Հաղորդագրութիւն. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
12 Հունիս 2019
Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի ՀՅԴ Կոմիտէութեան անդամներ Տիարք՝ Ռաֆֆի Մահտեսեանի եւ Նարեկ Դաւիթեանի: Անոնք դիմաւորուեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ:
Շուրջ մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Կիպրահայ գաղութը, Միջին Արեւելքն ու յատկապէս Հայաստանը ե՛ւ հայութիւնը յուզող ընդհանրական ու մասնաւոր հարցեր: Անոնք, նաեւ անդրադարձան Ազգային Առաջնորդարանի եւ Կոմիտէութեան տարած ու տարուելիք ապագայ աշխատանքներուն զանազան բնագաւարներէ ներս, նորանոր ծրագիրներու մշակման յանձնառութիւններ, մարտահրաւէրներ, առաջարկներ, առաւել եւս ազգային – հոգեւոր արժէքներու, նկարագրի ու դիմագծի պահպանման հրամայականին:
Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդիպման համար եւ մասնաւոր գնահատանքն ու քաջալերանքը փոխանցեց Բիւրոյի նորընտիր Ներկայացուցչին ցարդ կատարած այցելութիւններուն եւ կատարած աշխատանքներուն համար:
12 Յունիս 2019
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի