Հաղորդագրութիւն․ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կատարեց 2020-ի իր երրորդ առցանց լիագումարը
20 Հուլիս 2020 ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրբաթ, 17 յուլիսին կատարեց 2020-ի իր երրորդ առցանց լիագումարը` օրակարգի վրայ ունենալով միութեան քառամեայ ծրագիրները «Քորոնա»-ի արտակարգ դրութեան պայմաններուն պատշաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը:Լիագումարին սկիզբը Կեդրոնական վարչութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հայաստանի սահմանային գիւղերուն դէմ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումներուն եւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի կառոյցին` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ին թելադրեց սերտել կարելիութիւնը սահմանային վնասուած գիւղերու պատանիներուն համար ամառնային ճամբար մը կազմակերպելու` յարգելով Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ճշդուած բոլոր պայմանները:

Ապա, օրակարգի քննարկման կէտերուն անցնելով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց «Քորոնա»-ի համաճարակի օրերուն միութեան կատարած աշխատանքներուն.
Ա.- Ազգային մարմիններու կողքին` համայնքներու մէջ մասնակցութիւն խնամատարական եւ նախազգուշական աշխատանքներու:
Բ.- Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ 1400 ընտանիքներու նպաստաբաշխումի աշխատանքներու կազմակերպում:
Գ.- Միութենական առցանց աշխատանքներու իրականացում:
Կեդրոնական վարչութիւնը նկատել տուաւ, որ ակմբային աշխատանքներուն առցանց հարթակին փոխադրութիւնը ծառայեց իր նպատակին` ապահովելով միութեան աշխատանքներուն շարունակականութիւնը եւ անդամներուն կապուածութիւնը` իրարու եւ ազգային-միութենական կեանքին:
Կեդրոնական վարչութիւնը հաստատեց, որ առցանց աշխատանքները չեն կրնար ամբողջովին փոխարինել միութենական կազմակերպական աշխատանքները, սակայն մինչեւ արտակարգ իրավիճակի յաղթահարում` առցանց գործունէութիւնը կը հանդիսանայ աշխատանքի գլխաւոր միջոցը սկաուտական, մարզական եւ վարչական գործունէութեան համար: Այս ուղղութեամբ Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբերը արդէն իսկ կը մշակեն յատուկ ծրագիրներ, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի բիւրեղանան երեք կարեւոր նախաձեռնութիւններով.-
– Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական առցանց համագումար` 25 յուլիս 2020-ին: Համագումարը երեք հանգրուանով պիտի կատարուի` առցանց հարթակով, իսկ պաշտօնական բացումը ուղղակի պիտի սփռուի միութեան Դիմատետրի էջով:
– Շրջանային եւ մեկուսի շրջաններու տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներու առցանց հանդիպում` 26 յուլիս 2020-ին: Համագումարը պիտի անդրադառնայ վերջին շրջանին միութեան վարչական աշխատանքներուն մէջ ներմուծուած արհեստագիտական նորութիւններուն եւ յառաջիկային զանոնք աւելի եւս կատարելագործելու ծրագիրներուն:
– Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզական պատասխանատուներու առցանց համագումար` հոկտեմբեր 2020-ին: Համագումարը պիտի ծառայէ մարզիչներու եւ մարզական պատասխանատուներու վերաորակաւորման աշխատանքին:
Կեդրոնական վարչութիւնը այս առիթով սերտեց ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական խորհրդաժողովի եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու կազմակերպման կարելիութիւնները: Ապա քննեց աշխատանքային ծրագիրները 2019-2023 քառամեակին համար իր յառաջացուցած հետեւեալ յանձնախումբերուն եւ աշխատանքային խմբակներուն.- սկաուտական (Արարատեան կարգի, սկաուտական գիրքերու եւ առցանց ֆորումի ստեղծման խմբակներով), մարզական (Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու եւ առցանց խաղերու ծրագրաւորումի խմբակներով), կազմակերպական, քարոզչական, երիտասարդական, «Վարդգէս Տէր Կարապետեան» թանգարանի, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, տնտեսական եւ եկամտաբեր հիմնադրամի (Endowment Fund):
Կեդրոնական վարչութիւնը քննարկեց նաեւ միութեան աշխարհասփիւռ 111 մասնաճիւղերուն ներկայ իրավիճակը եւ գոհունակութեամբ հաստատեց ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ ՀՄԸՄ-ական երեք նոր կեդրոններու ստեղծման քայլը` Փարիզի, Ալմելոյի եւ Արմաւիրի մէջ: Ալմելոյի (Նետերլանտներ` Հոլանտա) եւ Արմաւիրի (Հայաստան) կեդրոններուն շինարարական կառուցումները ընթացք առած են արդէն, իսկ Փարիզի մարզաւանին աշխատանքները կը սկսին համաճարակի ալիքի մեղմացման հետ:
Կեդրոնական վարչութիւնը գնահատեց միութենական երիտասարդական ուղեգիծի մը մշակման ճիգը, որ պիտի ծառայէ երիտասարդ տարրերու ՀՄԸՄ-ի մէջ աւելի աշխուժ ներկայութեան եւ գործունէութեան նոր մարզերու ծաւալման:
Առցանց լիագումարը նշեց, որ 2020-ը կը զուգադիպի միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան 40-ամեակին եւ, առ այդ, որոշեց 40-ամեակի յիշատակումները սկսիլ յառաջիկայ հոկտեմբերին եւ երկարել մինչեւ 2021-ի հոկտեմբեր, այս առիթով հրապարակելով թերթին ամբողջական հաւաքածոյին` 415 թիւերուն թուայնացած տարբերակը: Լիագումարը նաեւ որոշեց շարունակել «Մարզիկ»-ի բոլոր նիւթերը ներկայացնել միութեան կայքէջով, սակայն յանձնարարեց նաեւ պատրաստել թերթին հրատարակելի օրինակները: Լիագումարը ընդգծեց նաեւ միութեան թանգարանը արդիականացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ 2022-ին` թանգարանին հիմնադրութեան 35-ամեակը պատշաճ կերպով նշելու գաղափարը:
Վերջապէս, առցանց լիագումարը անդրադարձաւ «Քորոնա»-ի պատճառով համաշխարհային տնտեսութեան վատ պայմաններուն միութեան վրայ ունենալիք հետեւանքներուն եւ որոշեց ստեղծել տնտեսական յատուկ ֆոնտ մը, ըստ կարիքի եւ կարելիութեան` նեցուկ կանգնելու համար տագնապահար շրջաններու բնականոն գործունէութեան ապահովման:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ