«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Պելճիքայի ընդվզեցուցիչ մոռացումը
04 Մայիս 2019 Արագ ետ-դարձ ոստում մը կատարելով․․․2015-ին, հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար, Յուլիս 24, 2015-ին Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը, յանձին վարչապետ Շարլ Միշէլի, բանաձեւ մը հրատարակեց՝ պատշաճօրէն ճանչնալով հայոց ցեղասպանոըթիւնը։Հարցը օրակարգի վրայ դրուած էր օր մը առաջ, եւ Պելճիքայի խորհրդարանի լիագումար նիստը բացարձակ մեծամասնութեամբ հաստատած էր այդ բանաձեւը: Խոր ու մանրամասն քննարկումներէ ետք, խորհրդարանի գրեթէ բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները՝ գրեթէ միաձայնութեամբ, կողմնակից էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին։
Այդ բանաձեւին վաւերացումով՝ Պելճիքայի խորհրդարանը միացած էր երկրի դաշնակցային կառավարութեան ու Ծերակոյտին, որոնք վաղուց ճանչցած էին հայոց ցեղասպանութիւնը:
Պելճիքայի խորհրդարանի այս քայլը թուրք կառավարութեան ուղղուած պատգամ մըն էր, թէ Եւրոպայի մէջ անարդարութիւնը եւ ուրացումը տեղ չեն կրնար ունենալ եւ ուշ կամ կանուխ Անգարա պարտաւորուած պիտի ըլլայ դէմ յանդիման գալու իր պատմութեան եւ անցեալին հետ:
Վերադառնալով ներկայ օրերուն․․․Ապրիլ 25, 2019-ի (զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ դիտմամբ այն օրերուն, երբ հայերը ամբողջ աշխարհի տարածքին կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ յարգանքի տուրք կը մատուցեն) լիագումար նիստին, այդ միեւնոյն երկրի ներկայացուցիչներու պալատը քննարկած եւ վաւերացուցած է օրէնք մը, որուն մէջ խստիւ կը պատժէ Ռուանտայի (1990) Եւ Սրեպրենիցայի (Նախկին Եուկոսլաւիա – 1995) մէջ կատարուած ցեղասպանութիւնները․․․եւ վերջ։
Դժբախտաբար, ներկայացուցիչները պատմութեան էջերը չեն թերթատած, կամ դեռ աւելին՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառին ստեղծման դրդապատճառներուն գծով ալ բծախնդրութեամբ պրպտումներ չեն կատարած, որուն արդիւնք՝ աշխարհի պատմութեան առաջին ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը չեն ընդգրկած այդ բանաձեւ-օրէնքին մէջ։
Կասկածէ վեր է, թէ այս որոշումին ետին կանգնող խորհրդարանականները քաջատեղեակ են Ռաֆայէլ Լեմքինի հրապարակած ծաւալուն ուսումնասիրութիւններէն մէկուն եւ անշուշտ 1946-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովի Դեկտեմբեր 11-ի նիստին, օրակարգի վրայ առաջադրած համապատասխան որոշումի նախագիծի մը, որ միաձայնութեամբ ընդունեց ցեղասպանութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի առումով որպէս ոճիր բնորոշող եւ անոր դատապարտումը պատժելի հռչակող առաջին միջազգային օրէնք։
Արդեօք անտեղեակ ու անհաղո՞րդ են այս ներկայացուցիչները, որոնք մէկ ժամէն պակաս կարճ ուղեւորութիւն մը կատարելով, կրնան իրեց նստավայր Պրիւքսէլի խորհրդարանէն մօտակայ Կան քաղաքի համալսարանը երթալ ու այցելել քանի մը տարի հոն ուսանած եւ մեծ տպաւորութիւն ձգած հայոց բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի յուշատախտակը, ինչպէս նաեւ՝ ծանօթանալ անոր գործին։
Պելճիքայէն ծննդավայր Բրգնիկ վերադարձի վաղորդայնին, Վարուժան հրատարակած էր «Ցեղին Սիրտը»։ Պայքարի, վրէժի, ազգային եւ համամարդկային ցաւի բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մը, որ շատ բան կրնայ թելադրել պելճիքացիին եւ անշուշտ նաեւ բաբախել անոր սիրտն ալ։
Դեռ ասոր կողքին, հակառակ հասարակական կարծիքին, Պելճիքայի գլխաւոր լրատուամիջոցներուն մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներուն, մարդկային իրաւանց գործիչներուն եւ շարք մը խորհրդարանականներու առաջարկած բարեփոխումներուն, անընդունելի էր որ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատը հակասութիւն մը ստեղծէր ամրապնդելով ժխտումը այն նոյն ցեղասպանութեան, որ նոյնինքն պալատն ու պատկան մարմինները ճանչցած են թէ՛ օրէնսդիր եւ թէ՛ գործադիր մակարդակներու վրայ։
Այս մոռացումը ընդվզեցուցիչ է․․․եւ սեթեւեթ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ այդ օրերուն Փորթուկալի խորհրդարանը յատուկ բանաձեւով մը ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ Ֆրանսայի մէջ, Ապրիլ 24-ը նշուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր։
hairenikweekly.com