Բենիամին Պչաքճեան. «Մենք Պէտք Է Կարենանք Զարգանալ` Առանց Մեր Իրաւունքներէն Թիզ Մը Անգամ Զիջելու»
23 Փետրվար 2019
ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 22 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարի 31-ամեակի տօնակատարութիւն:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գօգօ Էքմեքճեան: Ան ըսաւ, որ 31 տարի առաջ հայ երիտասարդը, ուսանողը, բժիշկը, արուեստագէտը, մշակն ու զինուորը փաստեցին համայն աշխարհին, որ հայ ազգը թոյլ ազգ մը չէ, որ կռիւի ժամանակ ինչքան ալ անհաւասար ըլլան ուժերը, միայն մարտունակն է, որ կը յաղթէ, իր սեփականն հողին համար իր գարուն կեանքը զոհաբերողն է, որ կրնայ յաղթական դուրս գալ: Սակայն թշնամին չհասկցաւ այս իրողութիւնը ապրիլ 2016-ին փորձեց ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններով անակնկալի բերել արցախահայութիւնը եւ նոր պատերազմ պարտադրել անոր: Չորս օրեր տեւած պատերազմին խայտառակ ձախողութենէն ետք ան յաջողեցաւ պարտուած ետ սողալ իր բոյնը: 2016 ապրիլին հայութիւնը գիտակցեցաւ, որ իր սեփական հողին վրայ պարտուիլը կրկնակի պարտութիւն է, եւ անգամ մը եւս ինքզինք նետեց կռուի դաշտ` այս անգամ աւելի ուժեղ հարուածներով եւ մահացու գնդակներով դիմաւորելու թշնամին:
Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այսօր մենք պարտաւոր ենք ազգովին նեցուկ կանգնելու արցախահայութեան: Նեցուկ կանգնինք բոլոր մակարդակներու վրայ, օժանդակենք անոր հզօրացման ու բարգաւաճման»:
Այնուհետեւ Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Շահանդուխտի «Արցախի հերոսներուն» կտորը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` արցախեան ազատագրական պայքարի մասին:
Ելոյթ ունեցաւ օրուան բանախօսը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան: Ան ըսաւ, թէ 31 տարի առաջ, երբ Խորհրդային Միութիւնը իր փլուզման սեմին էր, 20 փետրուար 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի խորհրդարանը ըստ սահմանադրութեան քուէարկեց Խորհրդային Հայաստանին միանալու օգտին: Յաջորդող օրերուն Երեւանի մէջ ցոյցեր տեղի ունեցան, միլիոնաւոր ժողովուրդ փողոց իջաւ` պահանջելու, որ Արցախ միանայ Հայաստանին, որովհետեւ անարդարօրէն անջատուած էր մայր հայրենիքէն 1921-ին: Այս ցոյցերուն իբրեւ հետեւանք, փոխանակ Ազրպէյճանը դրական քայլերու դիմէ, երկխօսութիւն ծաւալէ, դիմեց հալածանքի, սպանութիւններու, որպէսզի հայաթափէ հայահոծ շրջանները: 1991-ին Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որով ժողովուրդը 99,9 տոկոսով արտայայտուեցաւ անկախութեան ի նպաստ: Այսօր հիմնականօրէն, պատմականօրէն եւ իրաւականօրէն Արցախը իրաւունք ունի միջազգայնօրէն ճանչցուելու իբրեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի օրինական ճանապարհը բռնած ընթացք: Այն օրերուն ՀՅԴ-ն յոյս ներշնչեց Արցախի ժողովուրդին, միջոց տրամադրեց Արցախի ժողովուրդին, որ ինքնապաշտպանութեամբ եւ իր բազուկի հզօրութեամբ կարենայ տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն:
Բանախօսը ըսաւ, թէ պատմութիւնը փաստած է, որ մենք արդիւնք տուինք, որովհետեւ հաւատացինք մեր բազուկին, հաւատացինք մեր կարողականութեան, կազմակերպեցինք մենք մեզի եւ դիմադրեցինք ամէն տեսակի ճնշումներու:
Ան ըսաւ, թէ Ղարաբաղը իր անկախութեան 27 տարիներուն ընթացքին կրցաւ ինքզինք հաստատել, կազմակերպել, պետութիւն եւ բանակ կառուցել, սահմանները ամրապնդել, տնտեսութիւնը զարգացնել: Կարելի է հպարտօրէն ըսել, որ Ղարաբաղը այսօր կայացած պետութիւն է: Կայացած է իր ժողովրդավարական կարգերով, իր կուսակցութիւններով, իր ժողովուրդով, իր տնտեսութեամբ: Կայացած է շնորհիւ Հայաստանի պետական մտածողութեան, շնորհիւ սփիւռքին, որովհետեւ Հայաստան – սփիւռք – Արցախ եռեակը միասնաբար ձեռք-ձեռքի տալով է, որ այսօրուան կացութիւնը ստեղծեցին:
Բ. Պչաքճեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ հաւատացած է, որ Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի որոշելու, իրաւունք ունի ազատ ապրելու: Փաստը ցոյց տուած է, որ 70 տարի ազրպէյճանական լուծի տակ ապրած հայ ժողովուրդը վնասած է ու չէ զարգացած, եւ ամէնէն դժուար պահուն Ազրպէյճանի պետութիւնը կոտորած կազմակերպելու պատրաստ եղած է. փաստը ունեցած ենք, որ մեր խաղաղ դիմումներուն պատասխանը եղած է միայն հալածանք, սպանութիւն ու աւեր: Այս բոլորին լոյսին տակ Դաշնակցութեան մօտեցումը միանշանակ է, մենք մեր բազուկին վստահելով այս երկիրը ոչ միայն պիտի ազատագրենք, այլ նաեւ պիտի պահենք: Մենք մեր հայրենիքին մէկ մասը պէտք է կարենանք զարգացնել` առանց մեր իրաւունքներէն թիզ մը անգամ զիջելու:
Ան հաստատեց, որ մենք իրաւունք չունինք զիջելու այն, ինչ որ արիւնով շահած ենք, մենք իրաւունք չունինք զիջելու այն պատմական իրողութիւնները, որ մեր նախահայրերը ապրած են, մենք իրաւունք չունինք զիջելու մեր գալիք սերունդներուն իրաւունքները: Մենք պիտի զարգանանք միայն մեր ուժին վստահելով: Մենք խաղաղութիւնը սիրող ժողովուրդ ենք, բայց այդ խաղաղութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ վճռակամութիւնը, զէնքը, տնտեսութիւնը եւ կառոյցները պէտք է ունենանք, եւ ասոնք կարելի են միայն համահայկական եւ համազգային ուժերով: Մենք չենք կրնար պատերազմի դաշտ երթալ, երբ մեր ժողովուրդին մէջ անարդարութիւններ կան:
Պչաքճեան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Քանի որ Հայաստանը պատերազմական իրավիճակի մէջ է, քանի որ շրջափակուած է, ուրեմն կառավարութեան ծրագիրը ըստ այնմ պէտք է զարգացնենք ու մշակենք, որ Հայաստանը իր տնտեսութեամբ, իր զինուժով ինքնաբաւ դառնայ, որ Հայաստանի արդիւնաբերութիւնը նպաստէ բանակի հզօրութեան եւ տնտեսութեան զարգացման: Մենք սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ պէտք է կարենանք մեր ամբողջ ներուժը լարել, որպէսզի զարգացնենք Հայաստանը, եւ բանակը առանցքային դեր ստանձնէ երկրի տնտեսութեան զարգացման մէջ» (Բենիամին Պչաքճեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):
Ելոյթ ունեցաւ երգիչ Սերոբ Յակոբեանը Սեդօ Պաղտասարեանի նուագակցութեամբ եւ մեկնաբանեց Արցախին նուիրուած փունջ մը երգեր:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան ըսաւ, թէ 31 տարի մենք իբրեւ մեր լեռները սիրող, մեր լեռներուն կառչած ժողովուրդ եւ ազգ, կը նայինք տակաւին նոր յաղթանակներու: Մեր սուրբ լեռներուն մէջ կան մեր նահատակներու եւ հերոսներու արիւնը, կամքը, նուիրումը, պահանջատիրութիւնը: Արցախի ազատագրական պայքարին մենք շռայլօրէն զոհեր տուինք: Եւ տակաւինք ունինք երիտասարդներ, որոնք պատրաստ են երթալու կռուի դաշտ: Մենք մեր հողերուն մէջ խառնած ենք մեր նահատակներուն սէրը, որպէսզի պահենք ազգը, երիտասարդութիւնը, ազատ եւ անկախ Արցախը. ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզ ետ մղել մեր պայքարէն: Մենք պիտի ուրախանանք նաեւ Արաքսէն անդին մեր լեռները ազատագրելով եւ եռագոյնը մեր հողերուն վրայ բարձրացնելով պիտի ոգեկոչենք մեր հերոսներուն եւ գաղափարական երիտասարդներուն ոչ թէ երազը, այլ իրաւունքը: Մեր գերեվարուած հողերը մեր երազը չեն, այլ մեր իրաւունքն են, եւ զանոնք պիտի ստանանք ուշ կամ կանուխ:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Արցախի քայլերգով:
aztagdaily.com