Շնորհակալութիւն Դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին` Արդիւնաւէտ Եւ Սերտ Համագործակցութեան Համար
04 Սեպտեմբեր 2020
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շնորհակալական հետեւեալ նամակը յղեց Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին:
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան նախկին ղեկավար Թաթուլ Մարգարեանին բազմամեայ սերտ եւ ջերմ համագործակցութեան համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահը Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան հիմքն է: Այս սկզբունքին` երկուստեք բարձր գիտակցումը, դեսպան Մարգարեանի պաշտօնավարման վեց տարիներուն ընթացքին եղած է մեր արդիւնաւէտ եւ սահուն համագործակցութեան հիմքը:
Կրկին ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ դեսպան Մարգարեանին եւ կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ իր մասնագիտական ու անձնական նախաձեռնութիւններուն մէջ:
Յարգանքով`
ԳԱՍՊԱՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Նախագահ
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
03 սեպտեմբեր 2020թ.