«Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկի Խմբագրական. Մայրամուտը Փոխարինելու Համար Արեւածագով
05 Հունվար 2026
«Ազդակ»-ի բացառիկի խմբագրականի նեղ սահմանները չեն բաւեր փակուող տարուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն վերլուծականը կատարելու: Բացառիկը ըստ էութեան դիմաւորելի տարուան` 2026-ին առաջին համարն է, հետեւաբար մեկնող տարուան իրադարձութիւններու նշումները պէտք է հիմք ծառայեն ուղենշելու համար գալիք տարուան սպասուած հիմնական ըլլալիքները:
Երկու ճակատագրորոշ իրադարձութիւն մեզ կը սպասեն ամիսներ ետք: Առաջինը Հայաստանի հանրապետութեան համապետական ընտրութիւններ են, որոնց արդիւնքը պիտի ճշդէ հայրենիքի հետագայ ընթացքը, հունը եւ ընդհանրապէս դիմագիծը: Իբրեւ բնութագրում շատ օգտագործուեցաւ «գոյաբանական խնդիր» ձեւակերպումը: Իշխանութիւններու վերարտադրութիւնը արգելակելու համար, ընդդիմութեան միաւորումը, միասնական ճակատով խորհրդարանական ընտրութիւններուն ներկայանալը, եւ իշխանափոխութիւն իրականացնելը իբրեւ հրամայական ստացած են գոյութենական խնդիրի լուծման ճանապարհին անպայման յաղթական դուրս գալու միակ ընտրանք ըլլալու հանգամանք:
Պետութեան վերազգայնացումը պարտադիր առաջադրանք է բոլոր այն ուժերուն համար, որոնք գործող իշխանութիւններուն մօտ կը նկատեն երկիրը էովին փոխելու, կայացած արժէքային համակարգը տապալելու եւ ազգը երկփեղկելու քաղաքականութիւն: Իսկ արտաքին ճակատի վրայ նոր յանձնուողականութեան համար պատրաստակամութիւն դրսեւորելու, պատերազմէ խուսափելու անվերջ պատրուակներու տակ խաղաղութեան կեղծ օրակարգեր իրականացնելու ցնցումներով յատկանշուող վարքագիծի դրսեւորումներու շարքի: «Կանխել մայրամուտ»-ը խորագիրով յօդուածաշարք ստորագրած էր Վահան Յովհաննիսեանը: Մայրամուտի շողերը թափանցած են արդէն Հայաստանի պետական եւ հասարակական դաշտերուն մէջ: Համապետական ընտրութիւններու արդիւնքները այդ շողերը կրնան չէզոքացնել եւ փոխարինել արեւածագի ցոլքերով:
Անկիւնադարձային հանգրուանի առջեւ է նաեւ Լիբանանը: Տարածաշրջանին մէջ նոր իրավակիճակ է: Կը կատարուի Իրանի դերակատարութեան վերասահմանում, սուրիական նոր իշխանութիւններու հաստատումով անցումային փուլերու անորոշութիւններ եւ նոր ցնցումներ կը գրանցուին: Արաբական երկիրներ եւ Իսրայէլ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթաց կը թելադրուի: Իրաւամբ, քաղաքական նոր քարտէսի գծումի ընթացքի մէջ է ամբողջ տարածաշրջանը:
Լիբանանի ներքին դաշտի խճանկարը եւս կը վերաձեւաւորուի: Տարին յատկանշուեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, վարչապետի նշանակումով եւ կառավարութեան ձեւաւորումով: Համակարգային փոփոխութիւններու առաջադրանքներ կը հնչեն Լիբանանէն դուրս եւ Լիբանանի մէջ: Հերթը խորհրդարանինն է: Խորհրդարանական ներկայութիւնները ապահամայնքայնացնելու եւ ապակուսակցականացնելու ընդհանուր միտումները կը փորձեն համատեղուիլ համակարգային փոփոխութիւններուն հետ:
Այս հանգամանքներով ալ առաջնային է համայնքային ներկայացուածութիւնը պետական դաշտին մէջ ապահովելու ընդհանուր սկզբունքի գործադրութիւնը: Շատ բան կախեալ է զանգուածէն, հաւասարակշիռ քաղաքականութենէն, մէկ ճամբարէն միւսը արագ ոստումներ չկատարելու կշռադատութենէն եւ համայնքի շահերը գերադասելու կամքէն ու կարողութենէն: Այս համայնքը բոլոր ժամանակներէն աւելի հրամայականին առջեւ է միասնական, կուռ եւ համընդհանուր շահերու ձգտող որոշումներ կայացնելու ունակութենէն եւ համապատասխան մարդուժէն:
Ազգային, համայնքային եւ քաղաքական այս ուղղութիւններէն բացի, կայ «Ազդակ»-ի ընտանիքին եւ իր շուրջ համախմբուած ընթերցողներու եւ աջակիցներու բանակին համար սկսելի տարուան համար կարեւորագոյն բնութագրում: Նախապատրաստութեան տարի: «Ազդակ»-ի ծրագիրները պէտք է մշակուին եւ փուլ առ փուլ իրականանան թերթի հիմնադրութեան 100-ամեակին ընդառաջ: Մաղթելով որ «Ազդակ» արեւածագի լուրեր եւ անոնց վերաբերող մեկնաբանութիւններ եւ վերլուծումներ կը հրապարակէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ լիբանանահայութեան պարագային:
«Ազդակ»
