Լիզպոնի Վերանորոգ Պատգամը` «Միայն Զէնքով Կայ Հայոց Փրկութիւն»
27 Հուլիս 2023
40 տարի առաջ այս օրը հայութեան նկատմամբ կատարուած թրքական ոճիրը անտեսող «քաղաքակրթուած» աշխարհը ցնցուեցաւ Լիզպոնի մէջ անձնազոհութեան բացառիկ գործողութեամբ, երբ հինգ հայ հերոսներ գիտակից մահով ընտրեցին նահատակութեան ուղին` որակական նոր մղում տալով Հայ դատի հետզհետէ ծաւալող ուժական պայքարին:
Ցնցուեցաւ նաեւ ամբողջ հայաշխարհը հանգիստի իր թմբիրին մէջ, Լիզպոնի անձնազոհերը եկան վերյիշեցնելու, որ յուշագիրներն ու խաղաղ դիւանագիտութիւնը իմաստազուրկ են, երբ անոնց ետին չկան` պողպատեայ բազուկ, անկոտրում կամք, ամէնէն թանկագինը ազգին ու Դատին նուիրաբերելու վճռակամութիւն եւ հաւատք:
Ցնցուեցաւ թշնամի Թուրքիան, որ տասնամեակներ ամբողջ խաղաղասէր ու հաշտուող հայու տիպարէն անդին` ականատես եղաւ երիտասարդութեամբ վերընձիւղուած պայքարի նոր ոճի մը ու գիտցաւ, որ իր առջեւ կը բացուի հայութեան ու աշխարհի հետ Հայոց ցեղասպանութեան առերեսուելու նոր ու կնճռոտ փուլ:
Լիզպոնի գործողութիւնը քաղաքական կամ զինեալ պայքարի ընդունուած բառամթերքով պարզ անձնասպանական գործողութիւն չէր:
Բացարձակ ու բացառիկ խորքային իմաստով Լիզպոնը անձնազոհութեան գիտակցական անվիճելի աքթ էր:
Լիզպոնի հերոսները պարզ, բայց տեսլական ունեցող երիտասարդներ էին:
Աշխատանք եւ քրտինք ունէին:
Ծնողք եւ ընտանիք ունէին:
Սէր ունէին եւ ապագայ:
Ժառանգորդներն էին հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի հերոսաշունչ աւանդին, պատմական նախանձախնդիր հայ մարդու արարատադրոշմ տիպարին:
Անձնական կեանքը անոնց` ստորադաս էր հաւաքականին:
Սեփական երազները ոչինչ` իրենց հոգիները այրող հաւաքական երազներուն, Հայաստանի ու հայութեան փայլուն ապագային, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման հետ բաղդատած:
Արա, Սիմոն, Վաչէ, Սագօ եւ Սեդօ Հայաստանը չէին տեսած, բայց ամէն օր կ՛այրէին Հայաստանով:
1983-ին ոչ ոք կը յիշէր Արցախը:
Խորհրդային Հայաստան կ՛ապրէր համայնավար բռնատիրութեան լուծին տակ:
Քաղքենիացած սփիւռքը կը շարունակէր իր սովորական կեանքը:
27 յուլիս 1983-ին Լիզպոնի թրքական դեսպանատունէն անձնազոհները, պայթեցնելով իրենք զիրենք, պայթեցուցին Հայ դատի հետապնդման նոր փուլ` հայրենիքի, ամբո՛ղջ հայրենիքի ազատագրման նոր ճանապարհ:
Շարունակելով նախնիներու երթը` անոնք ցոյց տուին համայն աշխարհին ու հայութեան, որ ամուր է կամքը, յարատեւ է պայքարը, կարելի է անկարելին կարելի դարձնել, երբ կան հաւատք, մարտունակութիւն, ուժ եւ անձնազոհութեան խիզախութիւն:
Հինգ տարի ետք Արցախը պոռթկաց: Հայաստանը անկախացաւ:
Լիզպոնը վստահաբար հիմնական մղիչ ուժ դարձաւ հայ ժողովուրդի ինքնազարթօնքին, հպարտութեան վերադարձին, իրաւունքներու ձեռքբերման համար ամէն ինչ զոհելու անվիճելի ճշմարտութեան եւ անհրաժեշտութեան վերահաստատումին:
40 տարի ետք վիրաւոր են Հայաստան, Արցախ եւ հայութիւն:
Յանձնուած է Արցախը թշնամիին,
Վտանգուած է Հայաստանը,
Հիասթափ է հայութիւնը:
Մոռացումի կը տրուին հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած հերոսները:
Նիւթականը, անձնականը, զեխութիւնը, սուտը, կեղծիքը, ձեւականը, արարողականը, սնամէջ դիւանագիտական նկրտումները, արհեստական` սակայն դիտումնաւոր պառակտումները, քաղաքականի փոխարէն տնտեսական հայ մարդ ստեղծելու փորձերը, հանգիստ ու բարօր կեանք` փոխանակ ազատ միտք, իրաւունքներու տէր եւ հզօր հայ ունենալու վճռակամութիւնը, արմատ կը նետեն ամէն օր, ամէն տեղ:
Եւ Լիզպոնի «խենթերը» կը դիտեն մեզ իրենց փառաւոր անդենականէն:
Թերեւս կը նզովեն նաեւ: Վստահաբար հանգիստ չեն անոնց ոսկորները, հոս` Պուրճ Համուտի մէջ:
Անոնք կը հանդիպին Արցախի ազատագրութեան պայքարին ինկած հերոսներուն: Կը հանդիպին Եռաբլուրի մէջ հանգչող «անհանգիստ» զինուորներուն եւ ազատամարտիկներուն:
Ու իրենց կը հասնի, կանչը:
Դարձեա՛լ ոտքի, մի՛շտ ոտքի:
Անձնազոհութեամբ միայն հայրենիք կը պահուի:
Անոնք կ՛ըսեն անպայման. «Միա՛յն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:
Չենք կրնար, իրաւունքը չունի՛նք խուլ ձեւանալու Լիզպոնի կանչին:
Եւ չենք կրնար ուշանալ:
Այսօր ուշ է արդէն:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
aztagdaily.com