ՀՅ Դաշնակցութեան օրը` հաշուետուութեան եւ ուխտի վերանորոգման օր
31 Հոկտեմբեր 2020 «Նորութիւն է մեր կեանքի մէջ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան Օր»-ը, որ հաստատուեց 10-րդ Ընդհանուր Ժողովի կողմից եւ որ այսուհետեւ, ամէն տարի, Հոկտեմբեր ամիսին պէտք է տօնւի ամէն տեղ, ուր ապրում են դաշնակցական գաղափարները դաւանող հայ աշխատաւորական զանգւածներ: Ամէն տարի դաշնակցական ընկերներն ու համակիրները պէտք է յատկացնեն մի օր՝ ապրելու համար դաշնակցութեան աշխարհայեացքով եւ ապագայ գործունէութեան ծրագիրներով, ընդհանուր գործին նւիրելով իրենց մէկ օրւայ աշխատանքի արդիւնքը»:«ԴՐՕՇԱԿ», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» օրգան, դեկտեմբեր, 1925, N 6, էջ 186:

ՀՅ Դաշնակցութեան տասներորդ Ընդհանուր ժողովը, որ գումարուած է Փարիզ 1924 նոյեմբեր 17-էն մինչեւ 1925 յունուար 17, որոշում կը հաստատէ այդ օրէն սկսեալ յիշատակել եւ տօնել «ՀՅԴ օր»-ը կամ «Մեր օր»-ը: Առ այդ, 1925 թուականին, աշխարհի տարածքին իւրաքանչիւր շրջան, ուր գոյութիւն ունի ՀՅԴ կազմակերպական կառոյց, սկիզբ կ’առնեն Դաշնակցութեան տօնակատարութիւններ եւ հանդիսութիւններ:
Այս մասին 1925 թուականին Սիմոն Վրացեանի եւ Արշակ Ջամալեանի խմբագրութեամբ վերահրատարակուած «Դրօշակ»-ի իրարայաջորդ թիւերուն մէջ լայն տեղ կը գտնեն Դաշնակցութեան օրուան նշումները:
Դաշնակցութեան օրուան յիշատակման առիթով կ’արժէ մէջբերել հոս «Դրօշակ»-ի 1926-ի թիւ 8-9-ի (օգոստոս-հոկտեմբեր)`Դաշնակցութեան օրուան յիշատակման երկրորդ տարուան առիթով «Արթուն եւ ամուր» խորագրուած յօդուածը, որուն առաջին հատուածով մեզի կը պատգամէ. «Հեռո՜ւ սնամէջ ցուցամոլութենէ, այդ «Օր»-ը կը յատկանշէ ինքնաճանաչման արտայայտութիւն մը, որ կազդուրիչ է ամէն կերպով: Ինչքան ալ կաղկանձեն «Հայոց պատմութեան» փերեզակները կամ իսկապէս ոճրապարտ հոգիները, «Դաշնակցութեան օր»-ը պիտի դառնայ նախատօնակը հաւատամքի մը, որ ամէն բանէ առաջ ինքն իր ուժին վստահելու, իր ճակատագիրը վարելու կորով ներշնչեց ստրկացած բազմութեան եւ ազգային գիտակցութեան առաջնորդեց բանաւոր հօտը»: Այնուհետեւ յօդուածը կ’աւարտի նշեալ խորագրի երկու բառերու յիշատակումով ու անոնց խորքի շեշտադրումով. ««Դաշնակցութեան օրը» եթէ հպարտութեան տարեդարձն է, միեւնոյն ատեն ազդարար մըն է բոլոր վեհերոտներուն եւ սկեպտիկներուն: Որովհետեւ, այսօրը այնքան յուսահատական չէ, ո՛րքան այն պահը, երբ «ֆետայի»-ն առանց փամփուշտի կը մնար լերան կատարը, իր աչքին առջեւ տեսնելով անզէն ժողովուրդին կոտորումը: Եւ վախճանը աւելի հեռու չէ, քան այն պահուն, երբ առաջին յեղափոխական խումբը կը կազմուէր տապալելու համար «Սուլթանին գահը»:
Արթուն՝ ինչպէս սահմանին վրայ կեցած պահակը, ամուր՝ ինչպէս Արարատը, մենք մեր ճամբան պիտի երթանք այն գիտակցութեամբ, թէ Դաշնակցութեան օրերը տօնի համար չեն, այլ քայլերգեր՝ «բախտաւոր օրերու» համար»:
ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնական օրկանը, բնականաբար, արտայայտիչն ու պատգամաբերը կը հանդիսանայ այն մտքերուն եւ գործերուն, որոնք կը բնորոշեն ՀՅ Դաշնակցութեան անցեալի արձանագրութեան ու գնահատութեան եւ վաղուայ ընելիքներու ճշդորոշման:
Դաշնակցութեան օրը ամէն բանէ առաջ հաշուետուութեան եւ ուխտի վերանորոգման օր կը համարուի իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար եւ, բնականաբար, այդ իրականութեան առջեւ կը կանգնեցնէ մեզ: Միւս կողմէ լաւագոյն անդրադարձի օր է ոեւէ դաշնակցականի ու Դաշնակցութեան ուղեգիծի համակրողին համար:
Այս օրը պարտաւորութիւն է, որ կուսակցութիւնը ժողովուրդին հետ կիսի իր մէկ տարուան գործունէութիւնը, նաեւ իր սպասումներն ու ակնկալիքները: Այդ օրը միասնաբար կը նայինք Դաշնակցութեան անցեալին եւ կը տեսնենք հիմնադրութեան օրերը՝ իրենց գաղափարական հզորութեամբ, ֆետայական կռիւները՝ իրենց արիութեամբ, անկախութեան անհաւասար պայքարը՝ իր դիւանագիտական խիզախումներով, սփիւռքեան բազմատեսակ մարտահրաւէրները: Հոն յառաջիկայ տարուան համար քաղաքական, ազգային, հասարակական, մշակութային, ինչպէս նաեւ Հայ դատի, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնական համագործակցութեան ուղղութիւններ ու պատգամներ կը փոխանցուին: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վատ դերակատարութեանց, անոնց ծաւալապաշտական եւ ապակայունացնող քաղաքականութեանց մասին որդեգրուելիք նոր կեցուածքներ կը դրսեւորուին:
Այս օրը առիթ է երեք դարերու վրայ երկարող Դաշնակցութեան գործունէութեան հրապարակային ներկայացման` հեռու ինքնագովութենէ եւ հոխորտաբանութենէ, հարցերը մշուշապատ ներկայացնելէ: Այս օրը պէտք է ընկալել ոչ զգացական կերպով, այլ էապէս բարոյական, ոչ անիրապաշտական ու վիպապաշտական, այլ հիմնովին առարկայական, ոչ կարգախօսային ու բաղձանքային, այլ լրիւ գործնական ու ռազմավարական:
Մէկ խօսքով՝ յայտարարութիւններն ու գործը իրար հակադիր պէտք չէ ըլլան:
Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած ու անոր համար գործող կուսակցութիւնը կոչուած է ծառայելու ժողովուրդին, ըլլալու անոր հետ եւ անոր համար, եւ ինչպէս միշտ պարկեշտօրէն ու վճռական կերպով ներկայացուցած է իր դժուարին ճամբան ու երբեմն անոր իրականացման նիւթական կարիքները, այդպէս ալ կ’ենթադրէ ներկայացնել չիրագործուած ու ձախողած ծրագիրներէն քանի մը հատը անպայման:
Քաջ գիտակցելով, պատմութեան դիմաց կանգնած՝ կ’անդրադառնանք անցեալէն մեզ ժառանգուած պարտաւորութեան, կը ստիպուինք ստանձնել այդ պարտաւորութիւնը եւ քալել դէպի ապագան` ըլլալով յեղափոխական, ազգային ու ընկերային արդարութիւն հետապնդող կուսակցութիւն, անցեալէն դասեր քաղելով` ապագայի ծրագիր մշակել:
Վերջապէս, վերոնշեալ պատմական տուեալները, Դաշնակցութեան էութիւնն ու գաղափարական ուժականութիւնը մեր մտապատկերին մէջ կը քանդակեն եւ կ’արմատաւորեն, թէ որքա՛ն դժուար է Դաշնակցութեան օրուան խորհուրդը ձեւակերպել:
ՀՅԴ հզօր նկարագիրն ու բարոյականութիւնը՝ անոր երեքդարեայ ժառանգը, մեզի կը մղեն յարատեւ պայքարի մարտունակութեան, իրաւունք չունինք աղաւաղելու եւ տկարացնելու զայն: Այս կուսակցութիւնը թուլութիւն եւ տկարութիւն չի ճանչնար: Մեզմէ կը պահանջուի բարոյականի բարձր գիտակցութեամբ եւ գաղափարական հզորութեամբ կրկնակի միտք ու գործ` հեռու ցուցամոլութենէ ու եսակեդրոնութենէ:
Դաշնակցութեան էութիւնը հասկնալով` մենք կը հիմնաւորենք օրուան խորհուրդն ու պատգամը, որ կը խտանան երեք հիմնական յատկանիշներու մէջ` ազգային-հայրենասիրական, յեղափոխական-ազատագրական եւ ընկերվարական-ժողովրդավարական, որոնք բնականաբար ամրագրուած են կուսակցութեան ծնունդէն ի վեր եռախորհուրդ սիւներու վրայ` իբրեւ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
«Դրօշակ», թիվ 10 (1644), հոկտեմբեր, 2020 թ.