Արշակ Գաւաճեան. Հայոց գաղափարի զինուոր առիւծը՝ քաջն ՔԵՌԻ ինկաւ Ռըւանտուզի ահեղ կռուին
15 Մայիս 2014
15 Մայիսի այս օրը, 1916 թուականին, թանկագին արեամբ գրուեցաւ հերոսական ու անմո-ռանալի էջերէն մէկը Հայոց դիւցազնական Ազատամարտին։
101 տարի առաջ, Մայիս ամսու այս օրը, զոհուեցաւ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոս-ներէն Քեռին, որ աւազանի անունով Արշակ Գաւաֆեան մկրտուած էր, եւ որ իր զոհաբե-րութեան, քաջագործութեան ու առաքինութեան համար արժանացաւ մեր ժողովուրդին կողմէ ՔԵՌԻ կոչուելու սրտաբուխ պատիւին։
Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի,
Ինքդ արի եւ գործերդ միշտ բարի,
Սրտաճմլիկ լուրդ առինք ցաւալի,
Քաջաց քաջն հերոս Քեռի պանծալի։
Հայ ժողովուրդի հերոսական դէմքերու լուսապսակ մատեանին մէջ իր անզուգական տեղը ունի Քեռին, իբրեւ առինքնող մարմնաւորումը մարտունակ քաջութեան, յեղափոխական կամքին ու անկեղծ զինուորի նկարագրին, որոնք երբ կը մէկտեղուին հայրական հոգածու-թեամբ իր ազգին ու հայրենիքին պահապան կանգնող մարդուն մէջ, ո՛չ յոգնութիւն կը ճանչնան, ոչ ալ ժամանակի մաշում։ Ընդհակառակն՝ ի վիճակի են պահպանելու իրենց անս-պառ թարմութիւնը եւ անարատ յանդգնութիւնը, որքան ալ ժամանակը փորձէ խոհեմու-թեան ու իրատեսութեան, համակերպումի ու ձեռնթափութեան կապանքներուն ենթարկել երիտասարդական տարիքին բնորոշ մարդկային ըմբոստացման ոգին։
«Քաջաց քաջը հերոս Քեռին պանծալի» ճիշդ այդ յաւերժ երիտասարդ դէմքն է ալեհեր հայ յեղափոխականի, որ հայոց սերունդներուն անվհատ մարտունակութիւն եւ աներեր հա-ւատք ներշնչող անկորնչելի աւանդ մը դարձաւ թէ՛ իր կենդանութեան, թէ՛ ռազմի ճակատին վրայ իր հերոսական թռիչքով ու մարտիրոսացումով։
Աւելի քան դար մըն է ահա, որ հայոց սերունդներուն համար Մայիս 15ը կը խորհրդանշէ յաղթական վերջին գրոհը հայ ազգային-ազատագրական շարժման տիտաններէն անզուգա-կան Քեռիին, որ Ռըւանտուզի (այժմու Իրաքի մէջ) ճակատին վրայ, թրքական զօրքերու օր-հասական պաշարման մէջ գտնուող հայ եւ ռուս զինուորները ազատելու պահուն, ճակտէն զարնուած ինկաւ ռազմի դաշտին վրայ։
Ինչպէս որ Քեռիին նուիրուած ազգային-յեղափոխական հանրածանօթ երգը կը վկայէ՝
Ռըւանտուզի կռիւն էր շատ ահաւոր,
Թշնամու զօրքերն էին բիւրաւոր,
Տասնըինը տասնըվեց Մայիս տասնըհինգին,
Հայոց առիւծն ինկաւ վրէժը կրծքին։
1916ի Մայիս 12էն 18 երկարող օրերը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ապագային համար։
Առաջին Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, թուրք-ռուսական պատերազմի երկար ճակա-տի հարաւային՝ Պարսկաստանի հատուածին վրայ, թրքական բանակը յաջողած էր պաշար-ման վտանգաւոր օղակի մէջ առնել ռուսական զօրքն ու հայ կամաւորականները.- Ջախջա-խիչ պարտութիւնն ու ստոյգ կործանումը կը սպառնային ռուսեւհայկական կողմին։
Մայիս 12ին, թրքական 12 հազարանոց բանակը ուժեղ յարձակում մը գործեց պարսկական Ռըւանտուզ քաղաքին վրայ, ուր դիրքաւորուած էին ռուսեւհայկական ուժերը։ Թշնամին գրաւեց Ռըւանտուզը եզերող լեռնային բարձր դիրքերը եւ աստիճանաբար սկսաւ սեղմել պաշարման օղակը։
Ահա՛ այդ օրհասական պահուն, Մայիս 15ին, քաջարի հերոս մը շրջեց պատմութեան անի-ւին կործանարար թաւալումը։
Հայ Կամաւորական 4րդ Գունդի հրամանատար քաջ Քեռին ձեռնարկեց թրքական պաշար-ման շղթան ճեղքելու յանդուգն գրոհի մը։
Մայիս 15ին, իր վաշտերէն մէկուն եւ 40-50 ձիաւորներու գլուխն անցած՝ Քեռի անակնկալօ-րէն յարձակում գործեց թրքական դիրքերուն վրայ եւ ահեղի մարտով կրցաւ դէպի ձորը հրել թշնամի զօրքը։
Քեռի յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ. թրքական պաշարումը ճեղքուեցաւ եւ Ռըւանտու-զի մէջ դիրքաւորուած ռուս-հայկական ուժերը ընդհանուր յարձակողականի անցան։
Բայց յաղթանակով պսակուած այդ գրոհի գլխաւոր հերոսին համար, ճակատագիրը վերա-պահած էր դառնագոյն իր խաղերէն մէկը. յաղթական իր թռիչքի աւարտին, մահառիթ փա-փուշտը յանկարծ ճակտէն հարուածեց առիւծակերպ հերոսին։ Քեռի հազիւ կրցաւ «Վա՜յ, բալանե՜րս, ես խփուեցայ»… ճիչը արձակել ու վերջին շունչը աւանդեց։
Ծանր էր կորուստը. մեծ էր կսկիծը. բայց Ռըւանտուզի կռիւը շարունակուեցաւ մինչեւ Մա-յիս 18, երբ ռուս-հայկական ուժերը վերջնական ու ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին թրքական բանակը, որ աւելի քան հինգ հազար զոհ տալով՝ խուճապահար փախուստի դի-մեց։
Անգութ մահը քեզ մեզանից բաժանեց,
Մեր սրտերում անբուժելի վէրք բացեց,
Մի՞թէ չար գնդակը քեզի որոնեց,
Գաղափարդ եւ յոյսերդ խորտակեց։
Քեռի իր արեամբ՝ իր կեանքի նուիրաբերումով նուաճեց յաղթանակը։
Քեռիի անկենդան մարմինը փոխադրուեցաւ Թեհրան, ուր մեծ շուքով՝ ժողովրդային սիրո-ւած հերոսի փառքով, Դաշնակից Ուժերու դեսպանական եւ հրամանատարական ներկայա-ցուցիչներու մասնակցութեամբ, արժանացաւ պետական եւ ազգային յուղարկաւորութեան։ Ապա՝ մարտիրոս հերոսին անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, որպէսզի հայոց Խո-ջեվանքի գերեզմանատան մէջ գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը։
Ծանօթ է, որ խորհրդային կարգերու տակ Խոջեվանքի հայոց գերեզմանատունը անտիրու-թեան մատնուեցաւ եւ շատ ու շատ մեծանուն հայորդիներու շիրիմներուն հետ քանդուեցաւ ու անհետացաւ նաեւ Քեռիին գերեզմանը։
Այդուհանդերձ՝ հայ ժողովուրդը առյաւէտ իր սրտին մէջ կենդանի ու վառ պահեց յիշատակը քաջարի իր հերոսին՝ անոր նուիրուած երգը դարձնելով մեր սերունդներու ամէնէն սրտա-մօտ ու հոգեհարազատ բաբախումներէն մէկը.
Թող լռեն սոխակներ է՛լ չը ճլուըլան,
Սլացէ՛ք կռունկներ դէպի Հայաստան,
Լուր տարածեցէք դուք համայն հայութեան,
Հայոց պաշտպան Քեռին մտաւ գերեզման։
Քեռի հերոսի մահով պսակեց աննկուն յեղափոխականի եւ քաջարի ֆետայիի իր երկար ու փշոտ, այլեւ փառահեղ ուղին։
Քեռի ծնած էր Կարին, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծման կարե-ւորագոյն օրրաներէն մէկը հանդիսացաւ։ Դժբախտաբար միայն կցկտուր տեղեկութիւններ պահուած են Էրզրումցի Քաւթար Արշակ անունով հայ յեղափոխական շարժման երիտա-սարդ տարիքէն զինուորագրուած քաջ ֆետայիին կեանքի մանրամասներուն՝ ընտանեկան պարագաներուն, մանկութեան եւ պատանեկութեան վերաբերեալ։ Մինչեւ անգամ ծննդեան թուականը ստուգելու դժուարութիւն ունինք. կենսագիրները կը տարուբերին 1858ի եւ 1863ի միջեւ։
Քեռի շատ կանուխէն մասնակից դարձած էր հայ յեղափոխական խմորումներուն։ 1880ի Կարնոյ մեծ ցոյցին կազմակերպիչներէն էր. Արամ Արամեանի սերտ գործակիցը եղած էր. մասնակցած էր Կուկանեանի հռչակաւոր արշաւախումբին, որուն դէմ ցարական իշխանու-թեանց ձեռնարկած հալածանքի ժամանակ յաջողած էր ձերբակալութենէ փախուստ տալ. 1894-5ի կոտորածներու շրջանին, մասնակցած էր Կարնոյ ինքնապաշտպանական կռիւնե-րուն. այնուհետեւ անցած էր Կովկաս եւ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Դաշնակցութեան ֆետայական գործունէութեան։
1898ին մասնակցած էր Խանասորի Արշաւանքին, ապա անցած էր Սասուն, ուր 1903-1904ին սերտ գործակիցը դարձած էր Անդրանիկի՝ Սասնոյ ապստամբութեան շրջանին։ 1905ին քաջ հայդուկը Սիսիանի ճակատի ղեկավարն էր հայ-թաթարական կռիւներու ժա-մանակ։ 1908ին անցած էր Պարսկաստան՝ Սահմանադրական շարժման կռիւներուն Եփրե-մի աջ բազուկը դառնալով եւ, վերջինի նահատակութենէն ետք, ստանձնելով գլխաւոր հրա-մանատարի պատասխանատուութիւնը։ Իր քաջագործութիւններուն համար պարսկական իշխանութեանց կողմէ արժանացած էր Խան տիտղոսին եւ կենսաթոշակի։
Անուանի հայդուկապետ եւ ժողովրդական սիրուած հերոս էր Քեռի, երբ 1912ին իր մաս-նակցութիւնը բերաւ Պալքանեան պատերազմին եւ իր քաջագործութեանց համար արժա-նացաւ ռուսական բանակի Ս. Գէորգ պատուանշանին։
Իսկ երբ բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Հայ Կամաւորական Գունդերէն մէկուն՝ Չորրորդ Գունդին հրամանատարութիւնը արդարօրէն յանձնուեցաւ հայդուկապետ Քեռիի։ Մինչեւ Ռեւանտուզի օրհասական կռիւը, Քեռի իր ղեկավարած Կամաւորական Չորրորդ Գունդով հերոսական նոր քաջագործութիւններ կապեց իր անունին՝ յատկապէս Սարըղա-միշի կռիւներու ընթացքին։
Թէեւ կենսագիրները շատ ժլատ գտնուած են Քեռիի անձն ու գործը ըստ արժանւոյն սպա-ռիչ կերպով ներկայացնելու իմաստով՝ այսուհանդերձ, բոլորն ալ համակարծիք են, որ «պարզ, համեստ, բայց խիստ, Քեռին պաշտուած էր ամէնուրեք՝ իր ֆետայիներուն եւ կա-մաւորներուն կողմէ, ու շա՜տ սիրուած՝ զինուորական թէ յեղափոխական իր բոլոր ընկերնե-րուն կողմէ»։
Դու ամէն տեղ վազում էիր օգնութեան,
Քեզ ազդում չէր ո՛չ սուր, ո՛չ թուր, ո՛չ գնդակ,
Ամէնքին անխտիր էիր դու պաշտպան,
Կոչմանդ արժանի հերոս Քեռի խան։
Միքայէլ Վարանդեան, 1916ի Դեկտեմբեր 28ին, Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին մէջ ներկայացնելով Քեռիի հայդուկապետի վաստակը, հայոց «քաջաց քաջ»ին մասին գրեց.
«Ոչինչ այնքան չէր յուզում ինձ Երեւանեան մեր ընկերական հաւաքոյթների ժամանակ, ինչ-պէս այն վայրկեանը, երբ Անդրանիկ ու Քեռի նստում էին քովէ քով եւ ձիերը իրարու վզով փաթաթում։ Հայ ժողովրդի երկու մեծ ռազմիկները՝ իրարու փարուած — կոշտ ու կոպիտ, ինչպէս ինքը՝ այդ ժողովուրդը, անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց… մի մի ժայռեր՝ բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»։
Այո՛, թրքական բռնակալութեան դէմ ծառացած հայկական անառիկ ժայռ մը եղաւ Քեռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մարտի ճանապարհը պսակեց յաղթանակով՝ վահանի վրայ վերադառնալով ռազմի դաշտէն
Իբրեւ այդպիսին՝ «Չորրորդ Գնդի հրամանատար քաջ Քեռին» յաւէտ պիտի ապրի հայ ժո-ղովուրդի յիշողութեան մէջ՝ մարմնաւորելով անհաւասար ուժերով ու յանուն գաղափարի մղուած յարատեւ կռուի մէջ մազերը ճերմկցուցած, բայց յոգնութիւն եւ ծերութիւն չճանչ-ցող յաւերժ երիտասարդ դէմքը անկեղծ դաշնակցականին եւ անբասիր ֆետայիին։
Մահդ Դաշնակցութեան մեծ ցաւ պատճառեց,
Եւ ընտանիքիդ ալ սիրտը խռովեց,
Համարեա՛ թէ ամբողջ Կովկասը ցնցուեց,
Քեզ համար շատ մայրեր լացին ողբացին։
Ինչպէս որ Քեռիի մարտիրոսացման առիթով Գահիրէի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր» պիտի հաստատէր 11 Յուլիս 1916ի իր խմբագրականով՝
«Ամբողջ երեսուն տարի, անիկա իր լայն հոգիին մէջ ապրած էր բովանդակ զուլումն ու տարտը իր դժբախտ ու սիրելի ժողովուրդին, միացած էր անոր հնհնուքներով, արտասուած էր անոր արցունքներով, փոթորկուած էր անոր խռովքներով։
«Պարզ ու անպաճոյճ, ինչպէս վայել է գաղափարի զինուորին, լուռ ու մռայլ՝ ինչպէս մռայլ էր հայկական ցաւոտ իրականութիւնը՝ Քեռին միակ սէր մը ճանչցած էր՝ հայրենիքի սէ՛րը. միակ կիրք մը՝ պայքարին տարփա՛նքը. միակ իտէալ մը՝ ազատութեա՛ն իտէալը»։
Այո՛, թրքական բռնակալութեան դէմ ծառացած հայկական անառիկ ժայռը մարմնաւորեց Քեռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մարտի ճանապարհը պսակեց յաղթանակով՝ վա-հանի վրայ վերադառնալով ռազմի դաշտէն
Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ միշտ երիտասարդ ու հայոց նորահաս սերունդները ոգեշնչող յեղա-փոխականի ու գաղափարի զինուորի՝ «Չորրորդ Գնդի հրամանատար քաջ Քեռին» յաւէտ պիտի ապրի հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։
Ն.