ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Հազարաւոր Լիբանանահայեր Ազրպէյճանի Դէմ Իրենց Ցասումը Յայտնեցին Բողոքի Ցոյցով Մը

17 Սեպտեմբեր 2022

Բագրատունի. «Ասիկա Սփիւռքի Մէջ Առաջին Քայլն Է Այն Համաժողովրդային Դիմադրութեան, Որ Կը Սկսի Վերատիրանալու Համար Մեր Բռնագրաւեալ Հողերուն»


Այվազեան. «Կը Շրջափակենք Ահաբեկչական Պետութեան Այս Որջը` Աշխարհին Ցոյց Տալու Համար Անոր Գործած Ոճիրները»

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հազարաւոր լիբանանահայեր բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` դատապարտելով Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի գործած յարձակումը, թշնամական արարքներն ու խաղաղ բնակչութիւնը ռմբակոծելու անոր արարքները:

Պուրճ Համուտի թաղերուն եւ Լիբանանի հայահոծ բոլոր շրջաններուն մէջ ժամը 5:00-էն սկսեալ կար տարբեր տեսակի եռուզեռ մը: Լիբանանահայութիւնը կը պատրաստուէր խուռներամ ուղղուելու Այն Աար եւ ահաբեկիչ պետութեան դեսպանատան դէմ բարձրացնելու բողոքի իր ձայնը` Հայաստանի դէմ անոր գործած զինուորական գործողութիւններուն, քաղաքայիններուն դէմ անոր գործած բռնութիւններուն եւ նահատակ զինուորականներուն դիակները պղծելու անոր արարքներուն դէմ:

Բազմամարդ այս ցոյցին լիբանանահայութիւնը մասնակցեցաւ իր մեծով ու պզտիկով, պատանիով ու երիտասարդով, տարեցով ու երեխաներով:

Եռագոյնի, Արցախի դրօշներու, եւ Ազրպէյճանի արարքները դատապարտող պաստառներով ցոյցը սկսաւ կանչերով, որոնք հաստատեցին, որ լիբանանահայութիւնը կը մնայ կառչած իր պայքարին եւ Հայ դատին, կը պահանջէ արդարութիւնը եւ ոչ մէկ ձեւով պատրաստ է ընդունելու, որ հայրենի հողերու զիջում կատարուի թշնամիին:

Ցոյցին ընթացքին հրկիզուեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի դրօշը:

Ցուցարարներուն անունով արաբերէնով խօսք արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան, որ հարց տուաւ լիբանանահայերուն, թէ ի՞նչի կը սպասեն, մինչեւ ե՞րբ պէտք է լուռ մնան, մինչեւ ե՞րբ պէտք է դիտորդի դիրքին մէջ մնան:

«Պատմական մեր թշնամին իր ոճրային սուրով վերադարձած է, զայն Հայաստանի եւ Արցախի ձեր եղբայրներուն վիզին ուղղելու համար: Պատմութեան եւ Հայաստանի հողին խորքերուն մէջ թափանցած ձեր արմատներուն դէմ անգամ մը եւս արմատախիլ դառնալու սպառնալիքներ կան` սելճուք եւ թաթար հորդաներուն թոռներուն կողմէ:

Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, որուն դէմքին 100 տարի առաջ թքնեց հայ անուանի բանաստեղծ Սիամանթոն (Ատոմ Եարճանեան), մինչեւ ե՞րբ պիտի ենթարկուիս չարիքի ամպերէն թափող հեղեղներուն», հարց տուաւ ան:

Լ. Այվազեան իր խօսքը ուղղեց միջազգային ընտանիքին, որ պատմութեան ընթացքին անտեսած է հայոց արհաւիրքները: Ան հարց տուաւ անոր, թէ մինչեւ ե՞րբ իր շահերը աւելի գերադաս պիտի նկատէ, քան` արդարութիւնը:

«Սակայն ո՞վ է մեզի լսողը: Ի՞նչ մնացած է մեզի յեղափոխութենէն եւ ցասումէն բացի: Երեքշաբթի, 13 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ թշնամիները կը շարունակեն այն, ինչ որ նախապէս սկսած էին: Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յարձակումներ` թրքական զօրակցութեամբ, իսկ հայկական բանակի նահատակներուն թիւը աւելի քան 135 է, արդէն իսկ:

Հայաստանի մէջ այսօրուան պատահածը նոյնն է, ինչ որ կը պատահի Արցախի, Ուքրանիոյ, Քոսովոյի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Այս բոլորը հեռու չեն նաեւ թուրք-յունական տագնապէն», հաստատեց ան:

Լ. Այվազեան ընդգծեց, որ այսօր այլեւս ուժի մէջ կարելի չէ նկատել հին համաձայնագիրները, եւ ժամանակն է փոխելու ուժի հաւասարակշռութիւնները եւ հաստատելու նոր քարտէսներ ու նոր համաձայնագիրներ:

«Սայքս Փիքոյի, Վերսայի, Սեւրի եւ Մոսկուայի համաձայնագիրներէն ետք, որոնց մէկ մասը նաեւ չէ գործադրուած եւ որոնք արդէն իսկ աւելի քան դար մը ծառայած են, ժամանակը հասած է Լոզանի խորհրդաժողովի 100-ամեակին, որ իր վերջին շունչը կը փչէ: Փոփոխութեան այս դարուն մարդ պէտք է իր գլուխը պահէ, իսկ հաւաքականութիւնները պէտք է իրենց գոյութիւնն ու ապահովութիւնը ամրապնդեն», շեշտեց ան:

Լ. Այվազեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն գործածը անակնկալ չէ, որովհետեւ կը հետապնդէ հետեւեալ նպատակները.

«Ա.- Օգտագործել Ուքրանիոյ ու Կովկասի մէջ ռուսական անզօրութիւնը եւ իր դիրքերն ու միջոցները բարելաւել, ինչպէս նաեւ կամուրջներ երկարել դէպի Թուրքիա, որ իր բաժինը կը պահանջէ այն շահերէն, որոնց չէր կրցած տիրանալ 2020-ին: Բ.- Բարելաւել Արցախի շուրջ բանակցութիւններու իր դիրքը եւ փակել Հայաստանի ու Իրանի միջեւ Մեղրիի պատմական միջանցքը: Գ.- Թուրքիոյ ճամբով դէպի Եւրոպա արտահանուող ազրպէյճանական կազին սակը բարձրացնել` նիւթական եւ ռազմավարական կերպով: Այս կազը, որ Եւրոպայի մղձաւանջը դարձած է:

Ան շեշտեց, որ այս բոլոր պատճառներուն համար եւ բողոքելով Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական զինեալ գործողութիւններուն դէմ, «այսօր հաւաքուած ենք հոս, հազարներով, շրջափակելու համար այս ոճրագործ բորենիներուն որջը, Ազրպէյճանի ահաբեկիչ պետութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած, քաղաքայիններ ու գերիներ բռնութիւններու ենթարկած բռնակալ Իլհամ Ալիեւի դեսպանատունը: Ինչպէս միշտ կը շրջափակէինք թրքական դեսպանատունը` 24 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին ընթացքին, պիտի շրջափակենք զանոնք աշխարհի տարածքին, ուր որ հայկական գաղութներ կան, որպէսզի ցոյց տանք բոլորին անոնց ոճիրները, բացայայտենք անոնց արիւնարբու ըլլալու իրականութիւնը եւ աշխարհին յիշեցնենք, թէ չկայ իրաւունք մը, որ կը մեռնի, եթէ զայն պահանջող կայ: Մեր կամքով ու կորովով պիտի հեռացնենք Հայաստանն ու Արցախը պատած չարիքի սեւ ամպերը: Մեր կորովով ու վճռականութեամբ պիտի հեռացնենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած հայկական հողերը պատող չարիքի մութ ամպերը, որպէսզի արդարութեան արեւը դարձեալ բոցավառի:

Յաղթանա՛կ` Հայաստանի եւ Արցախի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:

Փա՛ռք պատմութեան ընթացքին Հայաստանի հողին, ժողովուրդին ու քաղաքակրթութեան պաշտպանութեան համար ինկած բոլոր նահատակներուն»:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հետեւեալ խօսքը ուղղեց ցուցարարներուն.

«Սիրելի՛ ժողովուրդ, երիտասարդներ եւ պատանիներ, հայրենիքին համար ձեր կեանքը տուող քոյրեր եւ եղբայրներ: Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին շատ պարտութիւններ կրած է, բայց մենք ապրած ենք եւ կը շարունակենք ապրիլ: Այսօր լիբանանահայութեան այս ցոյցը ազրպէյճանական թշնամիին դեսպանատան դիմաց առաջին քայլն է սփիւռքի մէջ այն համաժողովրդային դիմադրութեան, որ պիտի սկսի: Պիտի սկսի, որպէսզի դարձեալ վերատիրանանք Արցախին, որպէսզի դարձեալ վերատիրանանք Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած հայաստանեան հողերուն: Մեր ժողովուրդէն կ՛ակնկալենք պատրաստակամութիւն, զգօնութիւն, ինչպէս նաեւ կ՛ակնկալենք, որ պատրաստ ըլլան հայրենիքի կանչին:

Մեր ժողովուրդէն կ՛ակնկալենք, որ բոլորս մէկ` պատանիէն մինչեւ երէց, բանուորէն մինչեւ ուսանող, մինչեւ համալսարանի դասախօս, մինչեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ըլլանք հայութեան կողքին: Մեզի ծունկի բերողը չէ ծնած, մեզի աղաչողի դրութեան մէջ դնողը չէ ծնած, իսկ հայրենիքը յանձնողը չի կրնար շարունակել ղեկավարել մեր ժողովուրդը Հայաստանի մէջ:

Թշնամին լաւ գիտէ յաղթել, երբ ներքին թշնամիներ կան: Թշնամին լաւ գիտէ յաղթել, երբ ներքին գործակալներ կան: Մեզմէ հեռու ամէն տեսակի դաւադրութիւն, ամէն տեսակի դաւաճանութիւն, մեզմէ հեռու ամէն տեսակի հաշտութիւն:

Մենք մեր թշնամի երկիրներուն հետ կրնանք հաշտուիլ այն ատեն միայն, երբ ազատագրուի Արցախը, երբ ազատագրուին Հայաստանէն բռնագրաւուած հողերը, երբ ազատագրուի Արեւմտեան Հայաստանը, երբ թուրքը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Ազրպէյճանի դեսպանատունը հոս, երեք օրէ ի վեր դատարկ է, փախած են. փախած են, որովհետեւ վախցած են: Իսկ մենք չենք վախցներ, որովհետեւ իրաւունքը մեզի է: Կը վախնայ ան, որ իրաւունք չունի: Կը վախնայ ան, որ սադրանքներով կրնայ յաջողիլ իր կեանքին մէջ:

Սիրելի՛ ժողովուրդ, ձեր այսօրուան օրինակելի այս ցոյցը սկիզբ է: Քիչ ետք աւարտելիք այս ցոյցը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ սփիւռքի մէջ, Հայաստանի մեր ժողովուրդին մօտ, Արցախի մեր ժողովուրդին մօտ, եւ վստահ եղէ՛ք` Արեւմտահայաստանի մեր ժողովուրդին մօտ:

Պայքարը երկար է սիրելիներ: Յարատեւ պայքար տանողը միայն կը յաղթէ, յարատեւ պայքար տանողը միայն ոտքի կը մնայ:

Երեք հազար տարուան կեանք ունեցող մեր ժողովուրդը պիտի ապրի, պիտի ապրի, որովհետեւ դուք կաք, որովհետեւ ձեզի պէս ժողովուրդ ունինք, որովհետեւ ձեզի պէս երիտասարդութիւն ունինք:

Ապրի՛ք, հազար ապրի՛ք:

Ապրի՛ Հայաստանը, ապրի՛ մեր ժողովուրդը, ապրի՛ Արցախը, Ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանը»:

Ցոյցը աւարտեցաւ «Արիւնոտ դրօշ»-ի երգեցողութեամբ:



aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանի «ուխտերթը» շոու է

Եկեղեցին վերքաղաքական կառույց է, բայց տեսնում ենք, որ Փաշինյանը փորձում է քաղա

06 Հունվար 2026
Մենք անսասան կը մնանք մեր ազգային օրակ

Այս ազգային օրակարգին ուղղութեամբ արդիւնաւէտ աշխատանքը կը պահանջէ Հայաստանի մէ

06 Հունվար 2026
«Թևանիկ»-ը շարունակում է Ամանորին ուրա

Արցախում 2014 թվականից տարբեր ծրագրեր իրականացրած «Թևանիկ» բարեգործական կազմակ

05 Հունվար 2026
Ակնարկ. Ներիրանեան Իրադարձութիւններն Ո

Ներիրանեան իրադարձութիւնները գրաւած են համաշխարհային լրատուադաշտի կարեւորագոյն

05 Հունվար 2026
«Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկի Խմբագրակ

«Ազդակ»-ի բացառիկի խմբագրականի նեղ սահմանները չեն բաւեր փակուող տարուան կարեւո

05 Հունվար 2026
Թունաւոր Գրասենեակը. ինչպէ՞ս սփիւռքեան

«Ան որ կը տիրէ սփիւռքը, կը տիրէ Հայաստանի Հանրապետութեան ապագան» — գաղափար մը

03 Հունվար 2026
Խմբագրական. 2025 թուականը՝ զիջումների

2025 թուականը պարզաբանեց այն, ինչ 2024 թուականը փորձեց թաքցնել։ Արցախի էթնի

03 Հունվար 2026
Լիբանանահայութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Հ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան «Վանայ ձայն»-ի

03 Հունվար 2026
Ակնարկ. Բացակայ Հայեցակարգ` Հայկական Գ

Կազայի հակամարտութեան ենթադրեալ փուլային հանգուցալուծման եւ լիբանանեան թղթածրա

03 Հունվար 2026
Ձեր գործունեության արդյունքում է, որ հ

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան Սա

02 Հունվար 2026
Միշտ ձեզի հետ. Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Միհ

Կը տեղեկացնենք յարգոյ հասարակութեան, թէ 2026-ը կը զուգադիպի Մոնթրէալի ՀՅԴ Միհր

02 Հունվար 2026
Արցախի ու արցախահայութեան իրաւունքներո

«Հորիզոն»-ի ամանօրեայ ամփոփիչ հարցազրոյցը ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկ

01 Հունվար 2026
Թող գալիք տարին լինի վերադարձի հույսի

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Թող գալիք տարին լինի վերադարձի հույսի ու պայքարի տար

31 Դեկտեմբեր 2025
Իրավունք չունենք հուսահատվելու

2025-ը «Ապառաժ»-ն ամփոփում է ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական կոմիտեի ներկայացուցիչ Արա

31 Դեկտեմբեր 2025
Հաւատքի, Պայքարի Եւ Յաղթանակի Նոր Տարի

Ժամերու տարբերութեամբ կը փակենք մեր ժողովուրդի վերջին տասնամեակի ամենադժխեմ տա

31 Դեկտեմբեր 2025
Սա ընդամենը Փաշինյանի վրեժխնդրության և

Դատախազությունից ստացել եմ ծանուցում՝ ինձ, իմ ընտանիքի անդամներին և հարազատներ

31 Դեկտեմբեր 2025
Հ. Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատուն

Այս առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2025-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւ

31 Դեկտեմբեր 2025
Նոր Տարի, Նոր Յոյսեր

2025 թուարկումով տարուան վերջին օրն է այսօր: Գիշերը պիտի դիմաւորենք Նոր տարին:

31 Դեկտեմբեր 2025
Հա­յութեան ճակատագրական խաչմերուկը

­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, հայ ժո­ղո­վուր­դը տա­րին կը բո­լո­րէ կա

31 Դեկտեմբեր 2025
Բագրատունի. «Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ն

30 Դեկտեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company