Այս Կիսանդրին Փոթորիկ Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Հրաւէրն Է Նոր Փոթորիկներու*
10 Օգոստոս 2023
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակով գօտեպնդուելու եկած սիրելի՛ մուսալեռցիներ եւ հայրենակիցներ,
Առաջին հերթին` շնորհակալութիւն «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ ընկ. Յակոբ Ճամպազեանին` ընկ. Զէյթլեանի կիսանդրիի հաստատման եւ բացման այս հանդիսութեան համար, հանդիսութիւն, որ բազմակողմանի նշանակութիւն ունի:
Կը պատկանիմ բախտաւորներու այն սերունդին, որ վայելած է ընկ. Ս. Զէյթլեանի եւ իր նմաններուն ներկայութիւնը, լսած է զայն, աշխատած է անոր հովանիին տակ ու շատ բան սորված է անկէ:
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւն, Մամլոյ դիւան, պատերազմի օրերուն, բանակումներ թէ ժողովական կեանք` միշտ տեսած ենք զինք ու ապրած` ընկ. Սարգիսի շունչը:
Ինծի համար ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի անձը կը բնութագրուի հետեւեալ յատկանիշներով.
– Գաղափարական ուժեղ մարդ,
– Կազմակերպական բացառիկ կարողութիւններու տէր,
– Քաղաքական խորաթափանց եւ կանխատեսող միտք,
– Մարտական անհատականութիւն,
– Աշխատանքի, բծախնդիր եւ յարատեւ աշխատանքի մարդ:
Պահ մը երեւակայենք ընկեր Սարգիս Զէյթլեանին անձը: Հո՛ն, ուր որ ըլլար, փոթորիկ էր: Անոր մուտքը, քայլուածքը, շարժուձեւը, արտայայտած միտքերը, երբեմն երիտասարդութեան հետ հակասական կարծիքներու բախում ստեղծելու դաստիարակչական մօտեցումը (այսօրուան քննական մտածողութենէն տասնամեակներ առաջ) իրենց ամբողջութեան մէջ փոթորիկ էին` ընկ. Սարգիսի անձով մարմնաւորուած:
Ընկ. Զէյթլեան առեւանգուեցաւ, որովհետեւ ուժեղ էր եւ կը պատկանէր, կը ղեկավարէր ուժեղ կուսակցութիւն:
Ինք եւ իր գործակիցները վտանգ էին բոլոր անոնց, որոնք չէին ուզեր հայութիւնը ուժեղ տեսնել եւ կը ձգտէին սադրանքներ իրականացնել:
Ուրեմն պէտք էր հարուածել հայութեան ուժը:
Պէտք էր հարուածել ՀՅ Դաշնակցութիւնը:
Հարուածել ՀՅԴ-ն` կը նշանակէր հարուածել հայութիւնը:
Հետեւաբար, հարուածեցին ընկ. Սարգիս Զէյթլեանը, հարուածեցին ընկ. Աբոն եւ ընկ. Սարգիս Ազնաւուրեանը:
Հարուածը եկաւ Թուրքիոյ կողմէ` ուղղակի կամ վարձկան հայանուն դաւաճաններով:
Իսկ այս կիսանդրի՞ն:
Կիսանդրին պարզ գեղարուեստական կոթող մը չէ, կամ` պատուանդանի վրայ դրուած պրոնզեայ արձան:
Ա՛յս կիսանդրին ընկ. Սարգիս Զէյթլեանն է:
Անիկա յուշարար է, զգաստութեան հրաւէր: Իրեն հետ ապրելու, իրմէ ներշնչուելու հրաւէր է այս կիսանդրին:
Երբ մուտք գործենք այս շրջափակէն ներս, նախ պարտինք բարեւել ընկ. Սարգիս Զէյթլեանին ու լրջանալ եւ տեսնել, թէ ի՛նչ խորհուրդ կու տայ կիսանդրին:
Ան հրաւէր է խիզախութեան, հրաւէր է խրոխտ կեցուածքի, հրաւէր է քաղաքական հասունութեան, հրաւէր` հայկական օրիանթացիայի, անզիջող հայու ազգային արժէքներն ու հայ ժողովուրդի շահերը գերադաս նկատող աննկուն պայքարի ու խիստ հրաւէր, զգօնութեան հրաւէր` ուղղափառ եւ ուղի դաշնակցականութեան:
Սիրելինե՛ր,
Այս արձանը բազմիմաստ, խորախորհուրդ արժէք է:
Զգաստութեան հրաւէր է` իրաւ դաշնակցական աւանդի վերականգնման, իրաւ հայու արի տիպարի վերընձիւղման:
Փոթորիկ էր ընկեր Սարգիս Զէյթլեան:
Իսկ այս կիսանդրին փոթորիկ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի հրաւէրն է նոր փոթորիկներու:
* Խօսք` արտասանուած 3 օգոստոս 2023-ին, Այնճարի մէջ` Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացման հանդիսութեան:
«Ազդակ»