Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Եւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի Միջեւ
20 Մարտ 2019
Միջկուսակցական-ուսանողական յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրաւէրով, երկուշաբթի, 18 մարտ 2018-ին, «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան ու Քաղաքական-յարաբերական գրասենեակին եւ ՍԴՀԿ Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութեան վարչութեան միջեւ:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան քաղաքական, գաղութային, ուսանողական եւ միութենական շարք մը հարցեր:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը տեւեց աւելի քան երկու ժամ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ աշխատանքներու եւ աշխատելաոճի փոխադարձ ծանօթացում, ինչպէս նաեւ գաղափարներու եւ միտքերու փոխանակում:
Հանդիպումին մասնակիցները շեշտեցին երկխօսութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, պարզուեցաւ յարաբերութիւններու դրական մթնոլորտը գործնական դաշտ փոխադրելու տրամադրութիւնը:
aztagdaily.com