Մայիս 28ի սխրանքը պիտի հանդիսանայ նոր սերունդների ներշնչման աղբիւր
30 Մայիս 2020
27 մայիս 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց տօնակատարութիւն, որուն հետեւեցան Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ արտասահմանէն բազմահազար հայորդիներ:
Պատգամներով, ողջոյնի խօսքերով եւ վկայութիւններով հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Երուանդ Փամպուքեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Տիգրան Ճինպաշեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ողջոյնի խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-ամեակին առիթով