպասման վիճակ է այս: Հաւատա՛, որ պիտի վերադառնաս քո պապերի, արի-արանց քաջերի երկիրը: Եկել ենք այստեղ չմնալու համար, եկել ենք վերադառնալու համար…
Գիտցի՛ր, հայ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու, եւ խօսք ունիս ասելու այս նամարդ աշխարհին։
Ո՛չ մի ազգի հետ չեմ բաղդատեր իմ ազգս։ Բարձր եւ իմաստուն մեր ցեղը։
Ժողովուրդ հայոց եւ երիտասարդներ։
Ո՛չ մէկ ժողովուրդի առջեւ գլխարկ հանելու պէտք չունինք։ Լաւ համոզուեցէք ասոր։
Որպէսզի իմանայինք, թէ ո՛վ էին եւ ո՛վ ենք մենք, Անիի աւերակները տեսնել պէտք էր… Բագրատունեանց հարստութեան ի՜նչ փառք, ի՜նչ պատիւ, մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ի՜նչ հոյակապ ցուցադրութիւն… ի՜նչ կամարներ, եկեղեցիներ։
Անին տեսնելէ վերջ, երբ նկարի տակը կը կարդամ սա պարբերութիւնը՝ «Անցեալ ու ներկայ Հայաստան», հոգիս կը վերանայ պահ մը, թէ այդ բոլոր տաճարները շինուած են պատերազմներու շառաչին մէջ… Ո՜հ, այն ատեն կը հասկնայինք, թէ ի՞նչ էին մեր պապերը, մեր հայրերը, իրենց ստեղծագործութիւններն ու արի-արանց բանակը։
Ֆրանսացի գրագէտ մը, որ շատ համեստ անձնաւորութիւն մըն է, իր մէկ աշխատութեան մէջ հերոսերգութիւնը կ’ընէ հայ բանակին.-
Հայ բա…նա…կ…ը»
Պատգամելու դեռ շատ բան ունէր Աւետիս Ահարոնեան, բայց անողոք ուղեղի կաթուածը վերջնական անշարժութեան մատնեց անոր գրիչն ու լեզուն:
Բազմաշնորհ տաղանդ էր Իգդիրմաւա (Իգդիրի գիւղերէն) ապրող դարբին Առաքել Ահարոնեանի յարկին տակ ծնած Աւետիսը, որուն մայրը՝ Զարդար գիւղի միակ կարդալ-գրել գիտցող կինն էր։ Հօր վաղահաս մահուան (1878) հետեւանքով՝ Ահարոնեան կարճ ժամանակ մը ստիպուեցաւ ընդհատել Իգդիրի նախակըրթարանէն ներս իր ստացած ուսումը եւ աշխատիլ, բայց ուսումնատենչ պատանիին ընդունակութեանց քաջածանօթ տնօրէնը՝ Դաւիթ Քալանթար միջնորդեց եւ, իր հոգատարութեան տակ, ոչ միայն Իգդիրի նախակրթարան վերադարձուց Ահարոնեանին, այլեւ դասաւորեց, որ ան ընդունուի Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարան։
Ճեմարանի յեղափոխաշունչ մթնոլորտին մէջ թրծուեցաւ Ահարոնեանի միտքն ու հոգին եւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ազատագրութեան պայքարի հունով ընթացաւ, այնուհետեւ, Ահարոնեան գրողին եւ ազգային գործիչին ողջ կեանքը։
Ճեմարանը աւարտելէ ետք, Ահարոնեան քանի մը տարի ուսուցչութիւն ըրաւ եւ 1897ին մեկնեցաւ Լօզան (Զուիցերիա), ուսումը շարունակելու համար։ Ինչպէս ինք կը վկայէ, Ահարոնեան Զուիցերիա գնաց՝ Դաշնակցութեան հիմնադիր Քրիստափորի յորդորներուն անսալով։ Այդ շրջանին Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը լոյս կը տեսնէր Ժընեւի մէջ եւ Քրիստափոր, մեծ համարում ունենալով Ահարոնեանի գրական ընդունակութեանց վրայ, կþուզէր ապահովել տաղանդաւոր գրողին աշխատակցութիւնը՝ հայկական յեղափոխութեան ոգին ու պատգամը շնչաւորող գրական ստեղծագործութիւններով։
Ուսման կողքին, Ահարոնեան սկսաւ լոյս ընծայել Ղարիբ ստորագրութեամբ անմոռանալի պատմուածքներ, որոնք արագօրէն հայ մարդոց սիրտն ու միտքը գրաւեցին եւ յեղափոխական շունչ ու ոգի ներարկեցին յատկապէս երիտասարդ սերունդին։ «Դրօշակ»ի էջերուն լոյս տեսած պատմուածքներու այդ շարքը հետագային ի մի բերուեցաւ եւ «Ազատութեան Ճանապարհին» անուն հատորով հրատարակուեցաւ։ Իր այդ գործով ալ, մեծն Րաֆֆիէն ետք, Ահարոնեան եղաւ հայ արձակի այն վարպետը, որ ամբողջ սերունդներ ոգեւորեց ու դաստիարակեց Հայոց Ազատամարտի անշէջ հուրով։
Լօզանէն ետք Ահարոնեան անցաւ Փարիզ, աւելի քան տարի մը հետեւեցաւ Սորպոնի համալսարանին գրականութեան դասընթացքներուն եւ 1902ին վերադարձաւ Թիֆլիս՝ նախ Ներսիսեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնելու, ապա՝ Հ.Յ.Դ. շրջանային պաշտօնաթերթ «Մուրճ»ի խմբագրութիւնը ստանձնելու համար։
Ազգային եւ հանրային իր եռուն գործունէութեամբ, մանաւանդ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին իր ամբողջական նուիրումով, Ահարոնեան անմիջապէս արժանացաւ մեր ժողովուրդի միահամուռ յարգանքին, բայց նաեւ թիրախ դարձաւ ցարական իշխանութեանց հակայեղափոխական հալածանքներուն։ Եւ երբ Ցարիզմը 1909ին ձեռնարկեց Դաշնակցութեան գլուխը «ճզմելու» քայլին եւ բանտերը նետեց ատենի երեւելի հայ մտաւորականները հարիւրներով, դաշնակցական ըլլային անոնք թէ ոչ, Ահարոնեան եղաւ առաջին բանտարկուողներէն մէկը։ Մետեխի բանտային ծանր պայմանները քայքայեցին անոր առողջութիւնը։ 1911ին, երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուելով, Ահարոնեան անցաւ Պոլիս եւ հոնկէ Եւրոպա, բուժուելու համար։
Կազդուրման այդ տարիները եղան նաեւ գրական-ստեղծագործական եւ քաղաքական-յարաբերական գործունէութեան բեմնաւոր շրջան մը։ Ահարոնեան այդ տարիներուն գրեց գրական իր մեծարժէք գործերը՝ յատկապէս հայրենի հողէն ու այդ հողին կառչած հայ մարդոց յուզաշխարհէն ներշնչուած պատմուածքներով, վիպակներով ու վէպերով հարստացնելով հայ գրականութիւնը։ Իսկ քաղաքական-յարաբերական գործունէութեան առումով՝ Ահարոնեան դարձաւ Հայկական Հարցի անխոնջ պաշտպանը եւրոպական ոստաններուն մէջ, իր վայելած համազգային վարկով խօսակից ներկայանալով ատենի եւրոպացի ազատախոհ եւ արդարամիտ գործիչներուն։
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին Ահարոնեան վերադարձաւ Անդրկովկաս եւ տենդագին լծուեցաւ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին։ Եւ 1917ին, երբ Թիֆլիսի մէջ գումարուեցաւ Հայոց Ազգային առաջին Համագումարը, Անդրանիկի հետ Ահարոնեան ստանձնց համագումարին նախագահութիւնը։
Այնուհետեւ ղեկավարեց Համագումարէն ստեղծուած Հայոց Ազգային Խորհուրդը եւ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մէջ։ Ստանձնեց Հայաստանի խորհրդարանին նախագահութիւնը, ապա՝ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, դիւանագիտական յարաբերութեանց եւ դժուարին բանակցութեանց ղեկավարման գործին։ Նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան նախագահ եւ այդ հանգամանքով իր ստորագրութիւնը դրաւ 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի Դաշնագրին տակ։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, երկար տարիներ, կանգուն պահեց արդէն տարագիր դարձած Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը՝ ամէնուր իրաւատէր ու պահանջատէր ներկայանալով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի անժամանցելի դատին։
Այդպէ՛ս ապրեցաւ ու գործեց, գրականութեան մէջ թէ քաղաքական իր աշխատանքներու ընթացքին, Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան անզուգական երգիչը։
Աւետիս Ահարոնեան պատուով տարաւ բազմաչարչար մեր ժողովուրդին արդարութեան եւ ազատութեան կանչը աշխարհին լսելի դարձնելու առաքելութիւնը։
Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, երբ հայրենի հողի վրայ բրտօրէն խեղդուեցաւ հայ ժողովուրդի իրաւատիրական ձայնը, տարագիր հայ իրականութեան մէջ Աւետիս Ահարոնեան հանդիսացաւ գլխաւոր բանբերը Հայկական Ոգին վառ պահող եւ նորահաս սերունդին ազգային-ազատագրական անխոնջ պայքարի մարտունակութիւն ներշնչող Անկախութեան Սերունդին։
Տարբեր ուղի չէր կրնար ունենալ եւ տարբեր պատգամի աւետաբերը չէր կրնար ըլլալ Հայաստան Աշխարհի այս բազմաշնորհ ծնունդը, որ Հայոց Սրբազան Լերան վեհութիւնը ունէր իր հոգիին մէջ։
Ինչպէս ինք գրած է առիթով մը՝
Մասիսն ինձ համար, ինչպէս Արարատեան աշխարհի իւրաքանչիւր զաւակի համար, միշտ եղել է մի հսկայ միտք, մի տիտանեան գաղափար, որ արժանացել ժամանակից ու տարածութիւնից դուրս, մահերից ու աւերակներից բարձր, ամպերին ու ամպերի հետ՝ աշխարհին ասելու համար, թէ՝ «ես կա՛մ եւ պիտի լինեմ…» եւ նրա փէշերին ծուարած հայ ժողովուրդը լռելեայն ապրում է այս անօրինակ սֆինքսի հզօր միտքը. չի ըմբռնում, բայց զգում է, չի գիտակցում, բայց տարտամօրէն գուրգուրում է իր հոգու խորքում, որովհետեւ այն իր կրած տառապանքի, իր պրկուած ու կողոպտուած երազների, իր արդար ցասումի եւ իր մեծութեան պատկերն է։
Ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան լիիրաւ վերականգնումին անվհատ այդ ուխտաւորին ուղղուած էր 11 Փետրուար 1934ի ուղեղի անողոք կաթուածը, որ թէեւ մինչեւ 1948ի իր մահը, ամբողջ 14 տարի, լռութեան դատապարտեց Աւետիս Ահարոնեանին, բայց հայոց սերունդներու մտքին եւ հոգիին մէջ չկրցաւ լռեցնել ոգեշնչող արձագանգը Ազատութեան Ճանապարհի մեծն երգիչի մարգարէաշունչ պատգամին:
Ն.