Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ ՆահանգներուԿեդրոնական Կոմիտէի
19 Մայիս 2019 Մայիս 18, 2019-ին , ՀՅԴ Բիւրոյի բազմամեայ ներկայացուցիչ եւ Արցախեան ազատամարտին մէջ իր պատկառելի ներդրումը ունեցած ընկ. Հրանդ Մարգարեան, իր մանկահասակ թոռնիկներուն հետ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ զբօսնելու ժամանկ, յարձակման ենթարկուած է մարդկային ու ազգային նկարագիրէ զուրկ ամբոխի մը ։Յարձակումը եւ անոր ընթացքին Դաշնակցութեան հասցէին հնչած անպատկառ ու անբարոյ արտայայտութիւններն ու սպառնալիքները կը վկայեն անոնց հեղինակներու ստորութեան մասին, եւ կ'արդարացնեն ամիսներ շարունակ հնչած այն նախազգուշացումները, որ կ'ահազանգէին մեր հայրենիքէն ներս սերմանուող ու քաջալերուող ատելութեան ու թշնամանքի հետեւանքներուն մասին:

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէն վերոյիշեալ յարձակումը կը նկատէ երկրէն ներս ատլեութիւն ու թշնամութիւն սնուցանող ընդհանուր քաղաքակնութեան մը հետեւանք եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքին դէմ շղթայազերծուած ու ակնյայտօրէն ուղղորդուած արարք:
Յանուն Հայաստանի ներքին համերաշխութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շատ յաճախ համբերութեամբ արժանի պատասխանը չէ տուած իր հասցէին կատարուած անբարոյ ու ստոր արտայայտութիւններուն: Սակայն, թշնամութիւն ու ատելութիւն սերմանող իշխանական համատարած մթնոլորտը, այդ մթնոլորտէն խրախուսուած փողոցային խուժանը լեցուցած են Հ.Յ. Դաշնակցութեան համբերութեան բաժակը:
Իշխանութիւններէն կը պահանջենք անյապաղ գնահատական տալ կատարուածին և օրէնքի ողջ խստութեամբ պատժել մեղաւորներուն, եւ վերջ տալ ատելութիւնն ու պառակտումը խրախուսող ոճին:
Մայիս 18, 2019
ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու
Կեդրոնական Կոմիտէ