Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի
19 Մայիս 2019 ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը դատապարտէ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած յարձակումը՝ ցուցարարներու կողմէ:ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն հետեւողականօրէն ջատագոված ու պաշտպանած է քաղաքացիներու ազատ խօսքի եւ հաւաքներու իրաւունքը: Այսուհանդերձ, երբ հնչող արտայայտութիւնները թշնամական բմոյթ կ՝ունենան ու կը վտանգեն քաղաքացիներու ապահովութիւնը, պէտք է դատապարտուին:

Մենք կը բաժնենք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի հրապարակած մտահոգութիւնները, որոնք կը զգուշացնեն հայկական երկու պետութիւններու միջեւ պառակտումի հաւանական վտանգի մասին, որ ծանրագույն հետեւանքներ կ՝ունենայ մեր ամբողջ ազգի համար:
Հայաստանի իշխանութիւնները պարտին տէր կանգնիլ իրենց պատասխանատուութեան, թոյլ չտան պառակտումի յառաջացումը եւ համերաշխութեան մթնոլորտ ստեղծեն երկրի մէջ, զսպելով կիրքերը եւ կանխարգիլելով հասարակութեան մէջ բախումներու հաւանականութիւնը:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ