Հաղորդագրութիւն
27 Մարտ 2019
Երկուշաբթի, 25 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու հերթական հանդիպումը: Ժողովականները անդրադարձան Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմի վերջին զարգացումներուն: Ապա ժողովը քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը համագաղութային տարողութեամբ նշելու նախաձեռնութեանց մանրամասնութիւնները:
Որոշուեցաւ104-ամեակի իբրեւ կեդրոնական ծրագիր կազմակերպել քայլարշաւ մը: Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ երեք քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորները պիտի կազմակերպեն նաեւ միացեալ ծրագիր մը: Ժողովի աւարտին յառաջացաւ ենթայանձնախումբ մը, որ պիտի կատարէ քայլարշաւի ծրագրումը, յստակացնէ մանրամասնութիւնները եւ լիբանանահայութիւնը իրազեկ դարձնէ:
Այս առիթով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կոչ կ՛ուղղեն համայն լիբանանահայութեան խուռներամ շարքերով մասնակից դառնալու Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման բոլոր ձեռնարկներուն:
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ