Ո՞ւր է արդարութիւնը այս ոճիրին դիմաց
02 Հոկտեմբեր 2023
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի պատգամը ի պաշտպանություն
Արցախի եւ Հայաստանի հավաքի մասնակիցներին
1 հոկտեմբեր 2023թ. Բրյուսել
Սիրեցեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Ձեզ կ՚ ողջունենք Սուրբ Համբոյրով։
Հայ ժողովուրդը դժուարին ժամանակներ կ՚ ապրի այսօր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Հաւաքուած էք բողոքելու, դատապարտելու եւ պահանջելու հայոց իրաւունքները, արժանաւոր կերպով ապրելու իր հայրենի հողին վրայ, ազատ եւ անկախ պետութիւն ունենալու, նախնեաց քրիստոնեական հաւատքն ու կրօնքը դաւանելու եւ դարաւոր մշակոյթն ու լեզուն պահելու եւ զարգացնելու։
Եթէ իսկապէս կ՚ ուզենք օգնութեան հասնիլ մեր տարապեալ հայ ժողովուրդին՝ որ ենթարկուած է այժմ սովի, հիւանդութեան, պատերազմի արհաւիրքին, իրաւունքներու ոտնակոխման եւ պետական ցեղասպանութեան սպառնալիքին եւ վտանգին. կարիքը ունինք աշխարհիս եւ մանաւանդ Եւրոպայի պետութիւններուն միջամտութեան եւ յստակ ու անկողմնակալ միջոցառումներուն կասեցնելու համար դրացի երկիրներուն արիւնարբու յարձակումները եւ դատապարտելի ոտնձգութիւնները։ Այս է գործնական քայլը որ կը պահանջենք այս պահուն։ Զօրակցութեան, կարեկցութեան եւ դատապարտութեան յայտարարութիւնները ոչ մէկ բանի չեն ծառայեր։ Մեզի համար ոչ մէկ նշանակութիւն չունին այսօր։ Մեր սրբազան հողերուն վրայ կ՚ ապրէին նորածիներ, մանուկներ, տարեցներ եւ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ որոնք բռնեցին գաղթի ճամբան ու շատեր հաստատուեցան հայրենի հողին վրայ։ Անոնք պակասը ունին դեղօրայքի, հացի, կաթի, ուտեստեղէնի, ապաստարանի եւ մարդկային արժանապատուութեան։ Անոնք ոչնչացումի եւ մահուան սպառնալիքի տակ են։
Ո՞ւր է միջազգային հասարակութեան խիղճը։ Ո՞ւր է արդարութիւնը այս ոճիրին դիմաց։
Անհրաժեշտ է վճռական դիրքորոշումը միջազգային ազգերու եւ Եւրոպայի միութեան կազմակերպութեանց, կասեցնելու համար նոր ցեղասպանութեան մը արհաւիրքը եւ փրկելու վտանգուած բնակչութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի։
Կը պահանջենք միջազգային ուժերու տեղադրումը Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ, ապահովելու համար բնակչութեան անվտանգ վերադարձը, ապահով կեցութիւնը եւ ազատ ինքորոշումը, անկախ եւ քաղաքակիրթ պետութիւն ունենալու։
Մեր սրտաբուխ աղօթքներով ձեզի կը միանանք եւ կը հայցենք Աստուածային օրհնութիւնները ձեր վրայ որ յաջողութեամբ պսակուի ձեր այս հայրենասէր եւ ազգասէր հաւաքը։
Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց