Հանգուցեալ Ազգային Գործիչ Եւ Ղեկավար Վարդան Ֆնտքեան
23 Դեկտեմբեր 2023
Վարդան Ֆնտքեան
Վարդան Ֆնտքեան ծնած է 1 Օգոստոս 1930ին, Խրիմի Նովոյա Պուրուլճա գիւղին մէջ: Ներսէս եւ Իսկուհի Ֆնտքեաններուն երրորդ զաւակն էր՝ Արաքսիի եւ Անահիտի փոքր եղբայրը: Ան անուանուեցաւ Վարդան՝ ի պատիւ իր մեծ մեծ հօր:
Քաղաքական ճգնաժամային պայմանները ստիպեցին, որ ընտանիքը փախուստ տայ իրենց գիւղէն: Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի վերջաւորութեան, ընտանիքը ապաստան գտաւ Գերմանիա, Նէօքնքիրշըն գիւղին մէջ, ուր ենթարկուեցան բռնի աշխատանքի:
Պատերազմի աւարտին, ընտանիքը փոխադրուեցաւ Շթութկարթի Ֆունքեր Քազերնի DP-ներու ճամբարը: Հոն էր որ կազմուեցան ապագայ Մոնթեպելլօ գաղութի սերտ յարաբերութիւնները՝ հիմնելով դպրոց, եկեղեցի եւ կուսակցական կառոյց:
Երիտասարդ Վարդանը այս օրինակը որդեգրեց՝ իբրեւ իր կեանքի ուղին՝ հայը հայ պահել՝ Հայաստանի համար:
1949ին, Ճորճ Մարտիկեանի եւ Անչային առաջնորդութեամբ՝ Ֆնտքեանները հաստատուեցան նախ ֆիլատելֆիա, ապա՝ Տիթրոյիթ եւ վերջապէս՝ Մոնթեպելլօ:
Վարդան Ֆնտքեան Տիթրոյթի նահանգային Ուէյն համալսարանին մէջ (Wayne State university) սկսած իր ուսումը աւարտեց Լոս Անճելըսի Նորթրոփ արհեստագիտական հիմնարկին (Northrop Institute of Technology) մէջ, ուր ստացաւ իր Bachelor of Science-ի վկայականը եւ սկսաւ իր ասպարէզը՝ իբրեւ Aerospace-ի ճարտարագէտ: Ան առաւել քան 30 տարիներ աշխատեցաւ Rockwell International (Boeing) ընկերութեան մէջ, ուր իր մասնագիտութիւնը բերաւ բոլոր Apollo, ինչպէս նաեւ Explorer, Space Shuttle եւ Space Station նախաձեռնութիւններուն:
Վարդան Ֆնտքեան ազգային հերոս Միսաք Թորլաքեանի հետ, 1966
Անոր անունը արձանագրուած է ցանկի մը վրայ, որ տեղադրուեցաւ լուսինին վրայ, Apollo 11-ին միջոցաւ, 1969ին:
Վարդանը Սոնա Մինասեանին ծանօթացաւ 1960ին, Մոնթեպելլոյի մէջ, ուր Սոնան փոխադրուած էր Աղիքսանդրեայէն՝ իր համալսարանական ուսումը շարունակելու համար: Անոնք ամուսնացան 1961ին եւ ունեցան 3 զաւակներ՝ Կատարինէ, Ալիս եւ Արամ:
Վարդան Ֆնտքեան ՀՅԴ Շրջանային ժողովին, 1967ին
Մինչ այդ, Վարդանի գաղութի գործունէութիւնը բազմապատկուեցաւ: Հայութիւնը նախաձեռնեց հիմնել վարժարան մը, եւ Վարդանը ունեցաւ իր մեծ ներդրումը՝ հիմքը դնելով յառաջիկայ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան: Մեսրոպեանը կը մնայ Քալիֆորնիոյ միակ դպրոցը, որ չի կրեր բարերարի մը անունը, այլ՝ կը ներկայացնէ գաղութի մը հաւաքական ճիգերը: Այս կ՛արտացոլէ Վարդանի աշխատանքի մօտեցումը:
Վարդան եւ Սոնա Ֆնտքեան բարերար ամոլը (կեդրոնը) ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէներու անդամներու հետ
Վարդանը 100 տոկոսով իր մասնակցութիւնը բերաւ այս գաղութի բոլոր կենսական հայապահպանման աշխատանքներուն՝ յուշարձանի կերտում, Հայ կեդրոն, եկեղեցի, ՀՕՄի մանկամսուր, ՀԵԴի ճամբար, ուր կազմուեցան սերտ յարաբերութիւններ, եւ որոնց արդիւնաւէտ ազդեցութիւնը պատճառ եղաւ մեր գաղութի բարգաւաճման:
Վարդան եւ Սոնա Ֆնտքեան բարերար ամոլը Արցախի մէջ կը կատարէ բացումը «Թորլաքեան-Ֆնտքեան» Երիտասարդական կեդրոնին
Վարդանը եղած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէներու անդամ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ: Հայ ժողովուրդի շարունակական յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով, Վարդանը նետուեցաւ նաեւ Ամերիկեան քաղաքական աշխատանքներուն մէջ, ուր ընտրուած թեկնածուներ հայանպաստ որոշումներ պիտի առնէին: Վարդանը իր մտերիմ բարեկամներուն՝ Աբրահամ Արծրունեանի եւ Պորիս Կիրակոսեանի հետ ստեղծեցին Bingo-ն, որուն նիւթական շահերը գործածուեցան գաղութի կենսական շահերը գոհացնելուն: Այժմ, մեր այլ գաղութներն ալ կը հետեւին այս օրինակին՝ իրենց հայանպաստ աշխատանքներու յաջողութիւնը ապահովելու համար:
Վարդան Ֆնտքեան
Չորս տարիներ առաջ, մեր կորսնցուցած գեղեցիկ Արցախի մէջ, Վարդանը եւ Սոնան հիմնեցին Թորլաքեան-Ֆնտքեան կեդրոնը:
Բայց ընտանիքն էր, որ Վարդանին ամէնէն շատ հաճոյք կը պատճառէր: 1991ին, Ալիսը ամուսնացաւ Վիգէն Անմահունիին հետ եւ Վարդանը բախտաւորուեցաւ 2 աննման թոռնիկներով՝ իր աչքի լոյսերը՝ Վարանդը եւ Դուինը: 2009ին Կատարինէն ամուսնացաւ Րաֆիկ Թորոսեանի հետ. դժբախտաբար վեց տարի ետք, Րաֆիկը կորսնցուցինք:
Վարդանը շատ կը սիրէր ընտանեկան հաւաքները եւ երիտասարդներուն քով տան հանդիպումները: Բարեբախտաբար, անցեալ տարի ան կրցաւ տեսնել Դուինի եւ Սագոյի նշանտուքը:
Վարդան իր ամէնէն թանկագին օրերը եւ վերջին շունչը անցուց՝ շրջապատուած իր ընտանիքի անդամներով: