Խմբագրական. Զուգընթաց Առաջադրել Ազգայինն Ու Ընկերայինը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)
01 Մայիս 2022
Մայիսմէկեան սկզբունքներու, գաղափարներու եւ առաջադրանքներու ձեւախեղման գործընթացներու ականատես կը դառնանք աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ:
Թէեւ ընկերվարութեան դասական երեւոյթները` գաղափարաբանութիւն, կառոյց, կազմակերպութիւն հսկայական քայլերով նահանջ կ՛արձանագրեն, այդուհանդերձ գաղափարները կը վերափաթեթաւորուին եւ գաղափարաբանական պատկանելիութեան շրջանցումով շրջանառութեան մէջ կը դրուին ծայրայեղօրէն քաղաքականացուած մօտեցումներով:
Հայաստանի մէջ իրավիճակ փոխելու համար առաջ մղուեցան եւ լայն շրջանառութեան մէջ դրուեցան թալանը, փտածութիւնը, կողոպուտը, հարստապետութիւնը, շահագործումը: Երբ անարդար են պետական եւ հասարակական կարգերը, նման կարգախօսներ շատ արագ կը ժողովրդականանան: Ժողովրդականացման կը յաջորդեն փոփոխութեան պահանջը, ընտրարշաւը, խոստումները, ընտրութիւններն ու վարչակարգային փոփոխութիւնը:
Իրավիճակ կը փոխուի՞, թէ՞ իշխանութիւն կը փոխուի այդ բոլորէն ետք: Կը սկսի արուեստական հակասութիւններու ստեղծում ազգայինի եւ քաղաքացիականի, ազգայինի եւ համամարդկայինի, ազգայինի եւ ընկերայինի միջեւ: Հակասութիւնը այլ տեղ ուրիշ կերպարանք կը ստանայ եւ կը վերածուի խաղաղասէրի եւ ռազմատենչի, խաղաղութեան եւ պատերազմի, գործնապաշտի եւ առաւելապաշտի, կամ ազգայինի եւ կենսոլորտայինի, ազգայինի եւ փոքրամասնական իրաւունքներու, ազգայինի եւ սեռային պատկանելիութեան իրաւունքներու կամ ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներու բաժանարարութեան:
Ընկերային հարցերը ազգայինէն տարանջատելու եւ նոյնիսկ հակադրելու այս կեղծ վարքագիծը կը թուի, որ համաշխարհային խաղ է, որուն մէջ կը ներքաշուին կողմերը:
Մայիս 1-ը հետզհետէ կը գունաթափուի, իր մարմնաւորած գաղափարաբանութիւնը ժամանակավրէպ կը նկատուի, այդ գաղափարաբանութիւնը կրող կազմակերպութիւնները քաղաքական դաշտին մէջ կ՛արձանագրեն նօսրացումի միտումներ, այդուհանդերձ անոնց կարգախօսները, դաւանած արժէքները ձեւախեղուած տեսքով աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ կը դրուին եւ կը զանգուածայնանան:
Այստեղ Լիբանանի մէջ, վերը նշուած տարանջատումներուն կու գայ աւելնալու համայնքայինին դիմաց քաղաքացիականը, դասական կուսակցութիւններու դիմաց ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը, պետական գործիչին դիմաց քաղաքացիական գործիչը (աքթիվիստը): Արհեստակցական միութիւնները (սենտիքաները) կը փոխարինուին մարդու իրաւանց ոչ կառավարականներով` այստեղ եւս կառոյցը հնամաշ ներկայացնելով եւ գաղափարը վերավաճառանշելով (ռիպրենտինկ):
Մինչ բանուորները, աշխատաւորները, պաշտօնեաները օրէ օր աւելիով իրենց մաշկին վրայ կը զգան գործազրկութիւնը, աշխատավարձի կտրուկ արժեզրկումը, սղաճը, տարրական-կենսական նիւթեր ապահովելու դժուարութիւնը, դեղորայքէ եւ հիւանդանոցային խնամքէ զրկուելու մտավախութիւնը:
Կը տարուի յստակ քաղաքականութիւն հանրութիւնը համոզելու, որ այս բոլորին պատճառը գործող վարչակարգն է, որ իր քաղաքական արեւելումներուն թէ ապաշնորհ կառավարմամբ ստեղծած է քաղաքացիի ցնցոտիացումի այսօրուան համաժողովրդային պատկերը:
Մայիս 1-ի դաւանած արժէքային համակարգի ընկերային արդարութենէն, աշխատաւորի իրաւունքէն անցումը զուտ քաղաքական դաշտ այսօր կիրարկուող նորաձեւ գործընթաց է:
Հիմա խնդիրը մեզի համար համայնքային ու քաղաքացիականը կամ աւելի ընդհանուր ընկալմամբ ազգայինն ու ընկերային արդարութիւնը հակադրութեան փորձերէ հեռու համատեղելն է ու զուգընթաց առաջադրելը: Ինչ որ հիմնադրոյթներէն մէկն է ՀՅԴ Ծրագիրին:
aztagdaily.com