Հոգեհանգիստ` Առանց Հոգեկան Հանգիստի
15 Նոյեմբեր 2022
Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուած հոգեհանգիստի պաշտօնի աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի արտասանած խօսքը:
Այսօր եկած ենք այստեղ` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անցեալի նուիրեալներու պանթէոնին առջեւ, անոնց եւ իրենց այլուր յաւիտենապէս ննջող նմաններու հոգիներու հանգստեան համար խոկալու եւ աղօթելու: Մեր ննջեցեալներու հոգիներու հանգիստը մեր օրերուն ապահովելը չափազանց դժուար իրագործելի փափաք մըն է. քիչ առաջ աղօթեցինք իրենց հոգւոյն հանգստութեան համար եւ խոնարհեցանք իրենց յիշատակին առջեւ: Վերացանք եւ վայրկեան մը իրենց հաղորդակից եղանք ի վերին Երուսաղէմ: Վստահ չեմ, որ զիրենք հանգստացնելու մեր փորձը յաջող անցաւ, ինչ որ ներկայ պայմաններու մէջ ըմբռնելի է: Հայութեան եւ Հայաստան աշխարհի վիճակը նկատի ունենալով, ի՛նչ ալ ընենք, ի՛նչ ալ խօսինք, չենք կրնար զանոնք հանգստացնել: Իրենք ալ, փոխադարձաբար, մե՛զ հանգիստ չեն ձգեր, ո՛չ ալ պիտի ձգեն, այնքան ատեն որ առկայ են հայութեան ու Հայաստանի ապագայ գոյութեան սպառնացող վտանգները, որոնք մեր դիմաց ծառացան Հայաստանի ներկայ ապաշնորհ իշխանութիւններու, միտումնաւոր թէ ակամայ, բայց ամէն պարագայի ազգային բանականութիւնը դրժող որոշումներուն եւ գործունէութեան իբրեւ հետեւանք:
Թէ ինչպէ՛ս հոս հասանք, ո՛վ այստեղ հասցուց, աւելի քան քառամեակ մը արդէն հանրածանօթ է, քանի ամէն ինչ տեղի ունեցաւ բոլորին աչքին առջեւ:
Նոր Հայաստանի առաջին գործերէն եղաւ Հայաստանի հասարակութեան պառակտումը` սեւ-սպիտակ, նոր-նախկին, այս ու հակառակը եւ այսպէս շարունակաբար. մէկ խօսքով` մենք ու մեր տան քովի հայ դրացին` թշնամին. ոչ իսկ հակառակորդը, այլ` գլխագիր թշնամին:
Ամբողջական հակակշռի տակ առնուեցաւ Սահմանադրական դատարանը. այս հաստատութեան ստորագրութիւնը վերջաւորութեան անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, որպէսզի օրինական կերպարանք ստանայ հայկական պետութեան անձնատուութեան աւարտական փաստաթուղթը: Այս գործողութիւնը կարելի դարձաւ օրէնսդրական աճպարարութիւններով. ան դիւրացաւ մանաւանդ, երբ ՀՀ երբեմնի նախագահը հրաժարեցաւ իր արդէն իսկ վտիտ իրաւասութիւններէն:
Արդարադատական համակարգը, ժամանակի ընթացքին կատարուող օրէնսդրական փոփոխութիւններով եւ ճնշումներով, կարեւոր չափով իշխանութեան կարգին լծուեցաւ` ծառայելով ընդդիմադիրներու լռեցման եւ, յաճախ, կամայական կալանաւորման: Այս գործողութիւնները կարելի դարձան Ազգային ժողովին մէջ լայն մեծամասնութիւն մը ապահովելով, սկիզբը` 2018-ի մայիսի փոփոխութեան պատճառած համատարած գերխանդավառ մթնոլորտի շլացուցիչ լուսարձակներուն տակ, յաջորդները` լայնօրէն ի գործ դնելով մեծամասնութեան տրամադրութեան տակ գտնուող պետական լծակները:
Դեռ իշխանափոխութենէն բաւական առաջ եւ անկէ ետք իշխանափոխութիւնը պարտադրած ուժերուն կողմէ հրապարակային պայքար շղթայազերծուեցաւ բանակին վարկին դէմ` ակնբախօրէն զայն տկարացնելու եւ անոր վայելած ժողովրդային վստահութիւնը նսեմացնելու նպատակով: Իշխանափոխութենէն ետք բանակին դէմ քարոզչական պայքարը շարունակուեցաւ. նաեւ` սպայական կազմի Արցախի առաջին յաղթական պատերազմի ընթացքին իրենց արիութեան, կարողութիւններուն եւ հայրենասիրութեան շնորհիւ աչքի զարկած սպաները այս թէ այն պատրուակով դրուեցան բանակի լուսանցքին վրայ: Նախորդ իշխանութիւններուն կողմէ արդէն կատարուած զինամթերքի ու մանաւանդ պաշտպանողական համակարգերու ձեռքբերման ապսպրանքները չեղեալ նկատուեցան գերագոյն հրամանատարին կողմէ. անոնք փոխարինուեցան գերարդիական ռազմական օդանաւերու գնումով. վերջինները անհրաժեշտ չէին երկրի պաշտպանութեան համար: Կարճ` ՀՀ առաջին նախագահի Հայաստանը միայն խորհրդանշական բանակով մը ապրեցնելու անձնասպանական քաղաքական ծրագրի իրականացումը ժրաջան կերպով հետապնդուեցաւ:
Միաժամանակ լուրջ հարուած հասցուեցաւ Արցախի հիմնահարցի նիւթով աւելի քան երկու տասնամեակ տեւած բանակցութիւններու թղթածրարին: Բանակցութիւնները յանգած էին կէտի մը, ուր Հայաստան ու Ազրպէյճան պէտք էր ստորագրէին միջնորդ եռեակին կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթը, որ կ՛ապահովէր Արցախի կարգավիճակի վճռումը` հիմնուելով ինքնորոշման սկզբունքին վրայ: Ազրպէյճանի նախագահը կը մերժէր ստորագրել: Հաւանականութիւնը մեծ էր, որ խնդիրը ուղղուէր դէպի բախում. սակայն ատակ կառավարումով, դիւանագիտական արհեստավարժ աշխատանքով եւ մարտունակ բանակով միշտ կարելի կ՛ըլլար բախումի վտանգը հեռացնել:
Իշխանափոխութեամբ պատերազմը եկաւ անխուսափելիօրէն, որովհետեւ առաջին օրէն իսկ գերագոյն ղեկավարը յայտարարեց, որ Արցախի խնդիրի քննարկումը պիտի սկսի զերոյէն, յետոյ որ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», յետոյ` ռազմավարական դաշնակիցի հետ յարաբերութիւններու զգալի վատթարացում. ամէն բանի նախապատրաստում, որպէսզի պաշտպանութեան բանակի գործը ա՛լ աւելի դժուարանայ:
Պատերազմի առաջին օրը գերագոյն հրամանատարը իր չակերտաւոր «սարդարապատեան» ճառին մէջ կրկնելով յայտարարեց, որ նոյնիսկ պարտութեան պարագային մենք պարտուած չենք ըլլար, եթէ ներքնապէս յաղթական զգանք: Ինքզինք յաճախ Յիսուս Քրիստոսին բաղդատողը խօսեցաւ Անոր նման` այլախօսութեամբ: Կ՛երեւի իր ենթագիտակցութեան մէջ իր անձնական յաղթանակը հայութեան իրական պարտութեան կը համապատասխանէր: Յամենայն դէպս մինչեւ այսօր գերագոյն հրամանատարը երբեք պարտուած զգալու երեւոյթը չունի, բայց պատրաստ է ամէն ինչ տալու, որ իրմէ կը պահանջուի` յօրինելով նաեւ իր արարքներուն իրաւացիութիւնը ներհայկական սպառումի համար: Վերջին օրերուն միայն սլաքները ուղղուեցան դէպի թշնամի երկրի նախագահը. անհեթեթի մահացու թատրոն, գերազանցապէս ազգակործա՛ն:
Փաստ է նաեւ, որ Արցախի հիմնահարցի մասին նշաձողի դէպի զերօ նուազումի գաղափարը վարչապետին գիւտն է:
Արցախը ի՛նքն էր, որ անցնող հոկտեմբեր 30-ին ՀՀ իշխանութեան եւ միջազգային հասարակութեան հակադրուելով` փորձ ըրաւ օրակարգը վերադարձնելու իր բուն հունին մէջ. Արցախը գոռաց իր ՈՉ-ը ժողովուրդով ու ղեկավարութեամբ` խանգարելով բոլոր այն գրասենեակները, որոնց համար խաղին ելքը արդէն վճռուած կը թուէր:
Այդ ՈՉ-ը անմիջականօրէն կ՛իմաստաւորէ նաեւ այսօրուան հոգեհանգիստը: Ննջեցեալներու հոգին հանգստանալու յոյս ունի գոնէ: Աւելի քան 130 տարիներու անցեալով կազմակերպութեան մը պարագային, անցեալի գործիչները ընդօրինակելի բնորդ են նորերուն համար. անոնք մաս կը կազմեն Դաշնակցութեան ոգեկան ղեկավարութեան մեծ փաղանգին: Իսկ անոնց հոգեկան հանգիստը կը լիանայ, հոգեհանգիստը կատարեալ կ՛ըլլայ, եթէ ժառանգորդները կարենան գերազանցել բնորդները: Ատիկա՛ պէտք է դարձնել ՄԵ՛Ր նշաձողի նուազագոյն բարձրութիւնը` զգալիօրէն բարձրացնելու համար, ինչպէս միշտ եղած է, անկարելին կարելի դարձնելու հաւանականութիւնը:
Յաւիտեանս կեցցէ՛ իրենց երդումը անտրտունջ լիովին իրացուցած դաշնակցական բազմաթիւ սերունդներու յիշատակը:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Պուրճ Համուտ, 13 նոյեմբեր 2022
aztagdaily.com